20 հունիս, 2020 11:26
Հակայեղափոխականութիւնը սկսած էր վաղուց
Քարոզչական արշաւը տեղի կ'ունենայ նաեւ պետական որոշ օղակներու մէջ ապատեղեկատւութեան տարածումով: Իսկ ժողովուրդը օրական 24 ժամ, առանց դադարի, ենթակայ է տեղեկատուական տեռորի: Նպատակը մէկն է՝ ստեղծել շփոթ, բարկութիւն, անվստահութիւն, անկառավարելիութիւն: Ստեղծել ԽՈՒՃԱՊ ժողովուրդի տարբեր շերտերու եւ պետական զանազան օղակներու, եւ նոյնիսկ՝ ուժային կառոյցներու մէջ: