18 core.base.month.02, 2018 20:14
Հալէպ – Իրողութիւններ
Տակաւին հայկական թաղ կը կոչենք Նոր Գիւղն ու Սուլէյմանիէն, սակայն ո՛ր ժամուն ալ քալենք այս փողոցներէն, պիտի տեսնենք որ այլազգիներու գոյութիւնը կը գերակշռէ մերը՝ խումբերով քալող երիտասարդներուն եւ կիներուն, առաւել եւս փոքր տարիքի տղոց մեծ մասը հայեր չեն: Փողոցը քալողները կրնան ուրի՞շ թաղերէ եկած ըլլալ, շատ լաւ. սակայն ճիշդ չէ՞ որ մենք մեր խանութները կը ծախենք, ովքե՞ր են գնողները, նոյնիսկ եթէ նկատի չունենանք տագնապի անցնող վեց տարիները, թուացեալ խաղաղութեան տիրումէն ետք, այսինքն վերջին մէկ տարին ոեւէ հայ որեւէ խանութ գնե՞ց. որեւէ տո՞ւն: Մեր շէնքերը որոնց բացարձակ մեծամասնութեան բնակիչները հայեր էին, այսօր ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն. գրեթէ բոլոր շէնքերուն մէջ հիմա կան այլակրօն կամ այլազգի բնակիչներ՝ տանտէրեր կամ վարձուորներ: