Հալէպի Ազատագրումը` Անկիւնադարձ․ «Գանձասար»

«Գանձասար» սիրիահայկական հանդեսում դեկտեմբերի 15-ին լույս է տեսել «Հալէպի Ազատագրումը` Անկիւնադարձ» վերնագրով խմբագրականը, որն անդրադառնում է Սիրիայի նախագահ Բաշար Ասադի զորքերի վերահսկողության տակ Հալեպ քաղաքի անցմանը։ «Գանձասար»-ի գլխավոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկյանը գրում է, որ Հա­լե­պի ամբողջա­կան ազա­տագ­րու­մը բեկում է, որն «ուղենշում է սիրիական ճգնաժամի քա­ղա­քա­կան կարգավորման ողջ ըն­թաց­քը»: Խմբագրականն ամբողջությամբ՝ ստորև։

Հա­լէպ 2012-ի Օգոս­տոս ամս­ուը­նէ սկս­եալ, 5 տա­րի շա­րու­նակ, ապ­րե­ցաւ դժո­խա­յին օրեր: Կրեց բազ­մա­տե­սակ զր­կանք­ներ, բայց համ­բե­րեց: Ակա­նա­տե­սը եղաւ ահար­կու բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու, բայց ար­շա­լոյ­սին ոտ­նա­ձայ­նը առաւ ու սպա­սեց, դի­մադ­րեց: Ատե­լու­թեամբ սնա­նած ահա­բե­կիչ­ներ, որոնք եր­բեմն քա­ղա­քի թա­ղա­մա­սե­րուն ան­գամ ծա­նօթ չէ­ին, քան­դե­ցին դպ­րոց­ներ, եկե­ղե­ցի­ներ, մզ­կիթ­ներ, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ: Թա­լա­նե­ցին գոր­ծա­րան­ներ, բա­րե­սի­րա­կան կեդ­րոն­ներ, հիւան­դա­նոց­ներ, գրա­դա­րան­ներ, ան­կե­լա­նոց­ներ, գոր­ծա­տե­ղի­ներ, բնա­կա­րան­ներ: Բայց հա­լէպ­ցին շա­րու­նա­կեց իր կր­թա­կան, մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տիլ ու դժ­ուա­րու­թեամբ վաստ­կել իր ապ­րուս­տը:

Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը տնա­զուրկ դար­ձաւ, ու­նե­ցաւ նա­հա­տակ­ներ, զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ: Հայ հա­մայն­քը եւս ապ­րե­ցաւ այս բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, ու­նե­ցաւ տն­տե­սա­կան, մարդ­կա­յին կո­րուստ­ներ: Քանդ­ուե­ցան հայ բնա­կիչ­նե­րու աւե­լի քան 1000 բնա­կա­րան­ներ, ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներ: Անց­նող հինգ տար­ուան ըն­թաց­քին հա­մայն­քը ու­նե­ցաւ 102 զոհ, 379 վի­րա­ւոր, 32 նա­հա­տակ: Նման դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ ոմանք գաղ­թե­ցին, ու­րիշ­ներ տե­ղա­փոխ­ուե­ցան Սուր­իոյ այլ նա­հանգ­ներ` գէթ իրենց կեան­քը փր­կե­լու:

Ազա­տու­թեան պի­տա­կին տակ խա­ւա­րա­միտ ահա­բե­կիչ­ներ ոչ միայն քա­ղա­քը քան­դե­ցին, այ­լեւ իրենց ատե­լա­վառ կո­չե­րով, այ­լա­մեր­ժու­թեամբ փոր­ձե­ցին ատե­լու­թիւն սեր­մա­նել բնակ­չու­թեան տար­բեր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն մի­ջեւ, ար­տա­քին ու­ժե­րու թե­լադ­րու­թեամբ եւ ուղ­ղոր­դու­մով Հա­լէ­պը բաժ­նե­լ արե­ւել­եան ու արեւմտ­եան մա­սե­րու:

Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան տա­ռա­պան­քին վրայ աւել­նա­լու եկաւ արեւմտ­եան եւ հա­րե­ւան կարգ մը եր­կիր­նե­րու կող­մէ ի գործ դր­ուած ապա­տե­ղե­կատ­ուա­կան հս­կա­յա­ծա­ւալ ար­շա­ւը` ար­դա­րաց­նե­լու ի գործ դր­ուած ան­մարդ­կայ­նու­թիւնն ու ահա­բե­կիչ­նե­րու հոս­քը:

Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան հիւս­ուած­քը սա­կայն չքայ­քայ­ուե­ցաւ, իւ­րա­քան­չիւ­րը լուռ տա­րաւ իր տա­ռա­պան­քը ու հա­ւա­տաց, որ Սուր­ի­ան պի­տի մնայ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ու կրօն­նե­րու կե­նակ­ցու­թեան այն հա­ւա­սա­րակշռուած եր­կի­րը, որուն ժո­ղո­վուր­դը իր մի­աս­նու­թեամբ պի­տի վա­նէ ահա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քը:

2016-ի Դեկ­տեմ­բեր 12-ը պատ­մա­կան օր մը եղաւ Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան հա­մար: Սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը ազա­տագ­րեց Հա­լէպ քա­ղա­քի տա­րած­քին 99 առ հա­րիւ­րը:

12 Դեկ­տեմ­բե­րին յայ­տա­րար­ուած Հա­լէ­պի ազա­տագ­րու­մը թէ­եւ պա­տե­րազ­մին աւար­տը չէր աւե­տեր, սա­կայն ան­կիւ­նա­դարձ մըն էր սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մին մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Հա­լէ­պը Սուր­իոյ երկ­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղաքն է, տն­տե­սու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը:

Հա­լէ­պի ազա­տագր­ման մէջ, սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին ու անոր դաշ­նա­կից­նե­րուն մարտն­չում­նե­րուն կող­քին, նշա­նա­կա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան քա­նի մը տու­եալ­ներ.

Ա) Նա­խա­գա­հին հա­մա­ներ­ման հրա­մա­նա­գի­րը, որուն ար­դիւն­քով շատ մը զին­եալ­ներ վար առին իրենց զէն­քերն ու յանձն­ուե­ցան սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին:

Բ) Ռուս-թր­քա­կան մեր­ձե­ցու­մը, որուն հե­տե­ւան­քով ռու­սա­կան կող­մը յա­ջո­ղե­ցաւ ճն­շում բա­նեց­նել Թուրք­իոյ վրայ` փա­կե­լու իր սահ­ման­ներն ու դադ­րեց­նե­լու զին­եալ­նե­րուն շա­րու­նա­կուող մա­տա­կա­րա­րու­մը:

Գ) Սուր­ի­ա­կան եւ ռու­սա­կան բա­նակ­նե­րուն կող­մէ մար­դա­սի­րա­կան անց­քե­րու հաս­տա­տումն ու Հա­լէ­պի արե­ւել­եան թա­ղա­մա­սե­րէն բնակ­չու­թեան դուրս բե­րե­լու հա­մա­կարգ­ուած ծրա­գի­րը:

Դ) Հա­լէ­պի ժո­ղո­վուր­դին, նոյ­նիսկ արե­ւել­եան շր­ջան­նե­րու բնակ­չու­թեան, բո­ղո­քի լայն ալի­քը ընդ­դէմ զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րուն:

Ե) Զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու շար­քե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող պա­ռակ­տում­նե­րը:

Հա­լէ­պի ազա­տագ­րու­մով բնակ­չու­թիւնը խան­դա­վառ­ուե­ցաւ յատ­կա­պէս խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­տի­րա­նա­լու յոյ­սով ու իր կեան­քը աս­տի­ճա­նա­բար վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու հե­ռան­կա­րով:

Կը մնայ յու­սալ, որ քա­ղա­քի ազա­տագր­ման ամ­րագ­րու­մով, յա­ռա­ջի­կայ տար­ուան մէջ ըն­թացք առ­նեն վե­րա­կանգ­նու­մի ծրա­գիր­նե­րու մշա­կումն ու սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին փու­լի մեկ­նար­կը:

Հա­լէ­պի ամ­բող­ջա­կան ազա­տագ­րու­մը անկիւնադարձ մը պի­տի ըլլայ` ու­ղեն­շելով սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման ողջ ըն­թաց­քը:

Մեկնաբանել