Հայաստանի Մշտական Տոնկիշոտները

Իսթանպուլի ըմբոստութիւնները անգամ մը եւս եկան փաստելու Հայաստանի հասարակական ակտիվիստներու գաղափարական սնանկութիւնը:

Աշխարհի տարբեր կողմեր բռնատիրական կառավարութիւնները վայրագութեամբ կը փորձեն ճնշել իրենց ժողովուրդները, սկսած Չինաստանէն, հասնելով Պուրմա, Իրան, Ազէրպէյճան, Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներ եւ դեռ շարքը երկար է: Իսկ բնականաբար, բարի կամեցողութենէ մղուած կարելի է ըսել, որ բոլոր ժողովուրդները պէտք է ունենան այն ղեկավարութիւնը եւ վարչակարգը, զորս իրենք կամ իրենց մեծամասնութիւնը կը ցանկայ, ըլլան անոնք չինացիներ, արաբներ, ֆրանսացիներ, հայեր թէ թուրքեր:

Սակայն Հայաստանի այսպէս կոչուած «հասարակական ակտիվիստները» այս անգամ արդէն անցած են Երկրի եւ երեւակայութեան սահմանները եւ հասած են… Իս-թան-պուլ: Երկու օր առաջ Ֆէյսպուքի վրայ յայտնուեցաւ հերթական առցանց ստորագրահաւաքը: Այս անգամուայ վերնագիրն է «Զօրակցութիւն Հայաստանէն Իսթանպուլի ցուցարարներուն»:

Ակտիվիստները իրենց նախաձեռնողականութիւնը կը բացատրեն այն բանով, որ «Հայաստանի իշխանութիւնները էապէս չեն տարբերիր թուրքական իշխանութիւններէն» եւ դժուար թէ նման նախաձեռնութեամբ իշխանութիւնը հանդէս գայ: Անոնք իրենց ուղերձներուն մէջ կը խօսին «Հայաստանի հասարակութեան» անունով:

Իշխանութիւններուն մասին խօսելու առիթը կը թողենք իշխանութիւններուն, սակայն ամբողջ հասարակութեան անունով հանդէս գալը արդէն ոչ թէ միայն Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի խնդիրն է, այլ նաեւ քաղաքական խնդիր է:

Բոլոր այն պնդումները, թէ այս մարդասիրական զօրակցութիւն է եւ կապ չունի քաղաքականութեան հետ, գռեհկութեան արդիւնք են եւ ժողովուրդի մտաւոր կարողութիւններու ծաղրանք: Հայաստանը երկու տասնամեակէ ի վեր Թուրքիոյ կողմէ շրջափակման մէջ կ՚ապրի եւ այդ երկրի հետ ունի քաղաքական, տնտեսական, պատմական, ընկերային եւ շարք մը բարդ խնդիրներ: Իսկ անոնք, որոնք խնդրի մարդկային կողմը կը դասեն այս բոլորէն վեր, ո՞ւր էին տասնամեակներէ ի վեր իր իրաւունքներուն համար պայքարող քուրտ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելու համար: Տիարպէքիրը Իսթանպուլէն աւելի մօտ է Հայաստանին, եւ հայերը քուրտերու հետ կիսելու աւելի շատ բան ունին, քան Թաքսիմի զիլ մասսաներուն հետ: Եթէ այսօր Իսթանպուլի պատկերները պատերազմական իրավիճակ կը յիշեցնեն, Տիարպէքիրը տարիներ շարունակ այդ իրավիճակին մէջ կ’ապրի: Հայ խաղաղասէր-մարդասէրները ոչ մէկ անգամ զօրակցութիւն յայտնած են Քուրտիստանի ցուցարարներուն, հակառակ անոր, որ ամէնէն երեւելի քուրտ ղեկավարները, կուսակցութիւնները եւ քուրտ հասարակութեան մեծ մասը բազմիցս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Անդինը ականատեսներու վկայութեամբ Իսթանպուլի ցուցարարներէն մաս մը կը յարձակի Իսթիքլալ փողոցի վրայ գտնուող Յունական դեսպանատան վրայ եւ «քուրտ, յոյն, հայ, Էրտողան, հեռացիր» վանկարկելով մեծ վնասներ կը պատճառեն: Հայ ակտիվիստներու շատ սիրած օնլայն տարածքի վրայ ալ թուրք «օնլայն ցուցարարներու» հայութեան հանդէպ հայհոյանքները պակաս չեն մնար:

Ցուցարարներուն մէջ շատ մեծ է թիւը անոնց, որոնք Աթաթուրքի նկարներով իջած են «բարեփոխման» եւ «յեղափոխման» պահանջքներ ներկայացնելու: Սակայն վերջին տասնամեակի ամէնէն մեծ բարեփոխումներէն մէկը Թուրքիոյ մէջ Աթաթուրքի պաշտամունքի նուազեցումն էր…

Հակառակ այս բոլորին, հայ ակտիվիստները անվերապահ «կը սատարեն» զանոնք: Դժբախտաբար առաւելագոյնը քանի մը հարիւրը չգերազանցող այս հայ ակտիվիստները,անգամ բոլորը հաւաքաբար, չեն կրնար թուել Թուրքիոյ վերջին հինգ վարչապետներուն կամ անոնց պատկանած կուսակցութիւններուն անունները, կամ գէթ Թուրքիոյ եօթն ամէնէն մեծ քաղաքներուն անունները…

Իսկ նորէն բարի կամեցողութեամբ մօտենալով, արդարութեան եւ մարդկային արժէքներու սիրոյն Թուրքիոյ ցուցարարներուն սատարելով, անոնք հաւանաբար աւելի շատ վնաս կը պատճառեն անոնց, քան օգուտ, նկատի առնելով, որ Թուրքիոյ լայն շրջանակներուն մէջ հայ ըլլալը տակաւին նուաստացուցիչ կը սեպուի եւ նման շարժման մը հայութեան հետ առնչուիլը բնաւ օգտակար չի կրնար ըլլալ, որքան ալ քանի մը հարիւր ազատամիտ թուրքեր հակառակը պնդեն:

Սպասելով հայ ակտիվիստներու յաջորդ արկածախնդրութիւնը, կը մնայ միայն յուսալ, որ օնլայն ստորագրահաւաքներու կայքէջները տեսնելով այս անճառակութիւնները՝ գթասիրտ գտնուին եւ դադրեցնեն իրենց ծառայութիւնները Հայաստանի մէջ: Թերեւս այդ ժամանակ միայն իրենք զիրենք «հայ ակտիվիստներ» կոչողները սկսին աւելի լրջօրէն հետաքրքրուիլ իրենց երկրով եւ անոր առօրեայ խնդիրներով եւ օնլայն տարածքներէ հեռանալով իրենց իրական կեանքին մէջ փորձեն փոփոխութիւններ կատարել:

Մեկնաբանել