Հալէպի ցուցանակները

Քաղաքի արեւելեան մասին մէջ ցուցանակներ գրեթէ չկան, փլատակներու վրայ տեղ-տեղ կը կարդանք պետական զօրքի Ասատին համար զոհուելու պատրաստակամութիւնը յայտնող նախադասութիւններու եւ լոզունգներու, ինչպէս օրինակ «զԱստուած՝ պաշտենք, Ասատ՝ թող ղեկավարէ, մենք զոհուինք», «Ասատը կամ ո՛չ ոք»: Երբեմն ալ կը հանդիպինք դեռ չջնջուած ընդդիմադիր զինեալ խումբերու անուններու՝ «այսինչ գումարտակ», այնինչ վաշտ»… կամ իսլամական բնաբան յայտնի փառաբանութեան՝ «Չկայ աստուած բացի Աստուծմէ»… ասիկա միայն զաստուած փառաբանել չէ՛, ասիկա նաեւ անհատի պաշտամունքը ժխտել է:

Մինչ-պատերազմեան Հալէպը կը վխտար փայլուն, լուսաւոր ցուցանակներով: Ամէն տեղ կարելի էր հանդիպիլ ինքնաշարժերու այս կամ այն մակնիշի զովազդի, եւրոպական ամենայայտնի մակնիշներու հագուստեղէնի, կօշկեղէնի ազդերու, զեղչերու, ընծայուող դիւրութիւններու մասին յայտարարութիւններու:

Կ’իշխէին նորաբաց սիւփըր մարքէթներու եւ մոլերու ազդերը՝ Քարֆուր, Հոմլէնտ, եւայլն: Հանրային այդ հսկայ խանութները տագնապի առաջին օրերէն կողոպտուեցան եւ մինչեւ հիմա կը մնան զինեալ ընդդիմադիրներու գերակայութեան տակ: Հալէպցիները կը յիշեն՝ «Քարֆուր»ը յատուկ ինքնաշարժերով յաճախորդները ձրիաբար կը տանէր Հալէպէն դուրս գտնուող այդ սիրելի վաճառատունը, ուր կարելի էր ընտանեօք քանի մը ժամ … զբօսնուլ, դիտել գեղեցիկ ցուցափեղկերու ետին հանրայայտ մակնիշի ամէն տեսակի արտադրանք, մանուկներուն «բիձձա»-ով մը կամ «համպըրկըր»ով մը կշտացնել եւ առանց որեւէ գնումի ուրախ կիրակի մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ վերադառնալ տուն:

Տակաւին անցեալ դարի 50ականներէն Հալէպի մէջ ֆիլմ դիտելն ու անոր քննարկումը առանձին մշակոյթ մըն էր: անցեալ դարի 70ականներուն նոյնիսկ «սինեմա-ակումբ» կար, ուր կը ցուցադրուէին եւ յաճախ կը քննարկուէին յատուկ ֆիլմեր: Ընդհանրապէս ցուցադրուող Ֆիլմերուն յայտերը կը կատարուէին գծագրութեամբ, գծագրիչները մեծ մասամբ հայեր էին եւ ֆիլմերուն անունները հայերէնով ալ կը գրուէին թէեւ բազմաթիւ ուղղագրական սխալներով: Այս ամէնը սակայն հեռաւոր անցեալ դարձած էին եւ Ֆիլմերը շատ քիչ տեղ կը գրաւէին տագնապէն առաջուան Հալէպի ցուցանակներուն մէջ, որովհետեւ պետական արգելքներու պատճառաւ շատ քիչ նոր ֆիլմեր կը ցուցադրուէին եւ բոլոր սինեմաները քիչ-քիչ գոցեցին իրենց դռները, մնացին միայն Հոթէլ Մէրիտիէնի սինեման եւ «Զահրա»ն, վերջնոյս պաստառին վրայ բազմիցս ցուցադրուած են հայկական ֆիլմեր, վերջնոյս մէջ այս օրերուս կը ցուցադրուի «Խոստում»ը, եւ մենք հայերս կը հրաւիրենք մեր արաբ բարեկամները դիտելու Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առընչութիւն ունեցող այս ֆիլմը:

Տագնապէն անմիջապէս առաջ տեղական արտադրանքն ալ ունէր իր կարեւոր մէկ բաժինը լուսաւոր ցուցանակներուն մէջ. ի՞նչ չկար այդ օրերու Հալէպին մէջ, ամէն ինչ կ’արտադրուէր Հալէպի մէջ. Կարելի է ըսել մեր բամպակեղէնը աշխարհահռչակ էր, եւ այնքա՜ն աժան մեզի համար, մրցակից ընկերութիւնները կը գովաբանէին իրենց արտադրանքը եւ անընդհատ… կ’աժանացնէին, սուրիական ցորենէ արդիւնաբերուած մաքարոնի տեսակներու նկարները կը զարդարէին ցուցանակները: Հապա՞ սուրիական արտադրանք դեղերը. Ամէնուր կարելի էր հանդիպիլ Հալէպէն 4-5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող դեղ արտադրանքի հսկայ գործարաններու ազդերուն. աժան եւ վստահելի դեղեր, որոնք չկան այսօր, որովհետեւ չկան զանոնք արտադրող գործարանները: Այսօր այդ դեղերէն զրկուած ենք մենք հալէպցիներս, դրացի երկիրներու բնակիչները, հեռաւոր երկիրներու մէջ (նաեւ Հայաստանի) ապրող մեր բազմաթիւ բարեկամները:

Նախապատերազմեան վերջին տարիներուն իշխող ցուցանակները բջիջային հեռախօսներու, ինթէրնէթային հաղորդակցութեան եւ սունկի պէս բազմացող օտար նորաբաց դրամատուներուն գովազդները ընողներն էին:

Այդ օրերուն Հալէպի ցուցանակները հերիք էին լուսաւորելու քաղաքի գլխաւոր պողոտաները:

Անցնող վեց տարիներուն քաղաքը զրկուեցաւ ամէն ինչէ, քիչ-քիչ մարեցան նաեւ այդ ցուցանակները: Այս շրջանին քաղաքին մէջ մնացին միայն բջիջային հեռախօսներու եւ պետական պաքալորիայի յատուկ դասընթացքներու խեղճացած անլոյս ցուցանակները: Կամաց-կամաց քաղաքը ընկղմեցաւ մութի մէջ եւ, ի ծաղր մեզի, մնաց մութի մէջ կորած, չարչրկուած՝ ելեկտրականութիւնը խնայելու կոչ-յորդոր ցուցանակ մը, որուն վրայ կը կարդանք .-Երեւակայէ կեանքը առանց ելեկտրականութեան… քահ-քահող ծաղր մը հինգ տարիներէ ի վեր առանց ելեկտրականութեան ապրող քաղաքի երեսին:

Այսօր, աւետալի խաղաղութեան հետ քիչ-քիչ՝ ամօթխածօրէն, ամչկոտ, կը սկսին երեւիլ ցուցանակներ, որոնց մէջ նաեւ հագուստեղէնի գովազդներ, ամառային ռեսթորաններու, երկար տարիներ փակ մնալէն ետք վերաբացման յայտարարութիւններ, պետական յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանի պաքալորիայի դասընթացքներու յայտարարութիւններ, սակայն տիրապետողը դարձեալ բջիջային հեռախօսակապի եւ ինթէրնէթի ընկերութիւններու գովազդներն են, որոնց անպայման կ’ընկերակցին հայրենասիրական լոզունքները կամ սուրիական դրօշակի ծածանող նկարը: Այսօր Հալէպի հրապարակները կը սկսին լուսաւորուիլ արեւի ուժանիւթով, ուստի եւ կը լուսաւորուին այդ հրապարակներուն վրայ գտնուող ցուցանակները, որոնց շարքին սուրիացի բանակայինի հսկայ նկարներ՝ «Հալէպը մեր աչքերուն մէջ», իմա՝ սրտին մէջ, կամ նման այլ գրութիւններով, բազմաթիւ են գովազդներուն կից բազմաթիւ են երկրի նախագահին նկարները: Կը հանդիպինք նաեւ UNICEF-ի տեղադրած՝ ականներէ զգուշացնող ցուցանակներու, պայթուցիկ իրերու նկարներով եւ « Կանգ ա՛ռ, դիտէ՛, ետ քաշուի՛ր, նշան դի՛ր, տեղեկացո՛ւր» գրութիւններով, այս ցուցանակներուն կը հանդիպինք նաեւ արեւելեան Հալէպի մէջ, ուր բազմաթիւ չպայթած ռումբեր կամ ականներ կան:

Ներկայի ցուցանակներուն կարելի է գումարել նոր բուսնող ցուցատախտակ մը՝ արաբերէնով եւ ռուսերէնով, փողոցը տեղադրուած ճաշացուցակ մը՝ քաղաքիս մէջ բազմացող ռուս խաղարարար զինուորներուն համար:

Հայկական գովազդներ չկան փողոցներու մէջ, փոխարէնը մեր միութենական կեդրոններու մեծ եւ փոքր ցուցատախտակներուն վրայ տեղ չկայ, այնքան որ շատ են մեր գործունէութիւններու յայտարարութիւնները, որոնք կը տեղեկացնեն ամառային դպրոցներու բացման, լեզուներու, լողի, պասքէթպոլի, շախմատի նկարչութեան եւ երաժշտութեան դասընթացքներու մասին, մեր ամառային ճաշարաններու վերաբացումը կ’աւետեն, տիկնանց կազմակերպած անվերջանալի կերուխումները կը ծանուցանեն…

Հալէպը կը սկսի վերապրիլ:

Հաղորդակցական կապի ընկերութեան մը ցուցանակներէն մէկուն վրայ կը կարդանք: «Հալէպ, քեզի ուրախութիւնը կը վայլէ»:

Հալէպը միշտ ուրախ քաղաք մը եղած է, դարերու ընթացքին Հալէպի բոլոր խաւերն ու բոլոր հաւաքականութիւնները մշտապէս երգած են ու պարած՝ մինչեւ առաւօտ:

Տանջուած Հալէպը արժանի է վերապրելու, ուրախանալու : Հալէպի ժողովուրդը աշխատասէր է, խելացի, ան ատակ է իր վէրքերը ամոքելով վերականգնելու… եթէ… եթէ զինք հանգիստ ձգեն:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 14 Մայիս 2017

Մեկնաբանել