Հալէպն Ու Յաջորդ Հարիւրամեակը

Հայաստան-Սփյուռք 5-րդ համաժողովի Սուրիահայերու հարցերուն քննարկման նուիրուած նիստը:

Հարիւրամեակէն առաջ զիրար յօշոտեցինք, մեր մէջ դաւաճաններ փնտռեցինք: Բայց աւելի ուշ Ամերիկայէն Քիմն ու Քանիէն եկան եւ իրենց մոգական հետքը թողեցին ազգիս վրայ: Յետոյ Հռոմի Պապը, ճանաչումներու ալիքը, Սիսթըմ Աֆ Է Տաունը եւ Ապրիլ 24-ը: Անմոռուկներ ալ ամրացուցինք մեր կուրծքին, ջահերով երթի ալ մասնակցեցանք: Մէկ խօսքով ըրինք այն ամէնը, ինչ կարելի էր, որ «թուրքը մեզի նայի ու տխրի»։

Մինչ պետական ու համահայկական ճիգերով այս բոլորը տեղի կ’ունենան, Հալէպը՝ ցեղասպանութենէն ետք վերապրողներու առաջին կանգառը, կրկին 1915-ը յիշեցնող օրեր կ’ապրի: Բայց այս նմանութիւններէն ելլելով «երկրորդ ցեղասպանութեան» ողբը պէտք չէ սգալ: Այսօր Սուրիոյ ողջ բնակչութիւնը եւ այդ տարածաշրջանին մէջ ամբողջ քաղաքակրթութիւններ վտանգի տակ են` ներառեալ հայութիւնը: Սակայն առանց շատերուն ծանօթ ծանր իրավիճակի նկարագրութեան մէջ խորանալու կարելի է հարիւր տարի առաջուայ հետ տարբերութիւնները ընդգծել:

Մեր պատմութիւնը մեզի կը վկայէ, որ մենք միշտ հալածուած ենք: Հալածուած ենք հիմնականը մեր տկար եւ անմիաբան ըլլալուն պատճառով: Սակայն այսօր ունինք պետութիւն ու հզօր ներուժով Սփիւռք, որ այս տարի, աւելի քան երբեք, յանուն ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին եւ հարիւրամեակի միջոցառումներուն առթիւ ցոյց տուաւ իր կարողութիւնները: Այնուհետեւ հալածուած ըլլալու բերը ընդմիշտ թօթափելու համար այսօր մեր առջեւ կը ծառանայ շատ կարեւոր մարտահրաւէր մը՝ Հալէպի մէջ մնացած քանի մը հազար կամ տասնեակ հազար հայոց ճակատագիրը:

Այսօր կառավարութեան ու իր բոլոր վարչութիւններուն կողքին ունինք սփիւռքի նախարարութիւն մը, ի դէմս նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, որ մետալներ կամ շքանշաններ բաժնելով եւ այլ աճպարարութիւններով զբաղած է: Թերեւս տիկին նախարարի ամէնէն անկեղծ ելոյթը անցած շաբաթ Սփիւռքին ուղղած «հազար տոլարի» յայտնի կոչն էր: Պատերազմի գօտիի մէջ գտնուող սուրիահայերուն իսկական օգնութեան ձեռք երկարելուն մասին հարցերէն խուսափելու նպատակով նախարարը ամէն անգամ կը մէջբերէ «համայնքի ղեկավարները իրենք պէտք է որոշում ընդունեն եւ միայն յետոյ մենք կ’օգնենք» յանկերգը, առանց նկատի առնելու այն հանգամանքը, թէ այդ համայնքային ղեկավարները ինչպիսի սահմանափակումներով միայն կրնան արտայայտուիլ, մանաւանդ այսօրուան պատերազմի եւ անիշխանութեան պայմաններուն տակ: Լուծում տալը մէկ կողմ թողենք, արդեօք Սփիւռքի նախարարութիւնը կրցա՞ծ է մինչեւ այսօր որեւէ այլընտրանք ներկայացնել, թէ հոսկէ-հոնկէ հազար տոլար փող պահանջելը աւելի հեշտ է: Արդեօք պատերազմի գօտիէն հեռանալով Հայաստան հասնողներէն քանի՞ տոկոսը այսօր մնաց Հայաստանի մէջ եւ որքա՞նը ճարահատեալ հասաւ Եւրոպա կամ հեռաւոր Գանատա:

Արդեօք Սփիւռքի նախարարութիւնը կրցա՞ծ է մինչեւ այսօր որեւէ այլընտրանք ներկայացնել, թէ հոսկէ-հոնկէ հազար տոլար փող պահանջելը աւելի հեշտ է:

Միւս կողմէն, սփիւռքեան ղեկավարները, որոնք գիշեր-ցերեկ Հայաստանի իշխանութիւններու վատ կառավարումն ու փտածութիւնը կը քննադատեն, նոյն եռանդով նաեւ Երեւան կը ժամանեն տիկին Հրանուշի ու այլ պետական այրերու շնորհած մետալները ստանալու: Սփիւռքեան ղեկավարներէն եւ ազգային ջոջերէն սպասուածը գոնէ այս հարցին մէջ իրենց իսկ քննադատած Հայաստանեան իշխանութիւններէն տարբեր գտնուիլն է: Այսօր Հալէպի մէջ ապրող մարդոց մեծամասնութեան համար սնունդէ աւելի կարեւոր է գոնէ իր երեխաներուն կեանքի ապահովութիւնն ու պատերազմի գօտիէն դուրս գալը:

Այսօր տակաւին շրջանառութեան մէջ է «գաղութ պահելու» մասին խօսքը: Բայց արդեօք այս վերջին չորս տարիներուն ընթացքին այդ գաղութ պահել փորձողներէն ո՞վ կրցած է այցելել այս տառապեալ գաղութը: Ո՞ր կաթողիկոսը, եպիսկոպոսը կամ հոգեւոր հայրը, ո՞ր ՀՀ պետական գործիչը, երեսփոխանը կամ դիւանագետը, ո՞ր սփիւռքի նախարարը կամ թէկուզ իր տեղակալի օգնականը կամ սովորական պատուիրակը, կամ թէկուզ ո՞ր երգիչը կամ աստղը զանոնք յիշեց իր համերգին ժամանակ: Վերջիններէն շատեր շահութաբեր ձեռնարկներու համար շատ յաճախ կ’այցելէին Հալէպ՝ երբեմնի խաղաղութեան օրերուն: Հայաստանի պետութիւնը պէտք է հասկնայ, որ եթէ կը յայտարարէ, թէ Հայաստանը աշխարհի բոլոր հայերուն հայրենիքն է, ապա նաեւ պէտք է իւրաքանչիւր հայ իր թիկունքին այդ պետութեան պաշտպանութիւնը զգայ:

Հալէպի խնդիրը մարդկային կեանքեր փրկելուն կողքին ունի այլ խորհրդանշական արժէք մը եւս՝ այդ ալ ազգային տեսլական ունենալու մասին է, որուն մասին չէր անդրադարձած վերջերս Ծիծեռնակաբերդէն հնչած համահայկական հռչակագիրը: Անցած 100 տարիներուն, գոնէ վերջին քարրորդին, ունէինք Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հասկնալի է, որ նաեւ դժուարութիւններով լի տարիներ էին: Սակայն եթէ կ’ուզենք, որ յաջորդ 100 տարիները ըլլան Հայաստանի եւ հայութեան համար բարգաւաճման եւ ապահովութեան տարիներ, պէտք է մտածել այս բոլոր հարցերուն արդար պատասխաններ գտնելուն մասին:

Մեկնաբանել