Հալէպ – Ապրիլ 24

Ապրիլ 24- Հալէպ: Եթէ քալենք Հալէպի հայաշատ փողոցներով անմիջապէս կը նկատենք հայերու խանութներուն եւ հայկական բոլոր հաստատութիւններուն փակ ըլլալը, աւելին, կը նշմարենք, որ իւրաքանչիւր խանութպան փակ փեղկին վրայ արաբերէն լեզուով տեղադրած է յայտարարութիւն մը, բացատրելով որ խանութը փակ է ի յարգանք 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայկական ցեղասպանութեան անմահ նահատակներուն:

Ապրիլ 24-ը միշտ ալ համահայկական բնոյթ կրած է՝ Հալէպի մէջ տիրող ներկայի միասնական ոգիէն դեռ շատ առաջ, միւս կողմէ անվարան կարելի է ըսել որ ամբողջ սփիւռքի մէջ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յիշատակի եւ յարգանքի ձեռնարկները ամենաշատ կատարուեցան եւ կը շարունակուին տեղի ունենալ վիրաւոր եւ տակաւին տագնապ ապրող Հալէպի մէջ: Այնքան շատ են Ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումները՝ իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութիւն իր անդամներուն համար կազմակերպած է յիշատակի յատուկ ձեռնարկ մը, ասոնց կողքին կան նաեւ Հայ երեք յարանուանութիւններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն միացեալ ձեռնարկները, նաեւ այլ համագաղութային ձեռնարկներ, որոնցմէ պիտի առանձնացնեմ երկուքը՝ երկու պատճառներով. նախ որովհետեւ երկուքն ալ միջ-դպրոցական էին եւ երկրորդ՝ այս ձեռնարկներուն կազմակերպիչները երկար ատենէ հրապարակաւ չէին գործեր, երկուքին ալ կեդրոնները մեծ վնասներ կրած են եւ անոնք փոխադրուած են ժամանակաւոր կեդրոնատեղիներ. ասոնցմէ առաջինը Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան կազմակերպած Ցեղասպանութեան շուրջ ընդհանուր զարգացման մրցում մըն էր, որուն մասնակցեցան հինգ հայկական դպրոցներ, եւրկրորդը Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած, իրեն աւանդոյթ դարձուցած եւ տագնապի պատճառաւ ընդմիջուած արտասանութեան մրցումն էր, որուն դարձեալ մասնակցեցան հինգ հայկական դպրոցներ: Երկու մրցումներուն ալ նկատելի էր մասնակից աշակերտներուն գնահատելի լրջութիւնը:

Ապրիլեան միջոցառումներէն է Հալէպի Համալսարանին մէջ 25-30 Ապրիլին ընթացող Հայկական մշակոյթի շաբաթը, որ կ’ընդգրկէ նկարչական ցուցահանդէս, բանախօսութիւն, ֆիլմի ցուցադրութիւն, երգի համոյթ… անշուշտ կազմակերպութեամբ հայերուն՝ հայկական միութեան մը. տարօրինակ չէ՞, որ արաբներուն համար կազմակերպուած «Հայկական Մշակոյթի շաբաթը» կը ծանրանայ միայն մէկ կազմակերպութեան ուսերուն, ինչո՞ւ միւսերը թերացած են իրենց մասնակցութիւնը բերել, մանաւանդ հիմա, երբ մեր գաղութը միասնականօրէն կը գործէ: Տարօրինակ է, նոյնքան տարօրինակ է արձանագրել որ միջ-միութենական հանդիսութեան գործադրութիւնն ալ գրեթէ ամբողջութեամբ բեռցուած էր միայն մէկ կազմակերպութեան ուսերուն:

Նշելի է հայ երիտասարդներուն Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան դաշտին մէջ կազմակերպած բողոքի ցոյցը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական մարդիկ, նոյնիսկ իսլամ կրօնաւորներ… զարմանալի չէ՞.- զարմանալի չէ՛, որովհետեւ սուրիական պետութիւնը թշնամական դրութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ, աւելցնենք որ Համազգայինի Թատերական Միաւորը Ապրիլի 30-ին արաբերէն լեզուով պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած թատերական գործ մը. դարձեալ զարմանալի չէ, թէեւ բոլորիս մտքին մէջն է դեռ քանի մը տարի առաջ հայերէն լեզուով ներկայացուելիք «Անմահ Բոցը»ի, առանց որեւէ բացատրութեան արգելումը:

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին, մասնակցութեամբ Սուրիոյ Խորհրդարանի հալէպցի անդամներու, ապա կատարուեցաւ արեան տուչութիւն սուրիացի վիրաւորներուն եւ պետական բանակի զինուորներուն՝ «առ ի երախտագիտութիւն Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին ապաւէն տուած Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին» :

Բոլոր ձեռնարկներուն ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին մէկ ու կէս միլիոն սրբացած մեր նահատակներուն հետ նաեւ սուրիական քաջարի զօրքի նահատակներուն յիշատակը: Ասիկա ինքակամ նոյնացում-միացո՞ւմն էր պատմական մեր հայրենիքին եւ սուրիական մեր հայրենիքին, մեր եւ «մեր» նահատակ-զոհերուն հաւասարեցո՞ւմ. քաղաքական դաշնակից գտնելու խելացի քա՞յլ, թէ՞պարտադրուած յարգանքի տուրք:

Բոլոր ձեռնարկներուն գլխաւոր բացական ՑԱՒն էր, ցաւը մեր հայրենազրկութեան, ցաւը մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակներուն, ցաւը մեր շարունակուող ողբերգութեան, ցաւը անհատուցում մնացող կորուստներուն: Խօսքս ՑԱՒԻ մասին է եւ ո՛չ թէ ԼԱԼԿԱՆՈՒԹԵԱՆ: Ապրիլ 24-ը մեր նակատակներուն յիշատակի եւ գոյատեւման փաստ ըլլալէ առաջ սուգի օր է: Ապրիլ 24-էն եւ ընդհանրապէս եթէ մեր մէջէն հանենք ցաւը՝ մեր հարցը լուծա՞ծ կ’ըլլանք: Անշուշտ ոչ: Յաճախ բժիշկներն իսկ չեն ցաւազրկեր հիւանդը, որպէսզի կարենան ախտը յայտնաբերել ապա բուժելով հեռացնել ցաւը:

Ապրիլ քսանչորսի հանդիսութիւններուն մեծ մասը երիտասարդական էր, միւս հանդիսութիւններուն ալ ներկայ էր երիտասարդութիւնը՝ անտարբեր երիտասարդութիւնը, ցաւազրկուած երիտասարդութիւնը: Այդ պատճառաւ ալ կարելի է եզրակացնել որ ներկաները եկած էին ժամանցի՝ ուրա՞խ ժամանցի…, չէ՞ որ բազմաթիւ ներկաներ ո՛չ թէ բեմէն ըսուածներուն ականջ կը դնէին, այլ իրար հետ կը խօսակցէին, կը կատակէին, կը ծաղրէին՝ այդ ալ բարձրաձայն:

Ցուցահանդէսներու գացինք եւ չնայեցանք ցուցադրուած գիրքերուն, քարտէսներուն, Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշակներուն:

Այս տարի Ապրիլ 24-ը մեզի համար չեղաւ սուգի, խոկումի, ճանաչողութեան, անցեալէն ապագայ երթալու օր:

Այս տարի Ապրիլ 24-ը մեզի համար արձակուրդի օր մը եղաւ, մենք փակ պահեցինք մեր դպրոցներու եւ եղած-չեղած խանութներուն դռները ու վայելեցինք մեր արձակուրդը:

Ու հիմա ինքզինքիս կը հարցնեմ.- Ամբողջ հայաշխարհի մէջ նո՞յնն է վիճակը:

Այլ հարցում մըն ալ, անկապ հարցում մը,միտքս կը չարչրկէ.- Սուրիան ինչո՞ւ չի ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այսօր արաբ բազմաթիւ մտաւորականներ կը զօրակցին մեզի, ասիկա բնական է, մեզի դէմ եղողներ ալ կան, այս ալ բնական է. բայց չէ՞ որ սուրիական փաօլամէնթի բազմաթիւ անդամներ, նոյնիսկ նախարարներ ալ կ’արտայայտուին ի նպաստ մեր դատին, եւ ասիկա բնական չէ՛, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ այս կարգավիճակի անձնաւորութիւնները պետական թելադրութեամբ կը գործեն, ուրեմն կարելի է ենթադրել որ պետութիւնը մեր դատը կը պաշտպանէ: Ինչո՞ւ ուրեմն չի ճանչնար մեր Ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ որ ոճրագործն ալ այսօրուան իր ոխերիմ թշնամիներէն մէկն է: Կը վախնա՞յ Թուրքիայէն, թէ՞ կը նախընտրէ մեր դատը խաղաքարտ պահել իր ձեռքին մէջ:

Կրնայ ըլլալ, ամէն ինչ կրնայ ըլլալ: Կրնայ մեր հարցը Սուրիոյ համար որպէս կարմիր մը գիծ մըն է՝ քաշուած Թուրքիոյ կողմէ: Սուրիան միշտ զգուշացած է հզօր դրացի Թուրքիայէն: Կը յիշէ՞ք, Քիւրտ Օճալանի երկրէն վտարուիլը, որովհետեւ սահմանի վրայ կուտակուած թրքական բանակը իրաւ սպառնալիք մը դարձած էր…

Այս մասին խօսիլ կամ գրելն ալ մեզի համար կրնայ կարմիր գիծ մը նկատուիլ, բայց մեր միտքէ՞ն ալ չենք կրնար այսպիսի հարցումներ անցընել…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 27 Ապրիլ 2017

Մեկնաբանել