Ով գնաց, ով մնաց

Պատերազմի գօտիներու մէջ ապրող մարդոց մօտ, կամայ թէ ակամայ, մարտական տրամադրուածութիւնը աւելի բարձր կ‘ըլլայ: Միլան Քունտէրայի 60-ականներու Չեխիայի մասին Unbearable Lightness of Being վէպի հերոսներն ալ սկիզբը այդպիսի մարտական տրամադրուածութեամբ կը պայքարէին յանուն իրենց հաւատացած ճշմարտութեան, մինչեւ իրենց հիասթափումը եւ ամէն մէկուն իր ճամբով հեռանալը:

Անոնցմէ ոչ մէկը տկար մարդ էր: Անոնք չընդունեցին քծնիլ եւ յարմարիլ: Ընդդիմադիր հայացքներով բժիշկ Թովմասը իր համարձակ ֆոթոլրագրող կնոջ՝ Թերեզայի հետ երկար պայքարէ եւ թափառելէ ետք քաղաքը կը լքէ եւ կ՚անցնի գիւղ: Իսկ Սապինան, ըմբոստ արուեստագէտուհին, որ նկարչութեան միջոցով կը քննադատէր Համայնավար իշխանութիւնները, ի վերջոյ կը թողէ ամէն բան եւ կ՚անցնի Ամերիկա:

Այսօր Սուրիոյ մէջ ապրող մարդոց, ներառեալ հայութեան մօտ եւս, կայ այդպիսի մարտական տրամադրուածութիւն իրենց դիմագրաւած դժուարաութիւնները յաղթահարելուն նկատմամբ: Կան մարդիկ, որոնք իսկապէս կարողութիւնը ունին երկիրը լքելու եւ հեռանալու, գոնէ ժամանակաւորապէս, սակայն տակաւին կը փորձեն մնալ եւ պատերազմական պայմաններուն ստեղծած դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն դէմ պայքարիլ: Եւ քանի որ այս Միլան Քունտէրայի վէպը չէ, այս պարագային երկրի մէջ մնացող մարդոց մօտ այդ տրամադրուածութիւնը երբեմն այնպիսի մակարդակներու կը հասնի, որ կը սկսին երկրէն հեռացողները մեղադրել, այպանել, երբեմն ալ (ազգիս սիրած գործը) զանոնք դաւաճան պիտակել:

Անշուշտ կան ոմանք, որոնք այդտեղ տարիներով պաշտօններու վրայ եղած են եւ այսօր նեղ պահին ժողովուրդը լքած եւ հեռացած են: Անոնց մասին խօսք չկայ այստեղ: Խօսքը կը վերաբերի հասարակ քաղաքացիներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի դիմադրողականութեան տրամաբանական սահման մը, որմէ ետք այլընտրանքներ պիտի փնտռէ, եւ այդ այլընտրանքներէն մէկն ալ ժամանակաւոր կամ ընդմիշտ հեռանալն է: Իսկ մնացողները ո՛չ հերոսներ են, ո՛չ ալ հեռացողներէն գերադաս, ո՛չ ալ երկրի գացած ուղղութեան մասին ուրիշներէն աւելի ըսելիք կրնան ունենալ: Ուղղակի երրորդ հազարմաեակ թեւակոխած աշխարհիս մէջ, մարդոց ազատ տեղաշարժի եւ կեանքի ընդունելի պայմաններու ընտրութեան իրաւունքը լաւ ըմբռնելը հերիք է այսպիսի թիւրիմացութիւններու մէջ չգտնուելու համար:

Մնալու կամ հեռանալու միջեւ ընտրութեան առումով ներկայիս Հայաստանի ժողովուրդին մօտ տիրող հոգեբանութիւնը շատ ալ չի տարբերիր այսօրուայ Սուրիոյ, 60-ականներու Չեխիայի, կամ այլ տաքնապալի վայրերու մէջ տիրող մթնոլորտէն: Սակայն համեմատութիւնը այստեղ կը վերջանայ, որովհետեւ ի տարբերութիւն Սուրիոյ, Հայաստանը համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ ապրող երկիր է, եւ ինչպէս որ բարձրաստիճան պաշտօնեաները տօնակատարութիւններու եւ արտերկիր այցելութիւններու ժամանակ յաճախ կը կրկնեն, Հայաստանը աշխարհասփիւռ հայութեան տունն է եւ անոնք բոլորը հրաւիրուած են միասին շէնցնելու եւ ծաղկեցնելու այս երկիրը:

Դժբախտաբար քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկրի գացած ուղղութիւնը չի համապատասխաներ կատարուած յայտարարութիւններուն: Վերադառնալով Միլան Քունտէրայի պատգամին, ո՛չ գացողները մեղաւորներ են, ո՛չ ալ մնացողները հերոսներ են: Խնդիրը այլ հարթակի վրայ պէտք է դիտել: Կարճ ըսած, այսպիսի իրավիճակներու իսկական պատասխանատուն մարդոց կեանքերը հեշտացնելու համար կոչուած կառավարութիւններու անտարբերութիւնն է:

Մեկնաբանել