-Մարմինիդ ո՞ր մասին մէջ կը գտնուի սիրտդ:
-Այն մասիդ մէջ, ուր ցաւ կը զգաս:
Ահա քեզի մեծ կեղծիք մը:
Քէսապի ողբերգութեան համար բոլորս շատ խոր ցաւ զգացինք, բոլորս ոտքի կեցանք եւ ամէն մէկը փորձեց բան մը ընել հարազատ Քէսապին համար: Հայաստանէն մինչեւ Տաղստան կամ Ղրղզստան թերեւս:
Քէսապը իրաւամբ արժանի էր այս բոլորին:
Երբ Քէսապը մեզի վերադարձուեցաւ անոր համար բոլորս ուրախացանք, երջանկութիւն զգացինք. արդարացիօրէն:
Քէսապը մեր մարմինի ցաւոտ մէկ անդամը դարձաւ եւ մեր բաբախող սիրտը հոն կայք հաստատեց:
Ուրեմն ճիշդ է որ սիրտդ մարմինին ցաւոտ տեղը կը գտնուի:
Քէսապէն առաջ կորսնցուցինք Եագուպիէն:
Եագուպիէն համար խոր ցաւ զգացին եւ ողբերգութիւն ապրեցան միայն ներկայ եւ նախկին եագուպիէցիները, որոնք մինակ մնացին իրենց ցաւին եւ ողբերգութեան մէջ:
Եագուպիէն հիմա բնակեցուած է զայն գրաւած զինեալներու եւ կամ հարեւան գիւղերու բնակիչներով: Հոն մնացած են նաեւ քանի մը հայ ծերունիներ:
Կողոպտուած է Եագուպիէն: Հայկական Եագուպիէն:
Տեղահանուած եագուպցիէցիները հաստատուեցան Հալէպ, ուր արդէն մեծ մասամբ տուներ ունէին: Անոնց օգնութեան ձեռք երկարեցին մեր հալէպահայ կազմակերպութիւնները, այն չափով ինչ չափով որ օգնութիւն կը ցուցբերեն հալէպահայ կարօտեալներուն, ո՛չ մէկ նշելի յատուկ վերաբերմունք:
Եագուպիէինէն ետք պատահեցաւ Քէսապի ողբերգութիւնը: Քէսապցիներուն մօտ փութացին բոլորը, որոնց շարքին համայնքապետերը, բարեսիրական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, ամէնքը դժուարանցելի եւ տաժանակիր ճանապարհներով հասան անոնց, բաշխելու աշխարհի չորս ծագերէն «հոսող» օգնութիւնները:
Այս ամէնը լաւ է, համահայկական շարժում, 1988-ի Մեծ Երկրաշարժի ողբն ու անկէ տուժողներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու փոյթը յիշեցնող երեւոյթ, եւ սխալ չհասկնաք, չեմ ուզեր ըսել որ եթէ եագուպիէցիներուն չըրինք, Քէսապցիներուն ալ չընէինք:
Ինչո՞ւ չցաւեցանք, ինչո՞ւ մեր սիրտը Եագուպիէի համար չտրոփեց: Միթէ՞ հայկական չէ՞ր Եագուպիէն: Միթէ հայկակա՞ն էր Եագուպիէն, մեր խո՞րթ զաւակն էր, որուն համար մեզմէ ոմանք քիչ մը ցաւեցան, քիչ մը մտահոգուեցան եւ շատ շուտով սպիացած վէրք սեպեցին զայն:
Ճիշդ է որ ոչ հայեր ալ կային Եագուպիէի մէջ, մեծ մասամբ լատինացած հայեր: Սակայն Եագուպիէի հայութիւնը ատամներով կը փորձէր հայկական պահել Եագուպիէն. Եագուպիէցիները հայրենակցական միութիւն կազմած էին, որ մինչեւ այսօր կը գործէ: Հայրենակցական միութիւնը կապ հաստատած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի հետ, ապահովելու դպրոցին շարունակականութիւնը. օգնութիւն կը ստանար նաեւ Կիւլպէնկեան հիմնարկէն: Եկեղեցին կը պատկանէր (չեմ գիտեր կը պատկանի ըսեմ արդեօ՞ք) Բերիոյ թեմին, որուն հետ օրինակելի յարաբերութիւններու մէջ էին եագուպիէի թաղականները: Եագուպիէցիները յաջողած էին լաւ յարաբերութիւններ մշակել հալէպահայ բոլոր պատկան մարմիններուն հետ:
Հիմա՞: Ի՞նչ վիճակի մէջ է Սուրբ Աննայի Մատուռը:
Օգոստոսի վերջին կիրակին Ս. Աննայի օրն էր:
Եագուպիէցիներու սիրած օրերէն մէկը, նաեւ հալէպցիներուն, բոլոր հալէպցիներուն սիրած օրերէն մէկը, նման Մայր Աստուածածնի օրուան: Եւ ինչպէս որ Քէսապ խաղողօրհնէքի կ’երթային հալէպցիք, այնպէս ալ ուխտի կ’երթային Եագուպիէ հազարամեայ Սրբուհի Աննային: Իսկ վերջին տարիներուն հալէպցիք, մանաւանդ երիտասարդները, Եագուպիէէն վերջ կ’երթային նաեւ Արամօ, հոն եւս պատարագ կը մատուցուէր, շիիթական ուխտատեղիի վերածուած հայկական հինաւուրց մատուռին մէջ, զայն եւս վերահայացնելու թաքուն յոյսով:
Հիմա չենք կրնար ուխտի երթալ Եագուպիէ, ինչպէս որ չենք կրնար երթալ, Թէլ Ապիատի մեր հայրական տուները այցի, ինչպէս որ Այն Արուս չենք կրնար երթալ, Տէր Զօրի մեր ուխտատեղիները չենք կրնար երթալ, թէեւ Տէր Զօրի համար ալ նշանակալի ցաւ չզգացինք:
Խաղողօրհնէք, Սուրբ Աննա…
Անմոռանալի օրեր հալէպցիներուն համար, որոնց վերադարձը, վստահ եմ, կը ցանկան աշխարհացրիւ հալէպահայերը անխտիր, թէեւ կը վախնամ որ սպասեն, սպասեն եւ յետոյ, հին մարաշահայերուն, այնթէպահայերուն եւ միւս հայերուն նման կազմեն «Հալէպահայ Հայրենակցական Միութիւն», օգնելու այլեւայլ տեղեր հաստատուած եւ կամ Հալէպ մնացած իրենց հայրենակիցներուն: Հայկական Պարտաւորութիւն մը որ կեանքի կոչուած է ամենաքիչը 150 տարիէ ի վեր, դեռ Հալէպի մէջ գործած «Չմշկածագի Հայրենակցական Միութեան» օրերէն:
Ի՛նչ շուտ մոռացութեան տուինք Եագուպիէն, եագուպիէցիները, միւսները: Ի՛նչ շուտ հրաժարեցանք անոնցմէ: Բարեբախտաբար «միւսն»երէն տակաւին դուրս կը մնան Ղարաբաղը, Ախալքալաքը, Արարատը…
Ինչպէ՞ս կրնանք արիւնող, արիւնոտող, թարախի վերածուող մեր վէրքերը սպիացած համարել: Ասոնք մեր մարմինի մասերէն չե՞ն: Ինչպէ՞ս կրնանք ցաւազրկիչ սրսկել եւ մարել ներքին ցաւ մը: Չէ՞ որ նոյնիսկ այդպիսի պարագաներու բժշկութիւնը կ’արգիլէ ցաւազրկիչ գործածել, նոյնիսկ կը պատժէ զայն գործածող բժիշկը, որովհետեւ ցաւը անճիշդ իրավիճակէ մը առաջ կու գայ, իսկ ցաւազրկիչը կ’արգելակէ ախտորոշումը:
Հաւաքական մարմինիդ ո՞ր մասին մէջ կը գտնուի սիրտդ:
Հաւաքական մարմինիդ ցաւած տեղը պէտք է գտնուին հաւաքական սիրտդ, միտքդ, հոգիդ: