Երբ Ժողովրդավարացման Գործընթացը Սկսի Գործելու, Այն Ատեն Հայաստան Կը Կարենայ Բացուիլ Արտաքին Աշխարհին․ Տարօն Աճէմօղլու

Տարօն Աճէմօղլու աշխարհահռչակ տնտեսագէտ է, հեղինակ՝ «Ինչո՞ւ Ազգերը Կը Ձախողին» հատորին: Հեռակայ կապով ան պատասխանած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսմանց ամպիոնի վարիչ Սալբի Ղազարեանի հարցումներուն, վերոնշեալ համալսարանին կողմէ Ապրիլ 10ին կազմակերպած «Վերջ՝ անցումի շրջանի» դասախօսութեան ընթացքին: Տեքստը՝ Asbarez.com-ի։

– Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայաստանի աշխարհաքաղաքական հոլովոյթին մասին՝ անոր անկախացումէն ի վեր:

– Զարմանալի հոլովոյթ մըն է, որովհետեւ սկզբնական շրջանին Հայաստան շատ աւելի բաց էր արտաքին աշխարհին, քան՝ ներկայիս: Կը վայելէր Սփիւռքի զօրակցութիւնը, որ իրեն կը ծառայէր որպէս կամուրջ դէպի արեւմտեան աշխարհ, կ՛առաջնորդուէր իր գաղափարներով եւ ժողովրդավարական սովորութիւններով, արտադրութեան շուկային մէջ կը ստանձնէր միջնորդի դեր: Դժբախտաբար, բացուելու այդ փորձը զանազան պատճառներով շնչասպառ եղաւ: Կը կարծեմ, որ մեծագոյն հարցը կը կայանայ տնտեսական անցումին մէջ: Հայաստան կրնար նմանիլ Չեխիոյ Հանրապետութեան կամ Էսթոնիոյ, բայց դժբախտաբար զարգացաւ Ատրրպէյճանի կամ Իւզպեքիստանի նմանութեամբ: Աւելի ափսոսալին այն է, որ նոյնիսկ այն երկիրները, ուր անցումը գէշ սկսած էր, ինչպէս Ղազախստանի մէջ, ժամանակի ընթացքին կացութիւնը բարելաւուեցաւ: Այսօր, Ղազախստան հեռու է կատարեալ ժողովրդավարութեան պատկեր մը պարզելէ, բայց առնուազն հոն գոյութիւն ունի հիմնարկութիւններու ամրապնդման շարժում մը: Իսկ Հայաստանի մէջ՝ անցումային փուլը սկսաւ աշխոյժ կերպով, նախքան լճանալը եւ անկում արձանագրելը: Ես անձնապէս լուրջ հարցադրումներ ունիմ՝ ինչ կը վերաբերի երկրին ապագային, նկատի ունենալով, որ քաղաքական պատասխանատուները աւելի զբաղած են համակարգը կղպելու, քան բանալու գործով: Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները, որոնք շատ գործօն էին անցումային փուլի սկզբնական շրջանին, աստիճանաբար նուազեցուցին իրենց գործունէութիւնը, որովհետեւ տեղի տուին ընդդէմ պետութեան դիմադրութեան:

– Ի՞նչն է, որ պէտք է տարբեր ձեւով կատարուած ըլլար, բացի նախկին վերնախաւին հեռացումէն:

– 20-րդ դարու առաջին կիսուն, կար ոմն Լինքոլն Սթեֆընզ ամերիկացի լրագրող մը, որ կը գրէր ամերիկեան քաղաքներու մէջ արձանագրուած փտածութեան պարագաներու մասին: Ան ունէր ծանօթ նշանաբան մը՝ «Ձերբազատինք սրիկաներէն»: Ըստ Սթեֆընզի՝ արմատախիլ ընելու համար փտածութիւնը, մարդիկ պէտք չէ քուէարկեն ի նպաստ քաղաքական այն անձերուն, որոնք կը գործեն ժողովուրդին շահերուն դէմ: Հայաստանի մէջ, գէշ կառավարութիւնները իրարու յաջորդեցին զանազան պատճառներով,— գլխաւորաբար քաղաքական լծակներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կրաւորականութեան,— եւ քուէարկողներու կողմէ չհեռացուեցան իրենց դիրքերէն: Երբ ժողովրդավարացման գործընթացը սկսի գործելու, այն ատեն Հայաստան կը կարենայ բացուիլ արտաքին աշխարհին:

– Ի՞նչ բանը կրնայ ժողովրդավարական գործընթացին ապահովել լաւագոյն ընթացք մը:

– Հայկական մշակոյթը բնաւ ներհակ չէ ժողովրդավարութեան: Նոյնիսկ եթէ Հայաստան կը գտնուի աշխարհագրական բարդ կացութեան մէջ, չեմ կարծեր, որ ատիկա հանդիսանայ վճռական խոչընդոտ մը: Բնականաբար, Հայաստան լեռնային երկիր մը ըլլալով՝ փոխադրական ցանցերը եւ դէպի ծով ելքը դժուար հասանելի կը մնան անոր, բայց այս անպատեհութիւնները անյաղթահարելի չեն: Առնենք Զուիցերիոյ օրինակը, որուն աշխարհագրական դիրքը բաղդատելի է Հայաստանի հետ. կամ առնենք Իսրայէլի օրինակը, որ շրջապատուած է հակառակորդ ազգերով: Իսրայէլ հեռու է կատարեալ պետութիւն մը ըլլալէ, բայց բոլորս համաձայն ենք, որ այդ երկիրը տէր է Միջին Արեւելքի ամէնէն կայուն ժողովրդավարութեան, արհեստագիտական զարգացման բարձր մակարդակով մը: Ըստ իս, խնդիրին խորքին կը գտնուի Հայաստանի քաղաքական համակարգը: Կրնանք առնել օրինակը Չեխիոյ Հանրապետութեան կամ Լեհաստանի, որոնք յաջողեցան դուրս ելլել համայնավարական ազդեցութեան ծիրէն, զօրակցելով քաղաքացիական հասարակութեան շարժումներուն կամ բողոքի այն շարժումներուն, որոնք գոյութիւն ունէին խորհրդային օրերէն: Հայաստանի մէջ, նման շարժումները զարգացան Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, բայց չգիտցանք օգտուիլ այդ երեւոյթէն: Այդ շրջանին Հայաստան դեռ չէր կրնար յարիլ Եւրոպական Միութեան նախատիպին: Նման պայմաններու մէջ, Սփիւռքի ներդրումը կը մնայ չափաւոր: Անիկա ներկայացաւ նիւթական դիւրամատչելի աղբիւր մը Հայաստանի համար, բայց ճիշդ այդ դիւրամատչելի նիւթականն է, որ կը սնանէ փտածութիւնը՝ քաղաքական թոյլ համակարգերու մէջ: Դեռ առանց խօսելու Ատրպէյճանի հետ լարումին մասին, որ չնպաստեց քաղաքական անցումի պատշաճօրէն կատարման: Գործելու հազար ու մէկ ձեւ գոյութիւն չունի: Ինչպէս ամէնուր, մենք եւս պէտք է յենինք այնպիսի ուժերու, որոնք էական են ժողովրդավարութեան վերելքին, ինչպէս՝ քաղաքացիական հասարակութիւնը, մամլոյ ազատութիւնը, ուսանողական կազմակերպութիւնները, ձեռնարկատէրերն ու արհեստավարժները կամ քաղաքական կուսակցութիւնները:

– Խօսեցաք Չեխիոյ Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի, այսինքն՝ երկիրներու մասին, որոնք երկուքն ալ օգտուեցան եւրոպական աւանդութիւններէն՝ յառաջապահութեան եւ ազատականացման բնագաւառներուն մէջ: Հայաստան ուրկէ՞ կրնայ քաղել այդ ժառանգութիւնը:

– Հայաստան արդէն տէր է հարիւրամեակներու յառաջդիմասէր աւանդութեան: Եթէ մօտէն նայինք հրէական աւանդութեան՝ պիտի տեսնենք, որ այդ աւանդութեան մէջ եւս կան յառաջդիմասէր, բայց նաեւ ոչ յառաջդիմասէր երեւոյթներ: Ամբողջ հարցը ճիշդ նախատիպը ընտրելն է: Օրինակի համար, Հունգարիան՝ Աւստրա-հունգարական կայսրութեան ամէնէն աւատապետական եւ ճնշող երկիրն էր: Բայց, հակառակ այս բոլոր թերութիւններուն, հունգարացի մտաւորական մը կրնայ աւստրա-հունգարական ժառանգութեան լաւագոյնը իւրացնել: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեամբ՝ քաղաքական ղեկավարներուն շատ աւելի դիւրին է հասարակաց ենթագիտակցութեան մէջ առթել ամէնէն ազգայնական, անցեալին եւ աւանդութեան ամէնէն ներհակ հակումները: Վերջին տարիներուն հաստատեցինք ազգայնական քարոզչութեան վտանգները եւ Միջին Արեւելքի մէջ ռազմատենչ դիրքորոշումը. պէտք չէ, որ Հայաստան եւս ընտրէ այդ ճանապարհը:

– Վերադառնանք ձեր նախասիրած բնագաւառին՝ տնտեսութեան: Կրնա՞ք մեզի խօսիլ Հայաստանի տնտեսական անցումին մասին:

– Տնտեսութիւնը եւ քաղաքականութիւնը երկու տարբեր ծիրեր են: Բայց, իմ աշխատանքներուս ընդմէջէն կը փորձեմ ցոյց տալ, որ կարելի չէ զանոնք տարանջատել: Տնտեսութեան ամբողջական կարողականութիւնը հնարաւոր կը դառնայ երբ քաղաքականութեան հետ իր յարաբերութիւնները անոր թոյլ կու տան յառաջանալ աւելի համապարփակ ուղղութեամբ: Հակառակ քաղաքական իրավիճակին, հայաստանեան տնտեսութեան որոշ շրջանակներ կը յաջողին դիմագրաւել դժուարութիւնները, որովհետեւ անոնք առընչուած են Սփիւռքին եւ համարկուած են Հայաստանէն դուրս տնտեսական տարբեր համակարգի մը: Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ ծրագրաւորողներ, որոնք կ՛աշխատին Թորոնթօ կամ Լոս Անճըլըս հաստատուած ընկերութիւններու համար: Այդուհանդերձ, ատիկա բաւարար չէ բնակչութեան կենցաղային ընդհանուր մակարդակը բարձրացնելու եւ անոր աղքատութեան վերջ տալու համար: Մենք կարիքը ունինք այս «պաշտպանեալ գօտի»էն աւելիին, որ նոյնիսկ եթէ Հայաստանը կը կապէ արտաքին աշխարհին, կը շարունակէ մնալ բուն իմաստով՝ հայաստանեան տնտեսութեան շրջանակէն դուրս: Այս տեսանկիւնէն, քաղաքական հանգամանքը էական է, եւ ատոր համար ալ՝ անհրաժեշտ է, որ ի գործ դնենք մեր բոլոր ջանքերը:

– Կրնա՞նք ըսել, որ լաւագոյնս տոկացողները եղան յետ-խորհրդային բնագաւառները, ինչպէս՝ բարձրագոյն արհեստագիտութիւնները, բնապահպանական զբօսաշրջութիւնը, դրամատնային կամ ֆինանսական համակարգերը:

– Անկասկած: Ատիկա երկու պատճառ ունի: Առաջինը՝ Սփիւռքն է: Բնագաւառները, զորս մատնանշեցիք, այն բնագաւառներն են, ուր Սփիւռքը ունեցաւ իր մեծագոյն ներդրումները: Իսկ երկրորդը՝ անոնք կը համապատասխանեն այն բնագաւառներուն, որոնք լաւագոյնս տոկացին յետ-խորհրդային Ռուսիոյ մէջ: Ռուսական պետութիւնը զանոնք չիւրացուց: Ինչպէս Ռուսիոյ, նոյնպէս ալ Հայաստանի մէջ, ուժանիւթի կամ շինարարութեան բնագաւառները մնացին աւատապետներու եւ լրահաւաք սպասարկութիւններու ձեռքը: Բայց, օրինակ՝ բարձրագոյն արհեստագիտութիւններու մարզը զարգացաւ պետական ազդեցութեան շրջանակէն զերծ, եւ այդ իսկ պատճառով անիկա շատ աշխոյժ է: Եթէ կարելի ըլլայ բարեկարգել պետութիւնը եւ զեղչել փտածութիւնը, կը կարծեմ, որ այլ բնագաւառներ եւս պիտի բռնեն այդ նոյն ճանապարհը:

Կարդացե՛ք հոդվածը արևելահայերեն։

Read the article in English.

Մեկնաբանել