14 նոյեմբեր, 2020 16:02
Հալէպէն կը հետեւէի Արցախեան պատերազմին՝ մեր պատերազմին
Յաղթելու ենք յաղթում ենք յաղթեցինք
Բայց պարտուեցանք, պէտք է ընդունինք որ պարտուեցանք, չարաչար պարտուեցանք
Թէեւ աշխարհագրականօրէն շատ հեռու եմ Հայաստանէն, Արցախի կորսուած բաժինէն, Արցախի մեզի մնացած բաժինէն, թէեւ զէնքը ձեռքս առնելով պատերազմին չմասնակցեցայ, բայց հաւատացէք, ինչպէս համայն հայութիւնը ես ալ բաժնեկից դարձայ պատերազմի ամբողջ արհաւիրքին, ցաւեցայ, մեր մարդկային ամէն մէկ կորուստին համար, սիրտս անդիմանալի կսկծաց իւրաքանչիւր որդեկորոյս մօր սրտի հետ, ողբացի ամէն մէկ երիտասարդի կեանքի թելին կտրուելուն հետ, մարմնոյս բոլոր անդամները մինչեւ հիմա կը ցաւին մեր վիրաւորներուն հետ թէեւ տունը առանձին էի, բայց ամէն անգամ ոտքի եւ գլխիկոր կարդացի մեր զոհուած տղոց անունները Հիմա ալ բոլորիս հետ, ամէն մէկ հայու հետ կողբամ մեր մեր հողին մեզմէ խլուիլը Այսօր տեղեկացայ նաեւ որ զոհուած են նաեւ Հալէպի մեր տղոցմէ երեքը՝ Յարութը, Յակոբը եւ Մովսէսը՝ տղաք որոնք ութ տարի զէնքը ձեռքերնին պաշտպանած էին Հալէպի հայկական թաղերը անոնք ալ գացին միա