Հալէպեան խաղաղ օրեր

Յանուն ճշմարտութեան, կ’ուզեմ արձանագրել մեր դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները, առանց չափազանցելու կամ ալ մեղմացնելու իրականութիւնները, որովհետեւ իրականութիւնները որքան ալ դառն ըլլան չեն դադրիր իրականութիւն ըլլալէ եւ զանոնք չտեսնել ձեւացնելը ցանկալի տեղ չի հասցներ մեզ:

Հալէպեան երկար սպասուած խաղաղ օրերն են, «Ազատագրութեան» առաջին օրերու ոգեւորութիւնը տեղի տուած է տարակուսանքներու: Նոյնիսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկիոսի Հալէպ այցելութեան ստեղծած ոգեւորութիւնը մոռացութեան տուած ենք եւ վստահութեամբ չենք նայիր ապագային:

Աւելի քան 20 օրէ ի վեր ջուր չկայ, չկայ նաեւ որեւէ խօսք ջուրի բացակայութիւնը բացատրող: Պետութիւնը քանի մը տեղեր շատ քիչ քանակութեամբ հորի ջուրը կը միացնէ մայր խողովակներուն մատակարարելու շրջակայ տուները. այս ջուրը երբեմն խմելի չէ եւ թունաւորման դէպքեր արձանագրուած են: Ջուրին 1000 լիթրը կը վաճառուի 2000-2500 սուրիական լիրայի՝ 4-5 ամերիկեան տոլար: Աժան է չէ՞. ո՛չ աժան չէ, որովհետեւ մեր ամսական միջին աշխատավարձը 60-70 տոլար է: Խմելու մաքուր ջուրին մէկուկէս լիթրանոց շիշին արժէքը 150 լիրա է: Ելեկտրականութիւնը կը շարունակենք ելեքտրածին սարքերէ (ճէնէրաթորներէ) գնել: Մազօթ շատ քիչ կայ, այդ պատճառաւ օրական 10-ի փոխարէն 5-6 ժամ ելեկտրականութիւն կ’ունենանք: Երկու-երեք օրէ պէնզինն ալ քիչցած է եւ վառելանիւթերը սեւ շուկայի մէջ արդէն կրկնակի գինով կը ծախուին: Կ’ըսուի թէ շուտով պիտի ունենանք վառելանիւթ, մարդիկ կը վախնան որ եթէ մազօթը ուշանայ հորէն ջուր հանելն ալ անկարելի պիտի դառնայ: Ըսողներ ալ կան թէ վառելանիւթերու գինը պիտի սղի. կրնայ ըլլալ, պետութիւնը յաճախ կը դիմէ այս քայլին, կը նուազին մատակարարուող վառելանիւթերու քանակները, գիները չափազանց կը սղին… յետոյ կ’ուրախանանք որ պետութեան նոր սակերը շուկայականէն նուազ են եւ հեշտութեամբ կը գնենք մեզի յարկ եղած վառելանիւթը: Մեծ է թիւը տունը փիւթակազով տաքցնողներուն. Որ շատ լաւ չի տաքցներ ու երբեմն կազի հոտը աւելի շատ կը տարածուի տան մէջ քան տաքութիւնը: Փիւթակազը ընտանեկան տոմսերով ըստ հերթի կը ծախուին 2650-ի իսկ դուրսը 4000-ի:

Ամէն ինչ չափազանց սուղ է (մարդու մասին չէ խօսքը), եւ մարդիկ ամէն ինչ չէ որ կը ճաշակեն, մանաւանդ ոչխարի կամ կովի միս, որոնք փոխարինուած են համեմատաբար աժան հաւու միսով: Ցաւով պէտք է արձանագրել որ եթէ նպաստները դադրին մարդիկ կիսաքաղց պիտի ապրին, բարեբախտաբար այս տարի դպրոցները ձրի են: Փողոցներու մէջ աճած է մուրացկաններուն թիւը, թէեւ մենք հայերս չենք հասած եւ չեմ ալ կարծեր, թէ հասնինք փողոցի մէջ մուրալուն: Կ’աճի նաեւ գողութիւնը: Երբեմն հարաւ արեւմտեան թաղամասերու վրայ քաղաքէն դուրս գտնուող զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ռումբեր կ’արձակուին եւ մարդկային զոհեր կը խլեն: Վերջերս նոր երեւոյթ մըն ալ նկատելի է, UNICEF-ի ջրաբաշխ ինքնաշարժերուն վրայ կը կարդանք թելադրանքներ այն մասին թէ ինչպէս պէտք է վարուինք զանազան տեսակի ականներ կամ մեզի անյայտ իրեր տեսնելու պարագային:

Ամէնէն սարսափելին սակայն մինչեւ 42 տարեկան տղամարդիկը պահեստի զինուոր տանիլ է: Փողոցներու մէջ յաճախ կը հանդիպինք զինուորական անցարգելներու, որոնք ինքնաշարժերը կը խուզարկեն եւ տղամարդկանց անձնագրերը կը քննեն, ու բացառուած չէ, որ ոմանց առնեն եւ բանակ տանին: Երբեմն թաղամասեր կը պաշարուին ու քննութիւններ կը կատարուին ապահովական պատճառներով, նաեւ պարտադիր ու պահեստի զինծառայութենէ խուսափողներ գտնելու ակնկալիքով:

Բնականաբար եթէ մինչեւ հիմա 18 տարիքի մօտեցող երիտասարդ տղաքը կը հեռանային երկրէն, ապա այժմ հասուն տարիքի տղամարդիկն ալ պիտի մտածեն այլ երկիրներ երթալ, եւ քաղաքը պիտի մնան մեծահասակներն ու դեռատի աղջիկները: 6-7 տարիներէ ի վեր եթէ հայրերն ու մայրերը կը սպասէին իրենց զաւակներու բանակէն տուն դարձին, ապա այսուհետեւ անոնց պիտի միանան նաեւ իրենց ամուսիններն ու հայրերը սպասողները: Ի զուր չե՞ն այն յոյսերը թէ բազմաթիւ հալէպահայեր պիտի վերադառնան իրենց սիրած քաղաքը. հոս դարձեալ պէտք է նշել. ճիշդ է որ հատուկենտ վերադարձողներ, կան որոնց մեծամասնութիւնը Սուրիոյ այլ քաղաքներէն, սակայն գացողներուն թիւը շատ աւելի է, հակառակ վերականգնումի մասին եղող խոստումներու, որոնց մասին բոլորը կը կասկածին, աւելի ճիշդ թերահաւատօրէն կը վերաբերին, որովհետեւ նախ չեն հաւատար, որ վերջնական խաղաղութիւնը տեսանելի ապագային պիտի տիրէ, եւ երկրորդ, բոլորը գիտեն թէ հայկական միջոցներով անչափ դժուար է վերականգնումը քանդուած տուներուն ու գործատեղիներուն, նոյնպէս եւ աշխատանքի միջոց հանդիսացող գողցուած գործիքներուն: Աւելի դիւրին է կիսաքանդ գործատեղիները ծախել, տուները ծախել եւ ի խորոց սրտի ըսել.

– Մնաս բարո՜վ, սիրելի Հալէպ: Մնա՜ք բարով վերականգնուող հայկական կառոյցներ…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 9 Փետրուար 2017

Մեկնաբանել