Արժանապատուութիւն

Սուրիոյ մէջ առաջին հակակառավարական ցոյցերէն աւելի քան 1000 օր անց, այսօր ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ մը, ուր կան 9,3 միլիոն կարիքաւոր մարդիկ, որոնց կէսը երեխաներ են: ՄԱԿ-ի կանխագուշակումներուն համաձայն, 2014-ին այդ թիւը պիտի հասնի 16 միլիոնի: 1,9 միլիոն երեխաներ դպրոցէ հեռու կը գտնուին: 2,3 միլիոն սուրիացիներ հարեւան երկիրներու մէջ փախստական դարձած են: Հացի գինը աւելցած է 500 անգամ եւ սովամահութիւնը հիմնական վտանգ դարձած է: Մինչեւ այսօր զոհուողներուն թիւը անցած է 125 հազարը, որուն գերակշիռ մասը խաղաղ բնակիչներ, կանայք, ծերեր եւ երեխաներ են: Անդինը, կան նաեւ 200 հազար քրոնիկական հիւանդութիւններու զոհեր: 700 հազար վիրաւորներ, որոնց 200 հազարը հաշմանդամ դարձած են: 1.5 միլիոն բնակարան աւերուած է: Երկրի տնտեսութեան վնասը մինչեւ այսօր կը կազմէ 72 միլիառդ տոլար: Սուրիական տաքնապը եթէ այսօր աւարտի, 160 միլիառդ ԱՄՆ տոլարի եւ 10 տարուայ պէտք պիտի ունենայ, որ երկիրը կարենայ վերագտնել իր 2010-ի վիճակը:

Միւս կողմէն, Դեկտեմբեր 11-ին Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցան շարք մը միջազգային արուեստագէտներ: Այդ բեմին վրայ սուրիական մշակոյթը ներկայացուց երկրի արեւելեան անապատի շրջանէն եկած հարսանեկան խրախճանքներու երգիչ մը: Պահ մը պատկերացուցէք, թէ Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակի հանդիսութիւնն է եւ այդ տարուայ համար որոշուած է, որ մեր ժողովուրդի մշակոյթը ներկայացնող արուեստագէտ մը ելոյթ պիտի ունենայ: Պատկերացուցէք, թէ այդ համաշխարհային բեմին վրայ հայկական մշակոյթը ներկայացուի Երեւանի հասարակ խորովածանոցի մը անտաղանդ երգիչի մը կողմէ: Այսպէս եղաւ Սուրիոյ պարագային եւ կատարուածը պարզապէս նոր ու թարմ օրինակ մըն էր արեւմտեան աշխարհի կողմէ Արեւելքի հանդէպ կիրառուած մշակութային գաղութատիրական եւ օրիէնթալիստական մօտեցման:

Յուլիս 2011, Համա, Սուրիա

Միայն համեմատութեան համար եթէ յետադարձ հայեացքով նայինք, 2009 թուականի Հոկտեմբերին Սուրիան Եւրոպական Միութեան հետ երկար տարիներու բանակցութիւններու արդիւնքով գոյացած առեւտրային ասոցացման համաձայնագրի (չշփոթել Արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագրին հետ) ստորագրումը յետաձգեց, «աւելի շատ սերտողութեան» կարիք զգալուն համար: Այդ օրերուն Եւրոպական Միութիւնը զարմանքի մէջ յայտնուած էր: Իսկ այսօր Սուրիան համաշխարհային թատերգութեան մը մէկ մասն է, որուն մէջ աշխարհին առջեւ կը ներակայանայ «Ասատի վարչակարգով», «Ալ-Քայիտայով» եւ «հարսանեկան երգիչով մը»:

Կրնայ զարմանալի թուալ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կարելի է համեմատել Սուրիոյ կամ այլ Միջին Արեւելքի երկիրներու օրինակները հայաստանեան տարբեր իրավիճակներու հետ: Սակայն եթէ նկատի առնենք, թէ Հայաստանի պարագային եւս կայ օրիէնթալիստական մօտեցում, այդ երբեք զարմանալի կամ տարօրինակ պէտք չէ թուի:

Իսկ աւելի կարեւորը, Հայաստանի մէջ ալ խնդիրի էութիւնը գրեթէ նոյնն է, ըստ որուն՝ սկսան Միջին Արեւելքի թէ առհասարակ աշխարհի վրայ տարբեր բողոքի շարժումները: Կայ արժանապատուութեան սուր խնդիր: Այսօր Հայաստանի քաղաքացին երկրէն կը հեռանայ, հիմնականօրէն իր արժանապատուութեան ոտնակոխման հետեւանքով, արժանապատիւ կեանքի վերաբերեալ յոյսը կորսնցնելուն հետեւանքով:

Ճիշդ է, որ օտար ամայի ափերու վրայ գաղթական կեանքին մէջ աւելի մեծ արժանապատուութիւն չկայ: Սակայն սեփական երկրի վրայ անարգուած ու ոտնակոխուած ըլլալը եւ ատիկա սրբագրելու որեւէ հեռանկարի բացակայութիւնը մարդս կը մղէ ամէն տեսակի անյոյս քայլերու:

Հայաստանի մէջ, բոլորէն առաջ ոչ իշխանական եւ ընդդիմադիր ուժերը պէտք է դասեր քաղեն տարբեր երկիրներու փորձերէն (քանի որ իշխանութենէն ընդհանրապէս որեւէ լաւ յոյս չկայ), ու անգամ եթէ նորութիւններ չսորվին, գոնէ ճանչնան եւ իմանան երկրի մը մէջ փոփոխութիւններ բերելու որ միջոցները արդիւնաւէտ չեն: Իսկ արդիւնաւէտ միջոցներու ստեղծումը դժուար, բայց խիստ կարեւոր է, որպէսզի յաջորդ տարուայ աւարտին ժողովուրդը կարենայ մտածել իսկական քաղաքական պայքարի, տնտեսական զարգացման, արդիւնաւէտ սոցիալական ապահովութեան մասին… որպէսզի չդառնայ ցաւալի վիճագրական տուեալներ եւ հազիւ հասցնէ արժանապատուութեան մնացորդացին մասին մտածելու…

Մեկնաբանել