Հալէպի «Շէպպիհները»՝ ուրուականները

Այս օրերուն ժողովուրդը ամենաշատ «շէպպիհ»ներու մասին կը խօսի: Գիտցածներս շէպպիհներու թէեւ ամբողջական սակայն ճշմարտութիւններ են: «Շապահ» արաբերէնով կը նշանակէ ուրուական, որուն յոգնակին «աշպահ»ն է, սակայն ժողովուրդը ընդգծելու համար շապահին վատ յատկութիւնները, այս բառը փոխարինեց «շէպպիհ» բառով եւ գործածեց զայն տագնապի առաջին օրերէն, պետութեան կազմած «ժողովրդային յանձնախումբ»երու անդամերուն որպէս հոմանիշ: Ինչո՞ւ:

Ըստ ընդդիմադիրներու, քաղաքներու մէջ կարգ ու կանոնը պահպանելու կոչուած այս խումբերու անդամներէն ոմանք անտես, անյայտ ուրուականներու պէս խառնուեցան խաղաղ ցուցարարներուն եւ խլրտումներ յառաջացուցին՝ փոխելու յեղափոխականներուն դիմագիծը եւ առիթ տալու իրենց ընկերներուն գաւազաններով եւ բիրերով ցրելու ցուցարարները:

2012-2013 թուականներու ընթացքին տագնապը վերածուեցաւ զինեալ հակամարտութեան. կազմուեցաւ «Ազատ բանակ»ը: Ընդդիմադիրները իրենց հակակշռին տակ առին ընդարձակ տարածքներ, յաջողեցան մուտք գործել մեծ քաղաքներ՝ Իտլիպ, Հոմս, Հալէպ, կիսուեցան այս քաղաքները, նոյնիսկ մայրաքաղաքը սպառնալիքի տակ ինկաւ:

Պետական բանակը չէր կրնար այս ամէնուն դէմ առճակատիլ: Տագնապի տարիներուն շատեր խոյս տուին զինուորութենէ: Սիւննի զինուորներ խումբերով փախուստի դիմեցին եւ միացան ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու, որոնք սունկի պէս կ’աճէին. Բանակը կարիք ունէր մեծ թիւով մարդկանց՝ պատերազմելու բազմաթիւ ճակատներու վրայ: Մեծ թիւով մարդիկ պէտք էին նաեւ քաղաքները կիսող սահմանագիծերու վրայ, նաեւ պետական ազդեցութեան գօտիին մէջ ապահովութիւնը պահպանելու համար: Բազմացան «Ժողովրդային յանձնախումբերը» կամ «շէպպիհ» կոչեցեալները, որոնք նաեւ զինուեցան թեթեւ զէնքերով, կրելով նաեւ զինուորական տարազ:

Անգործներ, ներման շնորհիւ բանտերէ ազատ արձակուողներ, ամէն տարիքի արկածխնդիրներ համալրեցին ժողովրդային յանձնախումբերու շարքերը, երբեմն պետութեան կողմնակից ամբողջ աշիրէթ մը պճնուեցաւ «շէպպիհ»ի տարազով, ձեռք բերելով անսահման իշխանութիւն եւ … ատելութիւն:

Հայեր կայի՞ն շէպպիհներու մէջ: Անշո՛ւշտ, որոնց մեծ մասը սակայն շուտով դուրս ելաւ անոնց շարքերէն: Ըսենք որ համեմատական լաւ ամսականով, ժամանակաւոր պայմանագրային բնոյթ ունի «շէպպիհութիւնը»: Պէտք է ըսել որ հայերը ազնուորէն կը վերաբերէին բոլորին հետ:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով պէտք է արձանագրել որ կարգ մը ընդդիմադիրներ մեզ հայերս անիրաւացիօրէն կ’անուանեն «Շէպպիհէթ Նիզամ»՝ իշխանութեան ուրուականներ, այս արտայայտութեան մէջ ամփոփելով հակակրանք, արհամարհամք, քամահրանք եւ նուաստացում: որովհետեւ … աւելի լաւ է օրինակ մը տամ.-

Անցեալ շաբաթ ինթէրնէթային ընդդիմադիր էջ մը մեծ վերնագրերով կը գրէր, թէ կարգը փոքրամասնութիւններուն հասած է եւ թէ .շէպպիհները» Հոմս քաղաքի Հայերու թաղամասը սարսափի մատնած են: Այս լուրին տակ մեկնաբանութիւն՝ comment մը գրուած էր.- «Վնաս չունի, ՈՉ ՄԷԿ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՀԱՅՈՒ ՉԵՆՔ ՀԱՆԴԻՊԱԾ, անոնք իշխանութեան «շէպպիհներն» են, իրենք ալ քիչ մը թող համտեսեն»…

Խե՜ղճ հայեր, համտեսելիք բան մնա՞ց…

Փակագիծը գոցելէ առաջ աւելցնեմ նաեւ, որ Հոմսի Հայերու թաղին մէջ շատոնց հայեր չեն բնակիր…

«Շէպպիհ»ները չունեցան մէկ ընդհանուր ղեկավարութիւն, անոնք ենթակայ եղան այս կամ այն ապահովական ուժի ղեկավարութեան եւ ըստ այնմ կը վայելեցին իշխանութիւն կամ գործելու ազատութիւն, Հալէպի մէջ, օրինակ, մինչեւ այսօր ալ ամէնէն ազդեցիկը Քաղաքական Տնօրէնութեան «շէպպիհ»ներն են, որոնք անցեալ տարիներուն համարատու չեն եղած որեւէ այլ տեսչութեան, ընդհակառակը անոնք յաճախ միջամուխ եղած են պետական ուժային այլ կառոյցներու գործունէութեանց, երբեմն նոյնիսկ զինեալ ընդհարումներ ունենալով ոմանց հետ, նոյնիսկ պաշտօնական ոստիկանութեան հետ:

Հալէպի «Շէպպիհ»ները այս տարիներուն դարձան սանձարցակ, անիշխանական: Թալանեցին քաղաքին մէջ ընդդիմադիր կողմի մօտիկ թաղերէն հեռացած բնակիչներուն տուները, տանտիրոջ պէս ապրեցան լքուած տուներու կամ գրասենեակներու մէջ, հեռացած ատեննին ալ հետերնին տարին տան գոյքը, նոյնիսկ ելեկտրական լարերը:

Գորգավաճառ մը կը պատմէր թէ ինչպէս անցարգելի զինեալները կ’արգիլէին իրեն մօտենալ յիսուն մեթր անդին գտնուող իր խանութին, ըսելով թէ դիպուկահարներ կան, իսկ անդին շէպպիհները իր աչքերուն առջեւ խանութէն կը կրէին ու բեռնակարգի մէջ կը տեղաւորէին ամէն ինչ որ կրնային…

Հալէպի մէջ կան թաղեր, ուր թէեւ ընդդիմադիրները չկրցան մուտք գործել, սակայն ամբողջութեամբ դատարկուեցան. որքա՜ն ճիշդ է եղէր արաբական ասոյթը՝ «Պահապանն է գողը»…

Գողութիւնն ու թալան-կողոպուտը տանելի էին, «շէպպիհները» նաեւ ծեծեցին, անարգեցին, ընտանիքներու պատիւը ոտնահարեցին , ոեւէ մէկը կը համարձակէ՞ր բողոքել… անխելք պէտք էր ըլլալ այդպիսի քայլի դիմելու համար, անմիջապէս կ’ամբաստանուէր առնուազն ընդդիմադիրներու հետ կապ ունենալու մէջ:

Քաղաքէ քաղաք ճամբոդութիւններն ալ անվտանգ չէին, նկատի առնելով որ առեւանգողները միայն ընդդիմադիրները չէին, մեր «շէպպիհներուն« համար աւելի դիւրին էր քանի մը օր մարդ մը «հիւրընկալել» եւ անոր հարազատներէն կոկիկ գումար մը գանձելէ ետք ազատ արձակել… ճամբորդութիւններու ընթացքին, ամէն մէկ ինքնաշարժէ քանի մը հարիւր սուրիական լիրա գանձելը շատ սովորական երեւոյթ դարձած է.. (մինչեւ հիմա)…

«Շէպպիհներու» ծառայութեան չափը ութ ժամ է օրական, մնացած ժամերուն եթէ չեն քնացած, ուրեմն փողոցներն են, փոքրիկ խումբերով, կամ պատահական աղջիկներու ընկերակցութեամբ, կամ շարժակով հեծանիւներու՝ մոթոսիքլէթներու վրայ՝ նախագահին նուիրուած բարձրաձայն երգերու ընկերակցութեամբ՝ սուրալով, նաեւ սեփական կամ սեփականացուած ինքնաշարժերով՝ նոյն երաժշտութիւնը սփռելով՝ որպէս տէրն ու տիրականը ոչ միայն փողոցին այլեւ ամբողջ քաղաքին:

Այսպէս անցան տարիները՝ մէկ կողմէն ամէն տեսակ ռումբեր միւս կողմէն ամէն տեսակ բռնութիւններ՝ վախի եւ լռութեան պարտադրանքով:

Վերջին օրերուն, յանկարծ, շատցան հրապարակային բարձրաձայն արտայատուող բողոքները «շէպպիհներու» դէմ, կը նշուին առեւանգումնր, կողոպուտի եւ սպաննութեան դէպքեր, կը մատնանշուին անուններ… «շէպպիհները» որպէս «ներքին ՏԱԷՇ-ականներ» կը բնութագրուին…

Ինչո՞ւ հիմա: Մինչեւ հիմա այս ամէնը չէի՞նք տեսներ, մեր մորթին վրայ չէի՞նք զգար.. թէ՞ հիմա Աստուած մեզի քաջւթիւն տուաւ, թէ՞ անմեղ մանուկ Ահմէտ Ճաուիշի սպաննութիւնը յորդեցուց ժողովուրդի համբերութեան բաժակը…

Չսխալինք: Հիմա սկսանք բողոքել որովհետեւ պետութիւնը կը քաջալերէ մեր տրտունջքը, որովհետեւ պետութեան շահերը հիմա այդ կը պահանջեն, որովհետեւ.

Հիմա, երբ պետութիւնը ինքզինք իրադրութեան տէրը կը զգայ, կը փորձէ սանձել «շէպպիհները», կը փորձէ վերացնել անոնց զինեալ գոյութիւնը քաղաքէն ներս, կ’ուզէ ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ առնել. Միւս կողմէ՝ կ’ուզէ զանոնք ընդգրկել բանակին մէջ, հապա թէ ոչ ուրտեղէ՞ն պիտի բերէ այնքան մարդ, որպէսզի կարենայ համալրել նորակազմ մարտական լեգէօնը… Մէկ քարով երկու թռչուն…

Խե՜ղճ «շէպպիհներ»…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 17 Յունիս 2017

Մեկնաբանել