Հալէպի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քահանաները

Ճամբորդութեան մը ընթացքին հանրախանութի մը մէջ հեռուէն նկատեցի ծանօթ, հարազատ դէմք մը: Չեմ կրնար ըսել որ ուրախացայ, որովհետեւ…

Չմօտեցայ իրեն, ընդհակառակը շրջեցի դէմքս եւ դուրս ելայ, որովհետեւ…

Այս ծանօթ դէմքը Հալէպի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նախկին քահանաներէն էր, որուն հետ չուզեցի դէմ առ դէմ գալ, որովհետեւ հիմա տեսածս մարդը մուրացիկի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր վրաս. տաբատը առնուազն 10 սանթիմեթր կարճ էր, դեղնաւուն ճերմակ շապիկը ձախ կողմէն դուրս ելած, ամիսներով չածիլուած մօրուքը ոչ թէ քահանայի, այլ անփոյթ, աւելի ճիշդ անտուն մարդու տպաւորութիւն կը ձգէր…

Տագնապի այս տարիներուն Հալէպի հայ քահանաներէն ալ հեռացողներ եղան, նման այլ եկեղեցիներու սպասաւորներուն: Անոնցմէ ոմանք թոյլտուութեամբ, ոմանք՝ առանց տեղեկացնելու իսկ որ կը լքեն իրենց հօտը: Այս պարագային կարելի է գործածել «լքել» բառը, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի իրեն հովիւի դեր վստահուած անձերու: Շատ լաւ կը յիշեմ 2012 թուականէն մնացած լուսանկար մը, տեսածս Աւագ այս քահանան առօք-փառօք բազմած էր 16 հայ հոգեւորականներով շրջապատուած Առաջնորդ Սրբազան հօր շարքին:

Ի՞նչ շահեցաւ: մո՞րթը փրկեց: Աստուած երկար կեանք տայ իրեն, բայց կ’արժէ՞ր այդպիսի կեանքի մը համար հեռանալ գաղութէն նոյնիսկ եթէ.. մեղա՜յ, մեղա՜յ, քիչ մնաց պիտի ըսէի «նոյնիսկ եթէ զոհուելու ըլլար հոս» :

… 2012 թուականէն յիշածս այս լուսանկարի հայ առաքելական հոգեւոր դասուն պատկանող 15 քահանաներէն այսօր Հալէպի մէջ մնացած են վեցը միայն:

Ցաւալի է, որ այս կամ այն գաղութէն յաճախ վատաբանական արտայայտութիւններ կը կարդանք մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն հասցէին ուղղուած, մեր գաղութն ալ ունեցած է այնպիսի քահանայ, որ դրամի փոխարէն տունօրհնէքի որպէս հատուցում վերցուցած է… օրինակ… լուացքի փոշի… սակայն…

Սակայն այս տարիներուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորները մեզի հետ կիսեցին տագնապի բոլոր դառնութիւնները՝ մեզի հետ կէս անօթի ու ծարաւ մնացին, վիրաւորուեցան, հիւանդացան, զոհեր տուին, մեզի հետ սգացին, մեզի հետ դիմացան. այցելեցին մեր տուները, յորդորեցին դիմանալ, փորձեցին մխիթարել մեզ, համոզել որ մթին այդ օրերը վերջ պիտի գտնեն, անոնցմէ ոմանք մեր տղոց հետ պաշտպանեցին մեր թաղերը…

Շատ լաւ կը յիշեմ, հայ քահանաներու հանդիպեր եմ Հալէպի մութ, ամայի, ցուրտ փողոցներուն մէջ՝ ուշ երեկոյեան տունդարձի պահուն՝ հետիոտն, զգուշութեան համար առանց սքեմի:

-Օրհնեա՛, Տէր հայր:

-Աստուած օրհնէ, զաւակս:

-Այս ուշ երեկոյեան ուրկէ՞ , Տէր հայր:

Տէր հայրը կամ զոհուածի մը տունէն կը վերադառնար, կամ մէկու մը «բարի ճանապարհ» ըսելու գացած էր, կամ հիւանդի մը այցելութիւն տուած էր, կամ, կամ…

Անանձնական երջանկութի՞ւն: Ի՞նչ երջանկութեան մասին է խօսքը: Անձնական տառապանքին այլոց ցաւերու գումարում:

Սովորական մարդիկ, որոնք արտակարգ իրավիճակներու մէջ վերածուեցան արտասովոր էակներու՝

ՏԷՐ ԴԱՐՁԱՆ ԻՐԵՆՑ ԿՈՉՈՒՄԻՆ:

Մեր քահանաներուն մէջէն ծնունդ առին նաեւ գրողներ՝ մարմնով հիւանդ եւ տկար, սակայն հոգւով արի գրողներ. անոնց գրութիւներուն մէջ,ամենադժնդակ պարագաներու մէջ անգամ, յուսահատութեան նշոյլ իսկ չնշմարեց յոյսի կարօտ հալէպահայը, այլ գտաւ սէր ու գուրգուրանք, գտաւ իր ցաւը հասկցող հովիւի հաստատուն մնալու պատգամը:

Դժուա՞ր է հաւատալ թէ խօսքը հայ քահանաներուն մասին է. չէ՞ որ մեր իրականութեան մէջ աւելի յաճախ նկարագրուածին հակապատկերին հանդիպած ենք: Մեր մեծագոյն վիպագիրները բազմիցս կերտած են հայ եկեղեցականի բացասական կերպարներ: Սակայն մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցած են Սսական վարդապետի նման ժողովրդանուէր եկեղեցականներ, Այնթապի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպող Թաւուգճեանի նման քահանաներ՝ հերոսացած պարզ մարդիկ: Ուրեմն այդքան ալ անհաւատալի թող չթուին ըսուածները: Այս քահանաները տակաւին կ’ապրին Հալէպի մէջ անոնք մեր մէջ են, այսինքն համայն հայութեան մասնիկը, որոնցմէ օրինակ պէտք է առնեն բոլորը:

Ամբողջացնելու համար սակայն մեր ըսածը, ճշգրտապէս նկարագրելու համար մեր քահանաները պարտաւոր ենք նաեւ համեմատական մը ընել հայ առաքելականներուն եւ Աստուծոյ ծառայ հայ այլ յարանուանութեանց պատկանողներուն, ինչպէս նաեւ միւս համայնքներու եկեղեցականներուն միջեւ: Անմիջապէս պիտի նկատենք մեր քահանաներուն խեղճութիւնը: Նիւթապէս միւս բոլորը շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ են: Ոեւէ հալէպցի շատ դիւրին կը նշմարէ, որ միւս եկեղեցիները (նաեւ եկեղեցականները) նիւթապէս շատ աւելի բարւոք վիճակ մը ունին: Անոնք շատ աւելի դրամական օգնութիւններ կը ստանան, ուստի եւ կը տրամադրեն իրենց համայնքի եւ այլ համայնքներու զաւակներուն: Չենք գիտեր թէ այդ եկեղեցականներուն տրամադրութեան տակ ի՞նչ գումարներ կը դրուին, սակայն գիտենք օրինակ, որ Պապին կողմէ գարտինալներ կամ այլ ներկայացուցիչներ տարին անգամ մը կ’այցելեն Հալէպ կաթոլիկ համայնքի ու նախ եւ առաջ համայնքի եկեղեցականներուն վիճակը քննելու եւ վերադառնելէ առաջ կոկիկ գումար մը կը նուիրեն իւրաքանչիւր կաթոլիկ կրօնականի: Այլ համայնքներու իւրաքանչիւր եկեղեցիի պետ ինք կը տնօրինէ վստահուած գումարները, այդպէս կ’ընեն նոյնիսկ պաշտօնական կամ անպաշտօն հոգեւոր եղբայրութիւններու պետերը: Հայ առաքելական քահանաները ոչ մէկ իրաւասութիւն ունին տնօրինելու նոյնիսկ անձամբ իրենց միջոցով կատարուած փոքրիկ նուիրատուութիւնները:

Ամէն երեկոյ կարելի է հանդիպիլ ճաշարաններու ճոխ սեղաններու շուրջ նստած բարձրաձայն խօսող-խնդացող, ուտող-խմող միւս համայնքներու կրօնականներու, արարք մը որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ քահանաներուն համար սրբապղծութիւն կրնայ համարուիլ: Պատարագէն դուրս՝ հանրութեան մէջ մեր եկեղեցականներուն ամենաշատ կարելի է հանդիպիլ դարձեալ եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին, իսկ անցնող տարիներուն այդ արարողութիւնները գրեթէ կը սահմանափակուէին թաղումով կամ հոգեհանգիստով: Չեմ ուզեր ըսել որ միւս համայնքներու եկեղեցականները մեր քահանաներուն պէս թող ապրին, ընդհակառակը կ’ուզեմ որ մերինները քիչ մը անոնց նմանին, նիւթապէս աւելի ապահով ըլլան, ամբողջութեամբ չկաշկանդուին ազգային աշխարհիկ իշխանութիւններու կողմէ, աւելի շատ իրաւասութիւններ ունենան առաքելութեան մէջ համարատու ըլլան կրօնական իշխանութեան:

Հալէպահայերը կը սիրեն իրենց քահանաները, մինչ անոնք արժանի են նաեւ իրենց վայելած յարգանքէն աւելիին: Անոնք իրենց գործով նուաճած են այս իրաւունքը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 9 Յունիս 2017

Մեկնաբանել