28 հոկտեմբեր, 2019 09:59
Եւ հիմա, աննախընթաց այս ժողովրդային պոռթկումին ի տես, դասական բոլոր ուժերը, կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարները՝ կա՛մ սահմռկած են, շուարած ու անճռկած, կամ ալ շողոքորթողի խօսքերով կ՚ուզեն ժողովրդամէտ ու ցուցարարներու աջակից երեւիլ։
Իսկ ծիծաղելին այն է, որ դասական քաղաքական ուժերէն ոմանք, մոռնալով իրենց արտաքին կապերն ու ազդեցութիւնները, սկսած են միլիոնաւոր ցուցարարները ամբաստանել «օտար ուժեր»էն ղեկավարուելու յանցանքով։ Ու դարձեալ Սորոս, ու նորէն արեւմուտք, ու Ամերիկա, ու համաշխարհային սիոնիզմ...
Այս դասական ուժերը մեզի կ՚ըսեն, որ ժողովուրդի պոռթկումին ետին կանգնողները արտաքին խառնակիչներն են, այ միամիտներ, որոնք կ՚ուզեն երկիրը քար ու քանդ ընել եւ համաշխարհային սորոսիզմի իտէալները իրականութիւն դարձնել։ Հասկցա՞ք հիմա...