Ո՞ւր են ձեր #hashtagները

Անցած շաբաթուայ մէջ համարեայ ամէն առաւօտ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ յարձակման եւ զոհերու մասին լուրերով արթնցանք: Հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման դէպքերը այնքան մեծածաւալ, յաճախակի եւ աչք ծակող էին, որ այս անգամ միջազգային մամուլը նոյնիսկ անդրադարձաւ կատարուածին: Վերջին շաբաթներուն սաստկացած այս յարձակումները նաեւ զուգորդուած էին ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեամբ, որ ինքնին արդէն հսկայ պատերազմի դաշտ մըն է: Այս բոլորին հանդերձ, սփիւռքահայ մամուլը ոչ համարժէք մօտեցում ցուցաբերեց եւ խնդիրի լրջութեան համապատասխան զգօնութիւն եւ ուշադրութիւն չցուցաբերեց:

Օգօստոս 2-ի դրութեամբ հազիւ թէ քանի մը յայտնի ամերիկահայ մամուլի օրկաններ 200 բառերէ կազմուած կարճ լուրեր զետեղեցին իրենց կայքէջերուն վրայ: Իսկ Լիբանանի եւ Եւրոպայի հայկական մամուլի էջերուն վրայ համայնքային եւ նեղ-տեղական լուրերու կողքին վերջին օրերուն նոր երեւցաւ կատարուածին մասին ընդհանուր լուրի տեսքով կէս-բերան յօդուածներ: Ասիկա այնպիսի իրադարձութիւն մըն էր, ուր հայկական մամուլը Սփիւռքի մէջ հայերէն եւ մա՛նաւանդ օտարալեզու յօդուածներով պէտք է հեղեղէր ամբողջ համացանցը եւ social media-ն: Կատարուածի տարողութեան եւ հետեւանքներուն հետ համեմատած, Սփիւռքի հայկական մամուլը գրեթէ լուռ էր, թոյլ ու քնացած…

Այս անգամ ո՛չ մեծ վերնագիրներ կային զոհերու թիւերուն մասին, ո՛չ hashtag-ներ, ո՛չ հայ դատի ստորագրահաւաքներ, ո՛չ ցեղասպանութեան յուշեր ու համեմատականներ, ոչ ալ Քիմ Քարտաշեանի սրտաճմլիկ թուիթները: Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ Քեսապի ու սուրիահայութեան հետ կապուած դէպքերուն ժամանակ ոտքի կանգնած աշխարհասփիւռ հայութիւնը հազիւ այսքան ուշադրութիւն ներկայացուց 1994-էն ի վեր Հայաստանի սահմաններուն վրայ կատարուած ամէնէն լուրջ յարձակումներուն նկատմամբ:

Ի հարկ է, ճիշդ չէ ամբողջ մեղքը Սփիւռքի մամուլին վրան բարդելը: Հայաստանեան մամուլի աժան ու կարկտան կայքէջէրու շարանը եւս օգտակար գործ չի կատարեր Ազրպէյճանական ու այլ տեղերէ ընդօրինակած իր ապատեղեկատուութեամբ: Հայաստանի մէջ քիչեր էին, որոնք կրցան վարկեանը վարկեանին հետեւիլ լուրերուն եւ ուղղակի աղբիւրներէն լուրեր ներկայացնել հանրութեան՝ հայերէնի կողքին նաեւ օտար լեզուներով:

Սակայն համեմատութիւն կատարելը ուղղակի անիմաստ է: Մանաւանդ վերջին օրինակներէն մեկնելով, կարելի է ըսել, որ եթէ Քէսապի հարցով համաշխարհային մամուլն ու համացանցը կրնանք թնդացնել ու Հայաստանի դէմ ուղղակի յարձակման նկատմամբ գրեթէ լուռ կը մնանք, ապա նոյնիսկ եթէ սահմանի վրայ հակառակորդին յաղթենք, մենք պարտուած ենք հոգեաբանական գետնի վրայ՝ մեր անցեալի բարդոյթներով, ինքնութեան տագնապներով եւ Հայրենիքի հասկացողութեամբ:

Մեկնաբանել