Սիրիա. իրավիճակը Լաթաքիայում եւ Քեսապում

Տասնյակ հազարավոր սիրիացիներ տեղափոխվում են երկրի ծովեզրյա շրջաններ, որի արդյունքում այստեղ գնաճ է արձանագրվել: Շատ հայեր այս պատճառով որոշել են բնակվել Քեսաբում, ուր հայերի համար բնակվարձերն ավելի ցածր են: Ներկայացնում ենք Մասիս Գասարճյանի հոդվածը Լաթաքիայի և Քեսաբի հայության մասին.

Վերջին շրջանին Հալէպէն որոշ թիւով հայեր եկած եւ Լաթաքիա բնակած են, քանի որ համեմատաբար շատ աւելի հանդարտ է քաղաքը: Տասնեակ հազարաւոր Սուրիացիներու հոսքը դէպի ծովեզերեայ շրջանները պատճառ դարձաւ գիներու մագլցումի: Լաթաքիոյ մէջ սովորական վարձու յարկաբաժինները ներկայիս կը տարուբերին ամսական 15-35 հազար ոսկիի միջեւ (140-320 ամերիկեան տոլար): Այս գնաճէն հեռանալու համար, շատ մը հայեր նախընտրած են ապաստանիլ Քեսապ, ուր վարձքերը աւելի նպաստաւոր են մանաւանդ հայերուն համար (մօտաւորապէս 7 հազար ոսկի, այսինքն 65 տոլար), մինչդեռ նոյն տուները ոչ հայերուն կը տրուին աւելի սուղ: Ստոյգ դէպքեր կան, որ նոյնիսկ ձրի տուներ տրամադրուած են հայ փախստականներուն ժամանակաւոր կերպով, նկատի առած իրենց պարագաները՝ մասնաւորապէս Րաքքայի շրջանէն եկած հայերու պարագային, որոնք չեն կրցած հետերնին բան մը առնել: Քեսապի մէջ ներկայիս կան բաւական թուով ոչ-հայ փախստականներ, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն, օրինակի համար Հալէպէն, Հոմսէն եւ Համայէն:

Լաթաքիա – Քեսապ մայր ճամբան անապահով է, փոխարէնը ներկայիս կ’օգտագործուի ծովեզրեայ ճանապարհը՝ Րաս Ալ Պասիթի կողմէն, որ աւելի երկար է եւ կը տեւէ մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ: Օրական փոքր ծաւալի 12-14 աթոռանոց ավտոբուսներ (միքրո) յաճախակիօրէն կը սպասարկեն այդ ճանապարհը, անձի համար 100 սուրիական ոսկի (մէկ տոլար) գանձելով: Ճամբան ավտոբուսը կանգ կ’առնէ պետական մօտ տասը անցակէտներու վրայ, ուր ճամբորդներուն ինքնութիւնը կը ստուգուի:

Քեսապի հիմնական պէտքերը կ’ապահովուին լրիւ Լաթաքիոյ ճամբով: Քեսապ ընդհանրապէս ապահով է եւ չեն լսուիր նոյնիսկ զարկի ձայներ, բայց շրջանը ենթակայ եղած է հրասանդի հրթիռներու զարկին անցեալ ամիսներուն քանի մը անգամ:

Քեսապի հայ ազգային դպրոցը կը գործէ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական: Արձանագրութեան ծախսը միայն 2500 սուրիական ոսկի է (22 տոլար) գաղթականներուն համար, իսկ տեղացիները կը վճարեն լրիւ գումար:

Քեսապի հրապարակի շուկան սովորական կը շարունակէ գործել, շատ քիչ թիւով Հալէպահայեր կրցած են գործ դարձնել հոն, մեծամասնութիւնը անգործ կը սպասէ, որ Հալէպ վերադառնայ:

Լաթաքիա – Հալէպ ճանապարհը կը գործեն փոքր ավտոբուսներ, անձի համար 1200 սուրիական ոսկի (11 տոլար) գանձելով, կամ քիչ մը աւելի սուղ՝ նայած մազութի գինին: Ճամբան կը տեւէ մօտաւորապէս վեց ժամ: Կան մօտաւորապէս քսան անցակէտեր, որոնցմէ առաջին հինգը պետական զօրքերու կողմէ հսկուած են, ապա տասը անցակէտեր ընդդիմադիր զինեալներուն ենթակայ են, ապա վերջին հինգը՝ Հալէպի մուտքին, կրկին պետական զօրքին կը պատկանին: Պետական անցակէտերու վրայ կը ստուգուի ճամբորդներուն ինքնութեան թուղթերը եւ երբեմն կը խուզարկուին պայուսակները: Ընդդիմադիր անցակէտերուն վրայ կը ստուգուի միայն տղամարդկանց ինքնութիւնը, կիները իրենց մազերը կը պահեն շալի տակ:

Միջադէպ մը որ շատ իմաստներ կը կրէ՝

Լաթաքիա – Հալէպ գացող ավտոբուսին (միքրո) մէջ քով քովի նստած են հայ եւ իսլամ կին մը: Ըստ երեւոյթին իսլամ կինը ծանօթ է ճանապարհին եւ հոն գտնուող անցակէտերուն: Երբ ավտոբուսը կ’անցնի հինգերորդ (պետական) անցակէտը, ան շունչ կը քաշէ եւ հայ կնոջ կ’ըսէ «Փառք Աստուծոյ վտանգէն անցանք»: Հայ կինը կը հարցնէ, բայց դէմերնիս Ազատ Բանակի անցակէտն է եւ ատոնք վտանգաւոր չե՞ն: Տիկինը կ’ըսէ «Չէ, վախը պետական անցակէտերէն է», եւ կը շտկէ հայ կնոջ շալը, որմէ քանի մը թել մազ դուրս ելած էր, ըսելով, թէ «այսպէս աւելի լաւ է մօրքուր, թող չ’երեւի մազը որ գլխու ցաւ չ’ըլլայ»:

Այս է հիմա երկրին վիճակը: Ամէն մարդ տարբեր մտավախութիւններ ունի: Մինչ հայ ճամբորդի մտավախութիւնները նոր կը սկսին, իսլամ տիկինին հոգեկանը կը հանգստանայ եւ յետոյ հակառակը:

Այս չէր մեր Սուրիան եւ պէտք չէ այսպէս ըլլայ:

Մեկնաբանել