«Խոստումը» եւ «Աւրորան»

«Խոստում» ֆիլմը դիտեցի արաբ մտաւորական բարեկամի մը հետ, որ դեռ շարժապատկերի սրահէն դուրս չելած ըսաւ.- Եթէ այս ֆիլմի դէպքերը իրաւ են՝ դուք թուրք լաւ բարեկամներ ունեցեր էք:

-Այո՛, ըսի,- ունեցեր ենք, այսօր ալ ունինք, քիչ է անոնց թիւը: Բայց թուրք պետութիւնը մեզ ջարդեց: Այսօր ալ շատ քիչ է իրենց նախնիներուն ոճիրը ընդունող թուրքերուն թիւը:

-Այս ֆիլմին մէջ ջարդի տեսարանները ծիծաղելի ըլլալու չափ արհեստական էին, անհամոզիչ,-ըսաւ:

Լուռ մնացի. համաձայն էի հետը: Քալեցինք: Սինեմա Զահրայի շարքին մեծ թիւով սրճարաններ կան: Նստեցանք սուրճ խմելու:

-Այս ֆիլմը հայկական դրամով պատրաստուած է, չէ՞:

-Այո՛, ֆիլմաշխարհին շատ մօտիկէն ծանօթ հայու մը կտակած դրամով, ան իր մահուընէն առաջ ուզած էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին միջազգային չափանիշերով ֆիլմ մը պատրաստել. օտարներուն համար՝ օտարներուն ճաշակին համընկնող ֆիլմ մը:

Բարեկամիս շրթունքները տխուր ժպիտ մը ուրուագծեցին: Ան ըսաւ.

-Օտարներուն համար, օտարներու ճաշակով… թիւով փոքր ազգերը իրապէս խեղճ են: Կը կարծեն որ միշտ ճիշդ քայլ մըն է օտարներուն հաճոյանալը: Որքա՞ն ծախսեցիք այս ֆիլմին համար:

-Կարծեմ 90 միլիոն ամերիկեան տոլարի շուրջ գումար մը:

-Իսկ ի՞նչ շահեցաք:

-Քանի որ ֆիլմը օտարներուն համար պատրաստուած է, ուստի այդ դիտանկիւնենք պէտք է չափենք մեր շահածը: Պէտք է գովէինք մարդասէր ամերիկացին, ցոյց տայինք հրեայի վեհանձնութիւնը, ֆրանսացիին հայասիրութիւնը, ի յայտ բերէինք լաւ յատկանիշեր ունեցող թուրք մը, չէ՞ որ այս ամէնը իրականութիւն ալ են:

Արաբ բարեկամս զարմացած էր. ան ըսաւ.

-Այդ ամէնուն մասին արդէն նշածդ ազգերէն իւրաքանչիւրը կը հոգայ: Դո՛ւք, որպէս հայ, օտարներուն մօտ իննը սէնթնոց շահ մը ունեցա՞ք… իմ կարծիքովս դուք հայերդ ինքզինքնիդ կը խաբէք: Դուք ձեր դրամները այս պարագային ի զուր վատներ էք:

Չէի գիտեր ի՞նչ պատասխան տամ արաբ բարեկամիս: Համամիտ էի հետը:

Հալէպահայ միութիւնները շաբաթներով վարձեցին «Խոստում» ֆիլմը ցուցադրող շարժապատկերի սրահը, հնարաւորութիւն տալով իրենց անդամներուն եւ համակիրներուն աժան տոմսերով կամ ձրիաբար դիտել ֆիլմը, նաեւ հնարաւորութիւն տալով իւրաքանչիւրին միութիւններու հաշւոյն հրաւիրել արաբ բարեկաներ՝ որքան շատ, այնքան լաւ, չէ՞ որ այս ֆիլմով անոնք պիտի ծանօթանային մեր հարցին, չէ՞ որ ասիկա լաւագոյն առիթ էր սիրաշահելու օտարները:

Ինչպէս աշխարհի բոլոր հայերը, հալէպահայերն ալ մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին «Խոստում» ֆիլմը: Հալէպի մէջ, սակայն, մեծ էր թիւը յուսախաբ եղողներուն, ինչպէս, հաւանաբար, աշխարհի բոլոր կողմերու հայերուն:

Շատեր կ’ըսէին.

– Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար եթէ այդ գումարները հայկական բանակին տրամադրութեան տակ դրուէին:

Կամ.

-Աւելի ճիշդ պիտի ընէր Գըրք Գրիգորեանը եթէ այդ դրամը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն նուիրէր:

Ոեւէ հալէպահայ ՉԸՍԱՒ.-Այդ գումարներէն մաս մը հալէպահայութեան թող տրուէր:

«ՉԸՍԱՒ» բառը ցոյց կու տայ հալէպահայուն նկարագիրը, հարցերու քննարկման անոր առարկայական մօտեցումը. հալէպահայը մսխում կը նկատէ «Խոստումը» ֆիլմին պատրաստութեան համար ծախսուած գումարները, որոնք ճիշդ է արցունքի կաթիլներ հոսեցուցին մեր աչքերէն՝ մե՛ր աչքերէն եւ ոչ օտարներուն, որոնց աչքին այնքա՜ն նսեմացած ներկայացուեցաւ Մուսա լեռան հերոսամարտը, որ փախչող խեղճ ու կրակ հայեր ներկայացնող շարժապատկերի ձախող պատկերներու խճողում մըն էր միայն:

Եւ կիսատ գործադրուած խոստում մը ֆիլմին հերոսին կողմէ՝ վերադառնալ իր նշանածին. կիսատ, որովհետեւ վերադառնալով հայրենի տուն եւ ամուսանանալով ան իր նշանածին տուած խոստումը իրականացուցած չեղաւ, որովհետեւ մեր հերոսին համար ընտանիքը սրբութիւն չի դարձաւ՝ … օտա՞ր չափանիշ…

Հայերը աշխարհին ծանօթացնելու ծախսուած ամէն գումար մսխում չի նկատեր հալէպահայութիւնը, ընդհակառակը Հալէպի մէջ մեզմէ շատեր անհրաժեշտ կը գտնեն հայերը աշխարհին ծանօթացնելը, ինչպէս օրինակ կ’ընէ «Աւրորա» մրցանակը:

Մեզմէ շատեր կը խորհին, որ սահմանամերձ գիւղերու պահպանման չափ անհրաժեշտ է մեր մարդկային դիմագիծը աշխարհին ցոյց տալը, հայկական բանակին գումար տրամադրելու չափ կարեւոր է աշխարհին ըսել որ հայերը մարդկութենէ մաս մըն են, ազնիւ մասնիկ մը:

Կա՞յ աւելի ազնիւ արարք քան ջարդուած ազգի մը զաւակ՝ բռնաբարուած աղջնակի մը յիշատակին հաստատուած մրցանակ մը՝ տրամադրելի չարչարուող մարդկութեան ազնիւ ծառաներու, իսկ երբ այս մրցանակը հաստատողը նոյն մորթուած ազգի զաւակ է, որ ոչ թէ վրէժխնդրութեան ձգտում ունի, այլ իր նմանին ցաւերը ամոքելու առաքելութիւն, չէ՞ որ մրցանակակիրին կը վստահուի գումար մը ծառայեցնելու մարկային ցաւերը մեղմացնելուն, անոր վէրքերը բուժելուն:

Եւ ասիկա պարբերաբար՝ ամէն տարի:

Ամէն տարի մարդիկ շնորհիւ «Աւրորա» մրցանակին պիտի յիշեն կամ անդրադառնան, որ հայ ազգը կոտորուած ազգ է, հայրենազուրկ դարձած ազգ, սակայն մարդկայնութիւնը չկորսնցուցած ազգ, որուն զաւակները կը յիշեն իրենց բռնաբարուած աղջիկները եւ սակայն իրենց շահած դրամէն գումար կը յատկացնեն մարդկային նոր ջարդերու եւ բռնաբարումներու արգելակման համար:

Ազնուագոյն քայլ, որ վստահաբար պիտի ծառայէ մեր դատին՝ սփիւռքահայուն, Հայաստանին եւ Արցախին:

Հարցերը իրար չխառնենք. Չշփոթենք մէկը միւսին հետ:

«Խոստումը» մեր խոստումը չեղաւ:

«Աւրորա»ն համայն մարդկութեան ծառայելու իր առաքելութեամբ՝ ամբողջութեամբ մերն է, մեր դիմագիծը:

Երանի «Խոստումը» ֆիլմին համար ծախսուած դրամով «Աւրորա»ի նման մրցանակ մըն ալ հաստատուէր, նոյնիսկ եթէ անոր տրուէր հայասէր թուրքի մը անունը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 31 Մայիս 2017

Մեկնաբանել