ԱՊՏՈՆ ԵՒ ՍԱԳՈՆ  

Բազմաթիւ հայ բարեկամներ ունի Ապտոն:

Բազմաթիւ արաբ բարեկամներ ունի Սագոն:

Ուսուցիչ Ապտոն եւ ուսուցիչ Սագոն մօտիկ բարեկամներ են:

Վերջին հինգ տարիներուն Ապտոն եւ Սագոն շատ տուժեցին: Սագոյին եղբայրը զոհ գնաց հրթիռի մը, անոր տունը կիսաքանդ վիճակ մը ունի, Սագոյին բարեկամներէն շատեր գաղթեցին երկրէն, անոնցմէ մէկուն տան մէջ կ’ապրին Սագոյի եղբօր այրին եւ որբ զաւակները:

Ապտոյին գլուխԷն անցան պատերազմի բոլոր աղէտները: Անոր տունը ընդդիմադիրներու իշխանութեան տակ գտնուող շրջանի մէջ կը գտնուէր: Ապտոն փոքրիկ տուն մը վարձեց եւ մնաց քաղաքի պետական հակակշռին տակ գտնուող վայրին մէջ, որովհետեւ իր գործը հոն էր, իսկ կինն ու զաւակները ղրկեց գիւղ, որ շուտով անցաւ ընդդիմադիրներու գերակայութեան տակ: Ապտոն կը կարօտնար իր կինն ու զաւակները եւ ամիսը անգամ մը գիւղ կ’երթար զանոնք տեսնելու: Գիւղը Հալէպէն երեսուն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, սակայն ուղիղ ճանապարհ չկար եւ Ապտոն ստիպուած էր երկու հարիւր քիլոմեթր ճամբայ կտրել հոն հասնելու համար: Ապտոյին ոդիսական ճամբորդութիւնը 10-12 ժամ կը տեւէր՝ ան հողէ ճամբաներէ կ’անցնէր, ուր բազմաթիւ անցարգելներ կային, նախ պետական զօրքի անցարգելները, ապա ընդդիմադիրներունը: Իւրաքանչիւր անցարգելի Ապտոն եւ բոլոր Ապտոները խիստ հարցաքննութեան կ’ենթարկուէին.

-Ո՞ւր կ’երթաս, ինչո՞ւ կ’երթաս:

-Ուրկէ՞ կու գաս: Ինչո՞ւ հոն կ’ապրիս: Դուն անոնց կողմնակի՞ց ես:

Այս եւ նման հարցումները անարգանգով կ’ուղղուէին բոլոր Ապտոներուն, իսկ Սագոն՝ Սագոները չէին կրնար ճամբորդել, կը վախնային առեւանգուելէ կամ նոյնիսկ սպաննուելէ որովհետեւ.. հայ էին իսկ հայերը կը համարուէին պետութեան »շէպպիհներ»՝ ուրուականներ:

Ապտոն ընդդիմադիր չէր, բայց խաղաղ յեղափոխութեան համակիր էր, որովհետեւ բազմաթիւ թերութիւններ նկատած էր պետութեան ու պետական մարդոց մօտ, ինչպէս, համատարած կաշառակերութիւնը, համայնքային խտրականութիւնը եւայլն: Ապտոն Սագոյին կ’ըսէր.

-Գիտե՞ս ինչու ձեզ կ’առեւանգեն, որովհետեւ ձեր մէջ ընդդիմադիրներ չկան, դուք բոլորդ այս իշխանութեան կողմնակիցներ էք: դուք՝ բոլոր հայերդ յեղափոխութեան դէմ էք:

Սագոն կը փորձէր բացատրել.

-Մենք իշխանութեան կոծմնակից չենք, մենք պետականութեան՝ Սուրիոյ պետութեան կողմնակիցներ ենք, մենք չենք ուզեր որ պետութիւնը քանդուի, մենք կ’ուզենք որ բոլոր սուրիացիները իրար հետ հաշտ ապրին:

Ապտոն Սագոյին բարեկամն էր: Անոնք յաճախ սրտբաց զրոյցներ կ’ունենային եւ զիրար կը հասկնային:

Հապա՞ միւս Ապտոները՝ որոնց անունները Ահմէտ, Սէմիր, Տիպօ, եւայլն էին, հապա՞ միւս Սագոները, որոնց անունները Կարպիս, Վարդան, Յովհաննէս եւայլն էին..

Սագոն յաճախ կը բողոքէր ե Ապտոյին կ’ըսէր.

-Մենք խաղաղ բնակիչներ ենք, ինչո՞ւ ընդդիմադիրները մեր թաղերը կը ռմբակոծեն:

Ապտոն անկեղծօրէն կը պատասխանէր.

-Ես ալ դէմ եմ ձեր թաղերու ռմբակոծման, որոնց մէջ արաբները աւելի շատ են քան հայերը… բայց դուք ինչո՞ւ ցաւ չէք զգար, երբ միւս թաղերը կը ռմբակոծուին, Եթէ հոս հրասանդներ կ’արձակուին ապա միւս կողմի թաղերը, գիւղերը կը ռմբակոծուին օդանաւերու կողմէ, որոնք շատ աւելի խաղաղ բնակիչներու կեանքեր կը Խլեն քան զինեալներու.. Եթէ քու եղբայրդ հրասանդի մը զոհ գնաց, իմ եղբօրս ամբողջ ընտանիքը մնաց իր տան փլատակներուն տակ…

Սագոն կը հասկնար Ապտոյին ըսածները. Սագոն կը նեղուէր երբ միւս Սագոներուն հրճուանքի բարձրագոչ արտայայտութիւնները կը լսէր ի տես Արեւելեան թաղամասերու բնակիչ Ապտոներու գաղթին, անոնց տուներու կողոպուտի ենթարկման: Սագոն կ’ուզէր որ բոլոր Ապտոները հասկնան թէ իրեննիներուն ուրախութեան պատճառը ոչ թէ բնիկներուն գաղթն է, այլ ահաբեկիչներուն հեռանալով իրենց թաղերուն ապահովութեան հաստատումը:

-Տեսա՞ր,- կ’ըսէր Ապտոն, դուք պապէն աւելի պապական էք, դուք տակաւին ահաբեկիչներ կ’անուանէք ընդդիմադիրները, երբ նոյնիսկ պետական զօրքը զանոնք զինեալներ կը կոչէ. Ինչպէ՞ս չնեղուին Ապտոներն ու Ահմէտնրը Սէմիրները..

Հալէպը «ազատագրուած» էր, սակայն դեռ շատ փորձութիւններ կը սպասէին Սագոյին եւ Ապտոյին:

Ապտոն ուզեց գիւղէն քաղաք փոխադրել կինն ու զաւակները: Գնաց իրենց թաղամաս եւ յուսահատ կանգնեցաւ հօրենական անդուր տան դիմաց: Մտաւ տուն: Տունը մեծ վնասներ կրած էր, սակայն ծածկ ունէր:

-Նոր դուր մը կը տեղադրեմ, կը նորոգեմ տունը եւ ընտանիքիս հետ կ’ապրիմ, Ամէն կողմ զինուորներ են, տան մէջ մնացած իրերը չեն գողցուիր- որոշեց Ապտոն:

Ապտոն կը սխալէր. Երկու օր ետք երբ դարձեալ տուն եկաւ նոյնիսկ տան պատերը փորուած գտաւ. Պատերուն մէջէն ելեքտրական լարերը կը բացակայէին:

-Աստուած իմ, ո՞վ քանի մը պղինձէ լարի համար տան մը ամբողջ պատերը կը փորէ:

Պատասխանը գիտէր Ապտոն: Սակայն յաջորդ օր պաշտօնավարած երկու դպրոցներուն մէջ իր բարեկամ Սագոյին հետ կը շարունակէին միւս Ապտոներուն եւ Սագոներուն ներողամտութիւն եւ հաշտութիւն քարոզել:

Օր մը երբ Ապտոն դպրոցէն տուն կը վերադառնար զինք կեցուցին եւ որպէս պահեստի զինուոր տարին բանակ:

Սագոն տխրեցաւ իր ընկերոջ բախտին համար: Սակայն օր մըն ալ Սագոն տարին բանակ: Ապտոն երբ տեղեկացաւ տխրեցաւ.. Սագոն ո՜ւր, բանակը ո՜ւր,- խորհեցաւ ան:

Հիմա Սագոն բանակին մէջ այլ Ապտոներու հետ է, անոնց բացատրելիք շատ հարցեր ունի, անոնցմէ լսելիք եւ զանոնք հասկնալիք շատ բաներ ունի: Նոյնն ալ Ապտոն:

Սագոն ու Ապտոն միասին պիտի սպասեն խաղաղ օրերու:

Ապտոներն ու Սագոները սպասուող խաղաղ օրերուն իրար հետ ապրելու համար այսօր պիտի լսեն եւ հասկնան զիրար:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 10 Մարտ 2017

Մեկնաբանել