Հալէպ. դժուարին օրեր

Առտու կանուխ՝ ժամը վեցին կնոջս հետ փուռ գացի հաց գնելու: Կնոջս հետ որովհետեւ կիներու շարքը աւելի կարճ կ’ըլլայ… ի զուր, ինչպէս տղամարդիկ՝ կիներն ալ երկա՝ր պոչ մը բռնած էին, մէկ ժամէն մեր կարգը չէր հասներ, ետ դարձանք:

Ընկերս այդ օր ստիպուած էր սուղնոց հաց գնել, յաջորդ օրերն ալ.. իսկ այդ պիտի ազդէր իր դրամական հաւասարակշռութեան վրայ:

Ընկերս կ’աշխատի, կինն ալ: Իրենց ընտանիքը հինգ հոգիներէ բաղկացած է:

Ընկերս կը հաշուէ. եթէ սուղնոց հաց գնէ՝ ամսական հացի համար պիտի ծախսէ նուազագոյն 6 հազար լիրա:

Ընկերոջս եւ իր տիկնոջ աշխատավարձերուն գումարը կը կազմէ 70 հազար սուրիական լիրա: Հոս պիտի չհաշուեմ թէ քանի տոլար կամ քանի հայկական դրամի հաւասար է այս գումարը, պարզապէս պիտի հաշուարկեմ, թէ ամսական քանի՞ լիրայի պէտք ունի ընկերս կէս-ծարաւ, կէս կուշտ-կէս անօթի, կէս լուսաւորում-կէս մթութիւն ունենալու համար, քանի՞ անգամ թաքսիով իրաւունք ունի գործի երթալու եւ քանի անգամ ոտքով, պիտի ստուգեմ թէ իրաւունք ունի՞ գոնէ ամիսը կամ տարին մէկ անգամ ռեսթորան երթալու: կրնա՞յ կնոջ համար տարին կօշիկ մը կամ հագուստ մը գնել: Անմիջապէս ըսեմ, որ ընկերոջս ընտանեկան եկամուտը միջինէն շատ աւելի բարձր է:

Ընկերս Ելեքտրածին ճէնէրաթօրէն ստացած երկու ամփէրի համար կը վճարէ 8 հազար դրամ, այս ելեկտրականութեամբ ան կրնայ սառնարան աշխատցնել, կամ միայն պաղ ջուրով լուացքի մեքենայ, կամ հեռատեսիլ մը եւ մէկ-երկու լամբ. Կա՛մ, կա՛մ. երկու երնէկ մէկ տեղ չ՞ըլլար: իսկ պետութեան հայթայթած ելեկտրականութիւնը անիրականալի երազի մը վերածուած է…

Տունը ինչպէ՞ս պիտի տաքցնէ ընկերս: Պետութիւնը երկու հարիւր լիթր մազութ կու տայ իւրաքանչիւր ընտանիքի, որուն գինն է 37000 լիրա.. ամսական 3000 լիրա: Այս մազութը կաթիլ առ կաթիլ պէտք է այրէ որպէսզի ձմեռը կէս տաք-կէս պաղ անցնէ սիրելի ընկերս:

Ջուրը դրամով չի գներ ընկերս, ան ջուրը կը կրէ մօտակայ ջրհօրէն եւ կը բարձրացնէ երրորդ յարկ, միշտ վախնալով որ օր մը ջուրէն խնայուած դրամին հարիւրապատիկը պիտի վճարէ բժիշկներուն՝ բուժելու կռնակի ոսկորներուն խախտումը…

Օրական հինգ հոգինոց ընտանիք մը եթէ առտու պիտի նախաճաշէ, Կէսօրին պիտի ճաշէ եւ երեկոյեան պիտի ընթրէ, ամէն օր նոյն ամէնէն աժան ուտելիքները ուտելով պէտք պիտի ունենայ 2000-3000 սուրիական լիրայի… հապա պտուղ-բանջարեղէն, հապա քաղցրաւէնիք…

Ամսուան կէսէն ընկերոջս քսակը կը սկսի դատարկուիլ. անելանելի վիճակի մէջ է: Փառք Աստուծոյ եւ համայն հայութեան, առաջինին օրհնութեամբ եւ երկրորդին օգնութեամբ քանի մը օր ալ կարելի է դիմանալ:

Ի՞նչ պիտի ընէինք եթէ այս տարի դպրոցները ուսման վարձ առնէին, հապա՞ գալ տարի եթէ դպրոցները կրթաթոշակ գանձելու ըլլան…

Երբեմն աշակերտներ տաբատի փոխարէն գիշերանոցի նմանող փուլ օվըրներով կը յաճախեն դպրոց, որովհետեւ ունեցած միակ տաբատնին աղտոտած է, պէտք է լուացուի: Դպրոցական տարիքի փոքրիկներուն եւ պատանիներուն հասակները արագօրէն փոփոխութեան կ’ենթարկուին եւ ունեցած իրենց հագուստները այլեւս կը դադրին իրենց պիտանի ըլլալէ, իսկ հագուստեղէնը շատ սուղ է. բարեբախտաբար Հայաստանեան օգնութիւններէն իւրաքանչիւր աշակերտի բաժին ինկած վերարկուն դիւրացուց այս տարուան սաստիկ ձմեռը կերպով մը անցընելուն:

Ընկերս արդէն ինքզինքին հետ կը խօսի, յաճախ բարձրաձայն. Երբեմն դէմքին վրայ անիմաստ ժպիտ մը կը նկատեմ, երբեմն կը լսեմ իր խնդուքը եւ այդ խնդուքին անյարիր բառեր.

-Լաւ չե՛նք,-կ’ըսէ ան,- Ո՛չ, լաւ չենք:

Քանի մը ամիս առաջ եթէ ամէն տեղ խօսակցութիւններուն գլխաւոր նիւթը տեղացող արկերն էին, ապա հիմա տնտեսական տագնապի շուրջ մտորումներն են, դժգոհութիւնները: Ամէնօրեայ աճող գիները, աշխատավարձերուն անբաւարար ըլլալը:

Առաջ, եթէ ոմանք կը մերժէին նպաստ ստանալ կամ կը փորձէին գաղտնի պահել իրենց նպաստընկալ ըլլալը, ապա հիմա բարձրաձայն կը դժգոհին, որ նպաստները քիչ են: Առաջ եթէ այս կամ այն հարցը արժանապատուութեան հետ կը կապէին մարդիկ, հիմա բոլորն ալ արժանապատուութիւն բառը մոռացութեան կու տան:

Նպաստները շատ քիչ են. լաւագոյն պարագային ամսական նպաստընկալ իւրաքանչիւր ընտանիքի յատկացուած գումարը 10000 լիրա է (20 տոլարէն նուազ ), որ մէկ շաբաթ իսկ չի բաւեր, մեծ է աղքատ ընտանիքներուն թիւը որոնցմէ իւրաքանչիւրին եկամուտը 20-30 հազար է, ստացած նպաստն ալ 7-8 հազար… այս ընտանիքին հայրը ինչպէ՞ս չխենթենայ, ինչպէ՞ս ինքնիրէն հետ չխօսի, ինչպէ՞ս- ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս…

Վերջերս հալէպահայ երեք հարիւր ընտանիքի որոշ նպաստ յատկացուցած է IDeA-ը. այս նպաստը պիտի տրամադրուի երեք անգամով: Առաջին բաժինը մարդիկ ստացեր են արդէն, երկրորդ մասը շատ շուտով պիտի ստանան..

-Երրորդէն ետք ի՞նչ պիտի ընենք,-հիմակուընէ կը մտահոգուին անոնք:

Իրաւունք ունին:

Նպաստ բաշխող կազմակերպութիւններ երբեմն կը յայտարարեն, թէ պիտի դադրեցնեն նպաստները եւ դուրսէն գալիք օգնութիւնները պիտի տրամադրեն վերականգնումի ծախսերուն..

-Է՛հ, է՜էհ…

Արաբ բարեկամ մը ունիմ, թոշակառու է եւ տակաւին կ’աշխատի ալ, այսինքն երկու ամսական ունի, լաւ կը վարձատրուի, տունը վնասուած է, կողոպտուած եւ երեք տարիէ ի վեր չորս հոգինոց ընտանիքով վարձու տան մը մէջ կը բնակի, տան վարձքերը շատ սուղ են. առաջ եթէ ամէն օր թաքսիով կու գար, հիմա միքրո պիւսով, տունն ալ հեռու է գործատեղիէն: Այս բարեկամիս աւելի քան երեսուն տարիներու խնայած գումարները կը հալին, կը չքանան մինչ ինք խոր ծերութեան շեմին է, երկու համալսարանաւարտ զաւակները՝ անգործ:

Շաբաթը քանի մը անգամ կը հանդիպինք իրարու:

-Ինչպէ՞ս ես, կը հարցնենք իրարու:

Երկուքս ալ պատասխան չունինք տալու: Ես աւելի համարձակ եմ իրմէ ուստի եւ աւելի շատ կը բողոքեմ իշխանութիւններուն դէմ, ինք կը խրատէ զիս.

-Ցած ձայնով խօսիր, ասոր-անոր քով բերանբացութիւն մի՛ ըներ, չե՞ս գիտեր «գացողը»՝ ետ չի գար… Գացող-տարուող,չվերադարձողներուն մէջ առայժմ հայեր շատ քիչ են:

Ինչպէ՞ս կը դիմանան մարդիկ, ինչպէ՞ս պիտի դիմանան վաղը…

Ազիզիէ թաղամասին մէջ հանրային փոքր պարտէզ մը կայ, այսօր անոր միջով կ’անցնէի. արեւմտեան դարպասին մօտ նկատեցի գլխերնուն ոչ-սեւ շարփերով ծածկած, վառ կարմիր շրթներկերով շպարուած աղջիկներ, որոնք ոտք-ոտքի դրած նարկիլէ կը ծխէին… սպասումի մէջ էին անոնք:

Ի՞նչ կը սպասէին…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 5 Մարտ 2017

Լուսանկարները՝ հեղինակի

Մեկնաբանել