Առաջարկ Հալեպից

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ որ Ղարաբաղի հիմնախնդիրը մշտական արթնութիւն կը պահանջէ: Հայաստանը երկրաշարժի գօտի է նաեւ ունի բազում լուծելի հարցեր:

Տակաւին քանի մը տարի առաջ սուրիահայութիւնը կը նկատուէր մեր ամենակայուն համայնքներէն մէկը:

Այսօր…

Այսօր շատ է թիւը կայուն նկատուող գաղութներուն, կան նաեւ տկարացող գաղութներ:

Այսօր նոր գաղութներ կը հիմնուին, փոքր գաղութներ կը մեծնան:

Խուսափելու համար անակնկալներէ կ’առաջարկեմ.

1. Հիմնել Հայկական իւրաքանչիւր օրրանի համապարփակ ուսումնասիրութեան կեդրոն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեամբ, մասնակցութեամբ հայկական գաղութներու ղեկավար մարմիններուն եւ առընչակից հայ մասնագէտներուն:

2. Յառաջ բերել անձերնմխելի հիմնադրամ մը, որ կրնայ կազմուիլ ներկայի աղէտներուն եւ այլ նպատակներու համար կատարուող համահայկական բոլոր նուիրատուութիւններու մէկ մասէն (10%, 5% …): Այս հիմնադրամի միայն հասոյթները պէտք է տրամադրելի ըլլան հսկիչ մարմնի մը կողմէ յարմար նկատուող նպատակներու: Փոքր թուացող այս հիմնադրամը անընդհատ կ’աճի առանց մեծ նուազում պատճառելով հաւաքուող գումարներուն:

Կը հաւատամ որ այս առաջարկս կ’արժանանայ բոլորիս ուշադրութեան եւ այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր կ’առնուին:

Կը փափաքիմ նաեւ որ ուրիշներ այլ առաջարկներ կատարեն, կամ ամբողջացնեն առաջարկս կամ երկրորդեն զայն՝ միշտ համայն հայութեան շահը գերխնդիր ընդունելով:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 3 Նոյեմբեր 2016

Լուսանկարում՝ Մանուել Քեշիշյանը

Մեկնաբանել