11 սեպտեմբեր, 2019 15:06
Նամակ երկրէն
Հայաստանի պետական պարտքը 7 միլիարդ տոլար է Անցեալ տարուան Մայիսէն մինչեւ այսօր, պարտքը նուազած է 120 միլիոն տոլարով Այլ խօսքով, այս ժամանակահատուածին կառավարութիւնը ոչ միայն չէ աւելցուցած, այլեւ մէկ տարուան ընթացքին կարողացած է 120 միլիոն տոլարով պակսեցնել պարտքը Եթէ, լաւագոյն պարագային, Հայաստանը պարտք չվերցնէ ինչ որ անհաւանական է եւ ամէն տարի 120 միլիոն տոլարով պակսեցնէ պետութեան պարտքը, ապա 58 տարի է պէտք, որ ամբողջութեամբ դառնայ անպարտք երկիր 58 տարի, այսինքն՝ մի քանի սերունդ Շնորհակալութիւն նախկին իշխանութիւններուն՝ ՀՀՇ, ՀՀԿ եւ այլն, եւ ասոնց հետ գործակցած ուրացող եւ չուրացող դաշնակիցներուն, Հայաստանը արտաքին պարտքերով չոքեցնելու համար Կարծէք այս կառավարութիւնները պարզապէս ըրած են ամէն ինչ, երկիրը պարտքերու տակ խեղդամահ ընելու
Սխալ չհասկնանք Ես չեմ քննադատեր պետական պարտք ունենալը Աշխարհի մէջ երկիր չկայ, որ արտաքին կամ ներքին պարտք չունենայ Թէեւ մասնագէտ չեմ, բայց գիտեմ, որ տնտեսագէտները երկրի մը արտաքին պարտքը ընդունելի կը համարեն, եթէ անիկա ՀՆԱի GDP 50 տոկոսէն աւելի չէ Թո