Մենք եւ ես

Syria, AleppoԿը զարմանամ զարմացողներուն վրայ. Օրինակ կը զարմանամ երբ կը զարմանան որ պետութեան բանակը այդքան արագ տեղի տուաւ Հալէպի մուտքին: Կը զարմանամ այս մարդոց յիշողութեան վրայ, կ’ապշիմ տեսնելով թէ ի՛նչ շուտ կը մոռնան նման նախադէպերը: Թէ՞ չեն ուզեր հաւատալ որ Հալէպն ալ (հալէպահայերն ալ) ենթակայ է… մեղայ, մեղայ, քիչ մնաց ինչեր պիտի ըսէի…

Քանի՜-քանի՛ անգամ լսեցինք եւ հաւատացինք որ բանակը վերջնականապէս պիտի լուծէ Հալէպի խնդիրը (հասմ حسم), քանի՜-քանի՜ անգամ լսեցինք որ բանակը պաշարած է ընդիմադիրները եւ միայն Քասթէլլոն մնացած է ամբողջացնելու պաշարումը …

Ահա այսօ՛ր, ահա՛ վաղը..

Միւս կողմին ալ յայտարարութիւնները նոյնքան խրոխտ էին եւ են. քանի՝-քանի անգամ սկիզբ առաւ Հալէպի «ազատագրումը», քանի՜-քանի՛ անգամ ընդիմադիր ղեկավարներ իրենց հետեւորդներուն աւետեցին որ պայրամի աղօթքը Հալէպեան այսինչ մզկիթին մէջ պիտի կատարեն…

Յետոյ շշուկներ տարածուեցան Կարմիր գիծերու մասին- գաղտնի համաձայնութիւններու մասին: Ամէն մէկը իր տարածքին մէջ պիտի մնայ ըսին: Ռուսիան ասանկ պիտի ընէ ըսին, պարսիկները եկան ըսին.. եւ մեզ օրօրեցին..

Տարիները անցան եւ մենք հայերս որպէս հաւաքականութիւն տակաւին կ’օրօրուինք ու մշիկ-մշիկ կը քնանանք: Բարեբախտաբար այս հաւաքականութեան մեծամասնութիւն կազմող անհատները քնաբեր դեղեր առած չըլլալնուն պատճառաւ ինքնագլուխ քայլերու դիմեցին եւ հիմա գոնէ… ապահով կը քնանան, առանց մտահոգուելու Կարմիր կամ այլ գոյնի գիծերու մասին. Իսկ կարմիր գիծերը չե՞ն կրնար ջնջուիլ: Անշուշտ կրնան եւ եթէ այս կամ այն կողմը որոշած ըլլայ ամէն գնով տէր մնալ իր ներկայ սահմաններուն, միւս կողմն ալ կրնայ որոշած ըլլալ ամէն գնով ընդլայնել իր տարածքները:

Եւ.. Հալէպը այսօր մեծ թափով կը շարւնակէ պարպուիլ: Փողոցը մարդիկ իրար հանդիպելով կը զարմանան որ տակաւին Հալէպէն չեն հեռացած. անմիջապէս կը պարզուի որ երթալիք են …

Իսկ հաւաքականութի՞ւնը, Հայկական ՄԵԾ հաւաքականութեան Հալէպի մէջ մնացող այս փոքր մասնիկը՞, խեղճ ու կրակ այս ժողովուրդը՞.

-Թող պատժուի, ո՞վ ըսաւ որ հոն մնայ:

-Դեռ ժամանակ կայ, բոլորը թող ձգեն հեռանան:

Այդպէս ալ պիտի ըլլայ հաւանաբար եւ բոլորը պիտի երթան, սակայն հոս մնացողներ ալ պիտի ըլլան:

Հոս մնացողներէն շատեր ոչ հնարաւորութիւն ունին եւ ոչ ալ տեղ ունին երթալու: Հոս մնացողներէն շատեր հաւատացին իրենց ղեկավարներուն որոնք յորդորեցին չհեռանալ քաղաքէն:

Յորդորողներուն կը հաւատանք եւ վստահ ենք որ անոնք երբեք գաղութը անգլուխ պիտի չձգեն եւ եթէ հեռանան, հեռացողներուն վերջինները պիտի ըլլան, բայց կը վախնանք թէ անոնք որեւէ օգուտ պիտի չկարենան տալ գաղութի մնացորդացին, որովհետեւ առարկայնօրէն իրենք անկար են:

Հոս մնալ յորդորողներէն ոմանք, նաեւ մնացողներէն ոմանք կ’ուզեն ի գին ամէն զոհողութեան պահել այս թանկագին գաղութը, անոնք համոզուած են, որ Հալէպահայութեան վերացումով (այս կամ այն կերպ), պիտի վերանայ արեւմտահայութիւնը, հոս մնացողներէն ոմանց գիտակցութեան մէջ գամուած է ա՛յն, որ գաղութը միայն մարդիկ չեն, թէ գաղութը նաեւ սերունդներու արիւնով ու քրտինքով շաղախուած մեր ազգային կառոյցներն են, որոնց համար զոհողութիւնները, որքան ալ մեծ ըլլան, իմաստալից են, ունին իրենց արժէքը, որովհետեւ կը հաւատան որ հոս հայեր մնալու պարագային՝ ի՛նչ իրադրութեան մէջ ալ յայտնուելու ըլլան, նոյնիսկ բազմաթիւ անհատներու կեանքի գնով, հայ հաւաքականութիւն մը պիտի շարունակէ գոյատեւել, եւ կարեւորը ա՛յս է:

Երեւոյթներու այս երփերանգը կը կազմէ մեր իրականութիւնը որուն հետ հաշուի պէտք է նստինք ամէնքս՝ միասնաբար, ոչ թէ անգամ մը եւս պնդելու թէ մէկս միւսէն աւելի խելացի էինք կամ ենք, ոչ թէ հոխորտալու համար թէ մէկս միւսէն աւելի իրաւացի էինք կամ ենք, այլ…

Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի գոյութիւն ունին մեզ իրար քով-քովի բերող ազդակներ, որոնցմէ առաջինը Հայկական պետութեան մը առկայութիւնն է: Եթէ չեմ սխալիր յստակօրէն կը նշմարուի նաեւ ընդհանուր մտահոգութիւնները իրար հետ կիսելու գիտակցութիւնը:

Այսօր հրամայականօրէն պէտք է միասնաբար գործենք, միասնական որոշումներ առնենք, միասնաբար գործենք, ոչ թէ ամէն մէկս ամէն հարցի մէջ մեր քիթը խոթելով այլ իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ վստահելով մասնագէտներու:

Ես Հալէպի մէջ ապրող հայ անհատ մըն եմ, հայ ժողովուրդը կազմուած է ինծի պէս աշխարհասփիւռ բոլոր անհատներուն ամբողջութենէն: Հայութեան գոյութիւնը պայմանաւորուած է իւրաքանչիւրիս ապահով գոյութեամբ: Ես (Մե՞նք) կ’ուզեմ տեսնել ՄԱՐՄԻՆ մը, որ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ կը կրէ ինծի (իւրաքանչիւրիս) համար, ուստի եւ ԻՐԱՒՈՒՆՔ կ’ունենայ ուղղութիւն տալու ինծի (մեզի), ղեկավարելու իմ (իւրաքանչիւրիս) քայլերը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 8 Յուլիս 2015

Մեկնաբանել