Հերոսութիւն՝ Սուրիահայութեան Հաշւոյն

Երեւանի մէջ սուրիահայ ըլլալը 24 ժամուայ շուրջօրեայ աշխատանք է:

Սկսած առաւօտ վարձակառքի վարորդին «հիմա ընտեղ ո՞նց ա վիճակը» բացատրելով, ճամբան հանդիպած ծանօթներուն ապրած փորձառութիւնդ համբերութեամբ պատմելով, հազիւ շունչ մը քաշելու համար նստած տեղդ կողքի սեղաններէն գործազուրկ սուրիահայերու նիւթերը լսելով եւ մինչեւ տունը՝ երեկոյեան համակարգիչէն դուրս ցատկող զանազան ֆէյսպուքեան հայավարի քննարկումները վայելելով: Այսպիսով բաւական ճոխ եւ սպառիչ է վերջերս Սուրիայէն Երեւան հասնողներուն օրակարգը:

Այս բոլորը կարծես հերիք չէր, վերջերս սուրիահայութեան ճգնաժամը նաեւ Թուրքիոյ պետական պաշտօնատարներուն եւ անոնց արբանեակներուն բերնին ծամոնի վերածուեցաւ, այդ մէկը նաեւ ի շնորհիւ՝ մի ոմն հայ «ակտիվիստի»:

Քանի մը շաբաթ առաջ ԱՄՆ Սպիտակ Տան պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուեցաւ ստորագրահաւաք մը, որուն հեղինակ հայ «ակտիվիստը» կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ սուրիահայ փախստականներուն համար: Այդտեղ յիշուած է, թէ այժմ Սուրիոյ մէջ մօտաւորապէս 200 հազար հայեր կան եւ Հայաստան-Թուրքիա փակ սահմաններուն պատճառով անոնք դժուարութիւն ունին այդտեղէն հեռանալու եւ Հայաստան ապաստանելու: Հակառակ անոր որ վերջին անգամ թերեւս 30-ականներուն հազիւ թէ այդքան հայ գոյութիւն ունէր Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ միայն քանի մը ժամ աւելի երկար ճամբորդելով՝ Վրաստանի ճամբով դիւրութեամբ կարելի է հասնիլ Հայաստան, սակայն այստեղ կան աւելի կարեւոր հարցեր, որոնց պէտք է անդրադառնալ:

Ճիշդ է, որ 21-րդ դարուն փակ սահմաններ պէտք չէ մնան, սակայն սուրիահայութեան ճգնաժամը սխալ տեղ օգտագործելով ոչ մէկ սահման կը բացուի, այլ՝ ընդհակառակը: Ահա թէ ինչպէս լաւ դատ մը կարելի է փճացնել անպատասխանատու քայլերով եւ դատարկ պնդումներով:

Նախ, նման պահանջք մը ԱՄՆ Սպիտակ Տան կայքէջին միջոցով ներկայացնելը ի՞նչ իմաստ ունի: Եթէ այդ կայքէջը նման հնարաւորութիւն կուտայ, արդեօք անպայման պէտք է, որ մեր մտքէն անցած իւրաքանչիւր գաղափար այդ միջոցով «դատի» վերածենք, կարծես թէ մեր բոլոր միւս դատերը լուծած ենք… Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման արդար պահանջքը եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան նիւթը աւելի վատ ձեւով կարելի չէր վարկաբեկել, քան այսպիսի տեղ մը հանրութեան առջեւ սակարկութեան նետելով՝ արժանանալու համար ընդամէնը քանի մը հարիւր ստորագրութեան եւ կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ դատարկ խանդավարութեան:

Արդեօք ԱՄՆ կառավարութիւնը որքա՞ն մտահոգուած է օնլայն ստորագրահաւաքներով: Հարցումը նոյնիսկ զաւեշտալի կը թուի: Միթէ աւելի ճիշդ չէ՞, որ նման պահանջք մը Սպիտակ Տան ներկայացնող Հայաստանի քաղաքացին նախ իր սեփական կառավարութեան դիմէ լուծումի առաջարկով, եթէ իսկապէս մտահոգուած է սուրիահայութեան ճակատագրով: Իսկ աւելի տրամաբանական չէ՞, եթէ ընդհանրապէս նման պահանջք մը կայ սուրիահայութեան մօտ, այդ մէկը ուղղակի իրենք բարձրաձայնեն՝ առանց միջնորդի: Ինչո՞ւ յաճախ ամէն հայ կը կարծէ, որ ինքն է իր աշխարհասփիւռ ժողովորդի հատիկները փրկելու կոչուած ասպետը…

Այսպիսի լաւ առիթ չէր կրնար գալ Թուրքիոյ կառավարութեան ոտքերուն, որ չուշացաւ յայտարարելու, թէ Թուրքիան 150 հազար սուրիացիներու կ’օժանդակէ՝ առանց խտրականութեան: Ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, թէ եթէ Սուրիահայութեան կողմէ ցանկութիւն ըլլայ, կարող են Թուրքիոյ մէջ հայերու համար յատուկ փախստականներու ջամբար յատկացնել…

Ոչ միայն այսքան, ասիկա տարբեր միջազգային հանդէսներու մէջ գրող թուրք հեղինակներուն համար ալ առիթ մը եղաւ ղարաբաղեան հարցէն մինչեւ փրոթոքոլներուն մէջ մեղքը Հայաստանի վիզին փաթթելու եւ նման բովանդակութեամբ յօդուածներ հրապարակելու:

Ահա թէ ինչպէս անգամ մը եւս ազգովի խայտառակ եղանք, երբ հայ «ակտիվիստը», ըստ հին ու բարի հայկական սովորութեան, հայութեան գլխուն եկած ամէն չարիք Թուրքիոյ վերագրելով, հայոց զգայուն լարին վրայ նուագելով եւ «ռազմահայրենասիրական» ձեւերով ժողովրդականութիւն կը փնտռէր:

Անդինը, Սուրիոյ մէջ, երբ մարդիկ մահ ու կենաց պայքարի մէջ են, ոմանք անոնց անունով հերոսանալու պատրանքով յափշտակուած են, ըլլան անոնք լրագրողներ, ակտիվիստներ կամ այսպէս կոչուած վերլուծաբաններ: Եթէ Երեւանի մէջ սուրիահայ ըլլալը արդէն հոգնեցուցիչ կը թուի, այսպիսի լուրեր լսելով Հալէպի մէջ ապրիլը, որպէս հայ կամ արաբ առհասարակ, այդ արդէն ամէնօրեայ Գողգոթա է…

Մեկնաբանել