Ես Հալէպն եմ․ Մանուել Քեշիշյան

Ես Հալէպն եմ, քաղաք որուն արեւելեան թաղամասերէն այսօր հեռացան ըմբոստ վերջին զինեալները:

Իր բերդով հպարտ եւ անոր տասնմէկ դռներով հալէպն եմ ես:

Հազարաւոր տարիներէ այլեւայլ քաղաքակրթութիւններ որդեգրած եւ սնանած Հալէպն եմ ես:

Նաեւ այլազան ասպատակողներ տեսած եւ վանած Հալէպն եմ ես:

Այլազան ազգերու որդիներ հիւրընկալած եւ զանոնք զաւակ դարձուցած Հալէպն եմ ես:

Մզկիթներու աշտարակներով, եկեղեցիներու գմբէթներով հարուստ, նաեւ սենակոկներ ունեցած, Քրիստոսի եւ Մուհամմէտ մարգարէի ծնունդները տօնող, բոլոր մարգարէները ընդունող Հալէպն եմ ես:

Իր փակ շուկաներով համայն մարդկութեան սիրելի Հալէպն եմ ես:

«Մետաքսի ճամբայ»-ի հռչակաւոր քաղաքն եմ, հարուստ վաճառականներու քաղաքն եմ ես, վարպետ արհեստաւորներու քաղաքն եմ, նաեւ բանաստեղծներու քաղաք Հալէպն եմ ես:

Հպարտ Հալէպն եմ ես, նաեւ ընկճուածը այսօր:

Հինգ տարի ի վեր տառապող Հալէպն եմ ես:

Վարչակարգն եմ ես եւ յեղափոխականը: Պետութեան Շէպպիհն եմ ես զինեալ ընդդիմադիրը:

Հարիւրաւոր-հազարաւոր օտար ամէն տեսակ զինեալներու քաղաք մուտք գործած Հալէպն եմ ես:

Մութ ու ցուրտ փողոցներու եւ աւելի մութ ու ցուրտ տուներու քաղաք Հալէպն եմ ես։

Կիսակործան, քանդուած աւերակ դարձած Հալէպն եմ ես:

Միլիոնաւոր գաղթական դարձած զաւակներու տէր Հալէպն եմ ես:

Կիսասոված, հիւանդ զաւակներու տէր Հալէպն եմ ես:

Ռումբերու տարափի տակ դպրոց գացող, դպրոցները քանդուած, դպրոցազուրկ եւ մանկութիւն չապրած երեխաներու քաղաք Հալէպն եմ ես:

Զիրար ատող եւ զիրար սպաննող զաւակներու տէր Հալէպն եմ ես:

Որբացած զաւակներու եւ այրիացած կիներու քաղաք Հալէպն եմ ես:

Զինադադարով յաղթական դարձած եւ սակայն պարտուած Հալէպն եմ ես:

Սպաննուած բոլոր զաւակները ողբացող Հալէպն եմ ես:

Յաղթական բանակի եւ պարտեալ զինեալներու քաղաք՝ դէմքը՝ ուրախ-տխուր, հոգին լացող, յաղթանակը սուգով տօնող Հալէպն եմ ես:

Եղբայրասպան պատերազմի՝ սպաննուածներու, վիրաւորներու, անդամալոյծներու, խեղուածներու, խենդերու քաղաք Հալէպն եմ ես:

Աղուոր, գեղեցիկ, բարի յիշողութիւններ ունեցող Հալէպն եմ ես:

Զիրար ներող, զիրար գրկելու պատրաստ բոլոր զաւակներուն սպասող Հալէպն եմ ես:

Ծանօթ-անծանօթ՝ իրար «Սալամ Ալէյքոմ»ով (խաղաղութիւն ընդ ձեզ) բարեւող եւ Ալէյքոմ Սալամ ու րահմէթ Ուլլահի ուա Պէրէքէթօ-ով (Խաղաղութիւն ընդ ձեզ ու Աստուծոյ ողորմածութեամբ եւ բարիքներով) պատասխանով իրար ողջագուրող բոթոր զաւակներուն սպասող Հալէպն եմ ես:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ 22 Դեկտեմբեր 2016

Մեկնաբանել