23 սեպտեմբեր, 2017 14:46
Ես Հայաստանն եմ․ Մանուէլ Քէշիշեան
Իմ զաւակներս չե՞ն Թումանեանը, Իսահակեանը, Սիամանթոն, Վարուժանը, Շահնուրն ու Շուշանեանը, Որբունին, Սեւակը, Սահեանը, Ծառուկեանն ու Սիմոնեանը, Պիպէռեանը, Զահրատը, Խրախունին, Սարը Ասլանը, Հատտէճեանը, Սարոյեանը, Զէյթունցեանն ու Պլըտեանը, միւսները... Իսկ երգահա՞նս՝ Սողոմոնը՝ Կոմիտասը, հապա միւսները՝ Սպենդիարեանէն մինչեւ Ալան Յովհաննէսը, Ազնաւուրը, բոլորը իմ զաւակներս են, ես իրենց հայրենիքն եմ: Հապա նկարիչնե՞րս՝ Այվազովսքին, Սարեանը, Գառզուն, Մինասը...