Հալէպի գողերը  

Պիտի չգրեմ մեր արժանապատուութիւնը գողցողներուն եւ ամէն օր զայն ոտնակոխողներուն մասին:

Պիտի չգրեմ մեր երիտասարդներուն տարիները գողցողներուն մասին՝ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան զանոնք բանակներու մէջ պահողներուն, զանոնք յուսահատութեան մատնողներուն եւ անոնց հոգիները խեղաթիւրողներուն մասին:

Պիտի չխօսիմ մեր բոլորիս կեանքէն տարիներ գողցողներու եւ մեզ ծերացնողներուն, մեր կեանքը անհեթեթ դարձնողներուն մասին:

Պիտի խօսիմ առօրեայ գողերուն մասին, որոնք մեր ինչքը կը սեփականացնեն եւ կը մնան անպատիժ:

Այս օրերուն մեծ է թիւը գրպանահատներուն, որոնք օթոպիւսի մէջ ձեռքերնին մարդոց գրպանը մտցնելով այդտեղի թղթադրամները կը փոխադրեն իրենց գրպանները, ասոնցմէ շատեր պատանիներ են՝ ապագայ մեր սերունդներու ներկայացուցիչները, դժբախտներ որոնք այսօր դպրոց չեն երթար, կը սլքտան փողոցները, մուրացկանութիւն կ’ընեն, ձեռքդ երբ ուտելիք մը տեսնեն չեն վարանիր ձեռքերնին անոր երկարելու եւ խնդրելու (կամ պահանջելու) որ իրեն տաս զայն, փոխանակ անով քու ստամոքսդ լեցնելու, անոնք երբեմն նոյնիսկ կը համարձակին իրենց ձեռքերը աչքիդ աժջեւ գրպանդ խոթել հոն իրենց համար գնելիք սէնտուիչի մը գինը փնտռելու, ասոնք նպարավաճառներու խանութներէն մանր-մունր ուտելիքներու գողութիւնն ալ արտօնեալ կը սեպեն: Այս տղաքն են, որ հորերու ջրաբաշխ ծորակներն ու ճէնէրաթորներէն ելեքտրականութեան չափի ձեր տուներուն հասնիլը կարգաւորող, փողոցներու մէջ տեղադրուած, անջատիչները կը քակեն եւ կը ծախեն քանի մը ղրուշի:

Տարիքով քիչ մը աւելի մեծերը՝ երիտասարդ տղաք, դարձեալ փոքր գողերու շարքին կը դասուին, որոնք առաւելագոյնը շէնքերու մութ մուտքերէն կամ փողոցներու մթութենէն օգտուելով քեզ կը զրկեն բջիջայինէդ կամ կը բաւականանան կնոջդ ձեռքի պայուսակը իրենց հետ տանելով, ինքնաշարժիդ ապակին փշուռ-փշուռ կ’ընեն, դրամի վերածուող որեւէ իր գտնելու յոյսով:

Յաճախ յայտարարութիւններ կը կատարուին տան դուռը չբանալ անծանօթի՝ ո՛վ ալ ըլլայ ան. բայց կան գողեր, որոնց առջեւ փակ դուռ չկայ, ասոնք կը մտնեն որեւէ անբնակ տուն, կը դատարկեն զայն, անոր պարունակութիւնը բեռնատարերով չես գիտեր ուր կը տանին. արգիլող չկա՜յ: Ասոնցմէ զգոյշ պէտք է ըլլան յատկապէս երկրէն գաղթողները: Խորհուրդ կու տամ այսպիսիներուն իրենց տունը վարձու տալ, կամ վճարովի պահակ մը վարձել, կամ անտուն ընտանիքի մը բարիք ընելով անոր զաւակներուն ժամանակաւոր երդիք մը ապահովել…

Կայ այլ երեւոյթ մը, որուն բնութագրումը ձեզի կը թողում. այս երեւոյթին տէրերը մաքսային պաշտօնեաներն են, որոնք օր ցերեկով կը մտնեն վաճառատուներ, կը պահանջեն ամենատարբեր փաստաթուղթեր եւ բոլոր պահանջքներուն գոհացում տուողն իսկ չ’ազատիր անոնց ձեռքէն. Պէտք է քսակները լայն բացուին, շա՜տ լայն: Մաքսային աշխատողները քաղաքի փողոցներուն մէջ կը կանգնեցնեն բեռնատար մեքենաները եւ … որքան որ պահանջեն պէտք է տաս: Կ’ըսուի թէ առեւտրական գրասենեակը բողոքած է եւ սուրիական փառլամէնթը արգիլած է քաղաքներու մէջ մաքսային քննութիւններ կատարել: Տեղին է նշել որ քաղաքէ քաղաք բեռներ փոխադրող մեքենաներէն իւրաքանչիւր զինեալ խմբաւորում կը գանձէ որոշ գումար մը, որ մեծապէս կը բարձրացնէ որեւէ ապրանքի ինքնարժէքը, առաւել եւս թանկացնելով ամէն ինչ:

Ընդհանրացած է ելեքտրական լարերու գողութիւնը. Պատերազմէն դուրս ելած ամբողջ թաղամասեր այսօր զուրկ են ելեքտրական ցանցերէ.. ո՞վ վերացուց զանոնք, ե՞րբ, դժուար է պատասխանել բայց ամէն մէկ եկող-գացող իրեն հասնող բաժին մը ունեցաւ: Կրնամ պնդել որ մեր ինչքերուն վստահելի պահակներն ալ քիչ օգուտ չքաղեցին. օրինակներով խօսիմ:

Տունդ կամ գործատեղիդ կը գտնուէր վտանգաւոր կամ զինեալ ընդդիմադիրներու իշխանութեան տակ եղող վայրի մը մէջ, հիմա ապահով է այդ վայրը, կ’երթաս տունդ, կը տեսնես շատ իրեր թռած են անդարձ, բայց տակաւին բաներ մը կան, կը մխիթարուիս, մէկ շաբաթ ետք դարձեալ կ’այցելես տունդ եւ կը զարհուրիս.. տանդ պատերը փորուած են, ելեքտրական լարերը հանուած, սառնարանիդ մասերը եւս չկան՝ միտքէդ չանցնի սառնարանդ փողոց նետել, այսուհետ կրնաս զայն որպէս պահարան գործածել, չէ՞ որ ամէն ինչ անչափ սուղցած է: Ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի բան պատահիլ, չէ՞ որ հիմա տանդ շուրջը պետական զօրքն է կամ ժողովրդային յանձնախումբերու տղաքը… ա՜խ, այս «ժողովրդային» կոչուողները… ու չես զարմանար որ անոնցմէ շատեր կարճ ժամանակի ընթացքին միլիոններ արժող ինքնաշարժերու տէրեր դարձած են: Ասոնք չե՞ն, որ գործատեղիիդ մէջ մնացած ապրանքը փոխադրելու համար քեզմէ ահռելի գումարներ կը պահանջեն, ասոնք չե՞ն գիշերուընէ պէնզինի հերթի կեցող ինքնաշարժերուն մարտկոցները գողցողները, ասոնք չե՞ն..

Քաղաքին կեդրոնը սուրճ ծախող մը կայ. առաւօտ մը կը նկատէ որ առանց սուրճ եփող արդիական իր գործիքին մնացեր է, կը նեղուի, կը սրտնեղի. բայց ի՞նչ կրնայ ընել:

-Ոեւէ մէկէ կը կասկածի՞ս,- կը հարցնեմ:

-Չեմ կասկածիր, գիտեմ, այս քանի մը անձերն են..

«Այս քանի մը»ն հոն վխտացող «ժողովրդայիններն» են:

-Բողոքէ՛, կ’ըսեմ.- Ինչո՞ւ չես բողոքեր:

Այդ պահի անոր տխուր աչքերուն պէս աչքերու յաճախ չէ որ կը հանդիպինք: Ան շշուկով կ’ըսէ.

-եթէ բողոքեմ ամէնէն փոքր մեղադրանքը հասցէիս՝ ընդդիմադիր զինեալներու հետ իբր համագործակցիլս պիտի ըլլայ: Կը յուսամ որ իմ ապրանքս ինծի ծախեն…

Է՜հ, Հալէպցիները դեռ ինչ տեսակ գողութիւններու մասին կրնան պատմել Աստուած գիտէ: Մէկը մնա՞ց որ չգողցաւ, չկողոպտեց զիրենք…

Եթէ պատերազմ է ամէն ինչ թոյլատրելի՞ է: Եթէ պատերազմ է պահապա՞նն ալ գողութիւն պէտք է ընէ….

Ասոնց մասին գրելով ակամայ կ’երթամ գրեթէ երեք տասնամեակ ետ, կը յիշեմ Ղարաբաղեան շարժման սկզբնական շրջանին, Երեւանի գողերը բանտէն շրջաբերականով մը բոլոր գողերէն պահանջեցին գողութիւն չընել, եւ իրապէս ալ այդ շրջանին որեւէ գողութիւն չարձանագրուեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ. Ազգային ազատագրութեան վեհ նպատակը ազնուացուցած էր ամէնքը… երանելի օրեր էին… Հալէպի դէպքերուն գլխաւոր բացական վեհ նպատակն է հաւանաբար եւ ուրեմն ամէն վատ բան կարելի է սպասել լաբիւրինթոսեան այս օրերուն:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 26 Մարտ 2017

Լուսանկարը՝ հեղինակի

Մեկնաբանել