Տօնական Հալէպ

16 Մարտ-Սուրիոյ ուսուցիչներու տօն:

21 Մարտ-Մայրերու օր:

Այս երկու առիթները տօնական մթնոլորտ մը ստեղծած են հալէպահայութեան մօտ:

Միշտ այդպէս եղած է: Ուսուցիչներու տօնը մշտապէս նշուած է ճաշկերոյթներով-քօքթէյլներով. Մայրերու օրը ամենազանազան հանդիսութիւններով:

Այս օրերուն կը թուի թէ բան չէ փոխուած հալէպահայութեան համար, կը թուի թէ հարիւր յիսուն զոհ չենք տուած, կը թուի թէ յիսուն հայ այրիներ չկան որոնցմէ կէսը հեռացած է երկրէն, թէ որբերուն թիւը չէ աւելցած, թէ հարիւրաւոր հայերու տուներ եւ գործատեղիներ չեն քանդուած, տասնեակ հազարաւորներ չեն գաղթած:

Այս երկու տօներուն եթէ գումարենք վերջին 15 օրերու մշակութային ձեռնարկները՝ երեք երգչախումբերու համոյթներ, պարային ելոյթ, դպրոցի մը տարեգրութիւնը պատմող գիրքի շնորհանդէս, եւ նշել թէ ասոնց նմանը ամիսներէ ի վեր ամէն շաբաթ տեղի կ’ունենայ Հալէպի մէջ, ապա կը թուի թէ հալէպահայ գաղութի կեանքը կ’ընթանայ բնականոն հունով եւ Հալէպը կը պահպանէ իր աշխուժութիւնն ու կենսունակութիւնը, մանաւանդ որ միութենական կեդրոնները եռուզերի մէջ են, կը վխտան նկարչական եւ երաժշտական դպրոցներ յաճախողները, մարզիկները կը մարզուին կը մասնակցին Սուրիոյ ախոյեանական մրցումներուն, կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ ապագայ թատերական ներկայացումներու եւ պարային համոյթներու:

Այո՛, ի տարբերութիւն այլ հալէպցիներու, ի մասնաւորի իսլամ հալէպցիներու, մեր դպրոցական աշակերտներու եւ համալսարանական ուսանողներու արտադպրոցական կեանքը յագեցած է միութենական ամենատարբեր միջոցառումներով:

Նշենք նաեւ մեր շաբաթաթերթ «Գանձասար»ը, որ տագնապի այս տարիներուն Հալէպի մէջ հրատարակուողմիակ թերթն էր, աւելցնենք որ քանի մը ամիսներէ ի վեր ունինք «Ռատիօ Երազ«ը:

Հոյակապ է չէ՞: Սակայն: Եկէք դէմ առ դէմ կանգնինք մեր իրականութեան միւս երեսին հետ ալ:

Սկսինք մայրերէն եւ ուսուցիչներէն:

Այսօր մեր գաղութին մէջ կան հարիւրաւոր միայնակ մնացած մայրեր, որոնց զաւակները գաղթած են այլ տասնեակ հազարաւորներու հետ, «Մայրերու օր«ը անոնց ո՞վ նուէր կամ ծաղիկ պիտի տայ:

Մեր ուսուցիչներուն երկու երրորդը գաղթած է, բարեբախտաբար անոնց թափուռ տեղը լեցուցած են երիտասարդ ուսուցիչներ, սակայն առաջ եթէ բազմաթիւ այր ուսուցիչներ ունէինք այսօր անոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի իգական սեռին:

Առաջ եթէ տաս հազարէ աւելի դպրոցականներ կը նշէին իրենց սիրելի ուսուցիչներու տօնը, ապա այսօր անոնց թիւը հազիւ կ’անցնի երկու հազարը. բարձր դասարաններու մէջ աղջիկներու թիւը շատ աւելի է քան տղոցը, թիւի այս հսկայական տարբերութիւնը աչքառու կը դառնայ նաեւ երգչախումբերու եւ պարախումբերու պարագային երբ բեմի վրայ կը տեսնենք 10-12 պարող կամ երգող տղաք 30-40 աղջիկներու կողքին. Ինչո՞ւ, որովհետեւ զինուորական ծառայութեան տարիքը որքան մօտենայ այնքան տղաքը կը հեռանան երկրէն, ինչո՞ւ զինուոր դառնան, որո՞ւ դէմ կռուելու, եւ եթէ ողջ մնան քանի՞ տարի զինուոր մնալու, չէ՞ որ բոլորս գիտենք 40- 50 հայ տղաք արդէն եօթերորդ տարին է ինչ բանակային են, մինչդեռ հինգ տարի առաջ պէտք է զօրացրուած ըլլային: Երիտասարդներու երկրէն հեռանալուն նոր թափ հաղորդած է նաեւ պահեստի բանակայիններու խնդիրը. այսօր մինչեւ 42 տարեկան տղամարդիկ կը կանչուին բանակ, յայտնի չէ որքան ժամանակաւ: Իսկ դպրոցները՞: աշակերտներուն թիւը երեք քառորդով նուազած է եւ այսօր անոնցմէ ամենամեծին աշակերտներուն թիւը 400ի սահմաններուն մէջ կը տարուբերի նախկին 1500-1600ի փոխարէն, եւ եթէ մեր դպրոցներէն մի քանին իրենց շէնքը ապահովութեան համար փոխադրեցին եւ միացան իրար, ապա խաղաղ օրերուն պիտի չվերադառնան իրենց նախկին բոյնը աշակերտութեան սակաւութեան պատճառաւ, փաստօրէն իրար միացած դպրոցներն ալ պիտի չորս դպրոցի պիտի չվերածուին ու պիտի նուազի մեր անոնց թիւը. Ըսենք նաեւ որ 60 կամ 100 աշակերտ ունեցող դպրոցներ ալ ունինք որոնք հսկայական օգնութիւննեերով կը փորձեն այսօր պահել իրենց գոյութիւնը. իսկ վաղը՞…

Մեր մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններուն մեծ մասին ալ վիճակը լաւ չէ, անոնցմէ շատերուն գոյութիւնը կը նկատուի միայն գործող կազմակերպութիւններուն շնորհաւորագրեր յղելով: Այս պարագան կը համարձակիմ ըսել կը վերաբերի նաեւ մեր աւանդական կուսակցութիւններուն, որոնց երեքէն երկուքին Հալէպի մէջ մնացած անդամներուն թիւը քանի մը տասնեակը չ’անցնիր:

Հապա եկեղեցիները՞: Հայ առաքելական եկեղեցիներէն երկուքը չեն գործեր, անոնց սպասարկող քահանաերուն թիւը իջած է հինգի կամ վեցի, որոնք գրեթէ չեն այցելեր իրենց ծուխերը: Հայ կաթոլիկներուն հայախօս զաւակներուն թիւը խիստ նուազած է, նուազած է նաեւ կրօնականներուն թիւը եւ երբեմն Աստուծոյ նոյն ծառան կը տեսնենք որ եկեղեցիէ եկեղեցի կը վազէ հայերէն պատարագ մատուցելու: Հայ աւետարանականներուն թիւը այնքան նուազած է որ համայնքին պատասխանատուները ամէն ջանք կը գործադրեն որ կիրակնօրեայ պաշտամունքներուն ներկայ գտնուին նաեւ այլ համայնքներու զաւակներ, մինչ իրենց երեք եկեղեցիներուն ծառայող պատուելիներուն թիւը իրականութեան մէջ երկու է, որոնց բացակայութեան հաղորդակից անդամներ կը կատարեն պաշտամունքը:

Գաղթողներ կա՞ն տակաւին, այո՛,կա՛ն, շատ մեծ է նաեւ գաղթել ուզողներուն թիւը: Վերադարձողներ կա՞ն, այո՛ հատ ու կենտ, որոնց մեծ մասն ալ գործրը կարգի դնողներ՝ տուն-տեղ ծախելու եկածներ..

Այսօր տակաւին կենսունակ է հալէպահայ գաղութը, վաղը՞: Վաղը կենսունակ մնալու համար շատ բանի կարիք ունի ապրելու արժանի այս գաղութը: Դպրոցները ինչպէ՞ս պիտի պահուին, այսօրուան հարիւրաւոր միլիոնները պիտի շարունակեն տրամադրուիլ անոնց, թէ՞ հայ ծնողները անկարող ըլլալով վճարել դպրոցական կրթաթոշակը պիտի ստիպուին իրենց զաւակները պետական դպրոցներ ղրկել: Նոյնը կը վերաբերի մշակութային ձեռնարկներուն, հարիւր հազարներ կը ծախսուին այսօր գեղարուեստական ելոյթի մը համար, որուն յաճախ հանդիսատեսը ներկայ կը գտնուի անվճար, վաղը մեր միութիւնները ի վիճակի պիտի ըլլա՞ն այս ծախսերը հոգալու:

Վաղը ամէն մէկ հալէպահայ ձեւով մը ստիպուած պիտի ըլլայ հոգալ իր ապրուստը:

Մնացածը՞՝ կրթականը՞, հոգեկանը՞, ազգայի՞նը, ընկերայինը՞:

Այս մասին այսօրուընէ պէտք է մտածել:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 19 Մարտ 2017

Մեկնաբանել