«Հայ համայնքը ուրախութեամբ դիմաւորեց ռուսական օդուժի հարուածները»

Aleppo panoramaՍիրիայում ռուսական օդային հարվածներից հետո այդ երկրում, մի շարք վերլուծաբանների պնդմամբ, ստեղծվել է նոր իրավիճակ: Նախօրեին Reuters գործակալությունը, վկայակոչելով իր աղբյուրները, գրեց, որ Սիրիայի կառավարական ուժերը Հալեպը ամբողջական վերահսկողության տակ վերցնելու համար մեծ գրոհ են նախապատրաստում: Սիրիայում իրավիճակի, հայ համայնքի խնդիրների շուրջ ՍիվիլՆեթը զրուցել է Հալեպում բնակվող հրապարակախոս, ՍիվիլՆեթի սյունակագիր Մանուէլ Քեշիշեանի հետ:

– Ռուսական օդային հարվածներից հետո կարծես նոր փուլ է սկսվել սիրիական հակամարտությունում: Հայ համայնքն ինչպէ՞ս է գնահատում այդ հարվածները՝ հաշվի առնելով, որ դրանք ուղղված էին ոչ միայն «Իսլամական պետությանը», այլև սիրիական ընդդիմադիր ուժերին:

– Ճիշդ էք, սուրիական հակամարտութեան մէջ նոր փուլ սկսած է, որ առայժմ ի նպաստ պետական զօրքերուն է, կ’ըսեմ առայժմ որովհետեւ եթէ օդային ռմբակոծումներուն հետ պետական զօրքերը արագ յառաջխաղացում չարձանագրեն, որեւէ յաղթանակ չեն կրնար ապահովել եւ ամէն ինչ կը մնայ նոյնը, իսկ գետնի վրայ յառաջխաղացումը պատճառ կը դառնայ կարգ մը սուրիական զինեալ խումբերու պետական ուժերուն միանալուն եւ բանակի ուժեղացման: Չմոռնանք թէ մինչ տագնապի սուրիական բանակի 450 հազար հաշուող բանակայիններէն ընդամէնը 75 000 զինուոր մնացած է, եւ անշուշտ նկատած էք թէ սուրիական պետական բանակը առանձին, առանց ուրիշի օգնութեան մէկ քայլ իսկ առաջ չէ գացած, ընդհակառակը միշտ նահանջած է ստիպուելով «վերադասաւորել» իր դիրքերը:

Պետութեան բոլոր ջանքերը աւելցնելու բանակայիններուն թիւը ցարդ անօգուտ է, բանակէն փախուստ տուող սիւննիներուն թիւը շատ մեծ տոկոս կը կազմէ, նոյնն է պարագան նաեւ քրիստոնեաներուն, զինուորական տարիք ունեցող երիտասարդները (նաեւ իրենց ընտանիքները) կը գաղթեն, համալսարանականները իրենք զիրենք կը ձախողցնեն եւ կը կրկնեն տարին, այդպիսով մի քանի տարի արհեստականօրէն յետաձգելով ուսման աւարտը հետեւաբար եւ զինուոր դառնալը, յուսալով որ մինչ այդ տագնապը վերջ կը գտնէ:

Վերադառնալով տրուած հարցին, պէտք է անկեղծօրէն ըսել թէ հայ համայնքը ուրախութեամբ դիմաւորեց ռուսական օդուժի հարուածները: Գիտէ՞ք ինչ: Հայ համայնքը կը վախնայ, կը սարսափի գալիք անյայտէն, ծայրայեղ իսլամիզմէն, մանաւանդ ցաւալիօրէն կը տեսնէ, կը շօշափէ զինեալ ընդդիմադիրներու մէջ ծայրայեղ իսլամութեան շարքերուն ուռճացումը: Մինչ ներկայ պետութեան իշխանութեան շրջանին ցարդ հալածանք չէ զգացած եւ իրականութիւնն այն է որ հայ համայնքը կուկուսիացած՝ միւս համայնքներէն անջատ ապրած է եւ չէ գիտցած անոնց հալածանքի ենթարկուիլը կամ չենթարկուիլը, միակ կապը մասնագիտական՝ գործի ասպարէզի մէջ եղած է: Ահա թէ ինչու զինեալ բոլոր խմբաւորումներուն պարտութիւնը գերադասելի է մեզի համար, թէեւ մենք ոչ մէկ սուրիացիի թշնամին չենք եւ կը փափաքինք որ ժամ առաջ գայ խաղաղութիւնը մեր սիրելի ասպնջական երկրին, որուն բոլոր համայնքներուն անխտիր վստահութիւնն ու համակրանքը շահած ու վայելած ենք անցեալին եւ մեր վարքով արժանի ենք այդ վստահութեան պահպանման, հակառակ անոր որ ոմանք մեզ կողմնակալ կը համարեն:

Մենք որպէս հայ անհատներ կրնանք իրարմէ տարբեր կարծիքներ եւ դիրքորոշումներ ունենալ, սակայն որպէս հաւաքականութիւն մեր միակ ցանկութիւնը համասուրիական հաշտութիւնն է:

– Reuters-ը հաղորդեց, որ Սիրիայի կառավարական ուժերը խոշոր հարձակում են նախապատրաստում Հալեպ քաղաքն ամբողջությամբ վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով: Ինչպե՞ս է հիմա վիճակը Հալեպում:

– Լրատուամիջոցներու հաղորդումը հաստատող շշուկներ կը տարածուին Հալէպի մէջ. կ’ըսուի թէ մեծ թիւով պարսիկ զինուորներ կան Հալէպի մօտակայքը: Ընդհանրապէս Հալէպի մէջ մէկէն երկու ամիս պետական զօրքերու գերակայութիւնը կը զգացուի, նոյնքան ժամանակ ալ ընդդիմադիրներունը: Հալէպի մէջ երբեմն մի քանի շաբաթ հրասանդներն ու փիւթակազի պայթուցիկներով լեցուն շիշերը ( տնային գործածութեան 20-24 քիլոկրամ հեղուկ փիւթակազի թիւպէր) կը տեղան յուսահատութեան մատնելով մեզ, երբեմն կը նուազի անոնց թիւը, հիմա աւելի քիչ է արձակուող հրասանդներուն թիւը, աւելի յաճախ կը լսենք պետական զօրքերու յարձակումներու մասին, հաւանաբար ընդիմադիրները աւելի շատ զբաղած «իսլամական պետութեան» յարձակումներուն դէմ պաշտպանուածութեամբ, եւ անոնց դիմաց պարտութիւններ կրելով, որուն մէջ կը մեղադրեն նախ եւ առաջ ռուսական օդուժը որուն ռմբակոծումներուն կ’ենթարկուին իրենց մղած ճակատամարտերուն ընթացքին:

«Իսլամական պետութեան» Հալէպի իմարէթի՝ իշխանապետութեան զինեալները այսօր հիւսիսէն մեզմէ ընդամէնը 10-15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, թէեւ բազմաթիւ հայեր, նոյնիսկ որոշ «գիտակներ» կ’ըսեն.- Վնաս չունի ասոնք մեր ՏԱԷՇ-ն են:

Հալէպի վիճակը շատ անորոշ է, շատ փափուկ կացութեան մէջ են քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, Հայկական թաղամաս չէ մնացած, թէեւ տակաւին կան հայաշատ թաղամասեր, ուր բազմաթիւ տուներ փակուած են երկաթեայ դռներով, կամ տրուած են վարձու իրենց վտանգաշատ վայրերէն հեռացած արաբներու: Մեծ է թիւը երկրէն կամ առնուազն Հալէպէն դէպի ծովեզերեայ քաղաքներ հեռանալ ուզողներուն: Բոլորս տարակուսանքվ կը նայինք ապագային:

– Հայ համայնքի անվտանգության համար ի՞նչ միջոցառումներ են ձեռնարկվում:

– Հալէպի հայ համայնքը ամբողջութեամբ կ’ապրի պետական հսկողութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ եւ իր ապահովութիւնը վտանգուած չի նկատուիր եթէ պետական զօրքն ու անոր զինակիցները փորձեն ամբողջ քաղաքն ու մօտակայ շրջակայքը իրենց հսկողութեան տակ առնել, որուն յաջողութեան պարագային մեզմէ կը հեռանայ նաեւ մեր թաղերուն վրայ հրասանդներու արձակման առկայութիւնը, թէեւ ներկայ իրավիճակը կրնայ ընդդիմադիրներուն աւելի հեռահար եւ ազդու զէնքեր տրամադրուելուն առաջնորդել եւ անոնք կրնան իրենց թիրախները աւելի հեռու տարածութիւններէ կրակի տակ առնել: Հայ համայնքը խուսափած է զինուելէ, որեւէ կողմի դէմ զէնք գործածելէ եւ եթէ որոշ թիւով հայ երիտասարդներ կամաւոր կերպով թեթեւ զէնքեր վերցուցած են, ապա միայն ու միայն մեր թաղերը պաշտպանելու եւ հայկական հաստատութիւններուն տէր կանգնելու առաջադրանքով:

Կը շեշտեմ մեր միակ փափաքն է մեզի մեր հայրենիքը դարձուցած այս երկիրը խաղաղ տեսնել ուր բոլորը կը վայելեն քաղաքացիական նոյն իրաւունքները եւ ունին նոյն պարտականութիւնները:

Հայ համայնքի անցեալի կեցուածքը իրաւունք կու տայ իրեն ապագային իր արժանավայել տեղը ունենալու գալիքի Սուրիոյ մէջ:

Մեկնաբանել