Հալէպ․ Հայկական Ամանոր – 2

Սկիզբը՝ այստեղ

Տունէն դուրս չեմ եկած, սակայն մտովին պիտի շարունակեմ երէկուան հետիոտն պտոյտս եւ ինքզինքս պիտի գտնեմ Սուլէյմանիէ-ի ճիշդ կեդրոնը, պիտի դիտեմ գացող-եկողները եւ պիտի նշմարեմ եմ, որ անոնցմէ շատ-շատերը էշարփով կանայք են: Հիմա տակաւին այս թաղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր կամ այլ քրիստոնեաներ են, սակայն հոս գաղթական իսլամ արաբներ շատ-շատ կան, կան նաեւ մշտական «զբօսաշրջիկներ» Հալէպի բոլոր շրջաններէն, չմոռնանք որ բոլոր պտղավաճառները, մսավաճառները, բազմաթիւ այլ խանութպանները, սեղանիկներու կամ զանազան ապրանքներ վաճառողները, շրջուն վաճառորդները՝ բոլորն ալ այս թաղեցիներ չեն:

Սուլէյմանիէի ամենակարեւոր վայրը, մեզի համար, վտանգաւոր գօտիէ հոս փոխադրուած եւ Վրացեան շէնքին մէջ հաստատուած Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի գրասեակներն են: Այստեղի հետ կապուած են ո՛չ միայն Հալէպի հայերը այլ Հալէպէն հեռացածներն ալ, որոնցմէ յաճախ մկրտութեան եւ այլ փաստաթուղթեր կը պահանջուին: Այս կեդրոնին պահակ տղաքը քանի մը տարի առաջ վիրաւորուեցան արձակուած հրթիռի մը պատճառաւ, մինչ կողքի շէնքերը ամբողջութեամբ աւերակ դարձան:

Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ զանգակատունը:Դիմացս կայ փողոց մը ուր կը գտնուի Քիլիսցիներու շէնքը, որուն գոյութիւնը մասնաւորապէս իմաստաւորուեցաւ հոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրագործած Հայկական զանազան դպրոցներն ու այլ հաստատութիւնները իրար կապող «Կամուրջներ» ամիսներ տեւող ծրագիրով, որուն ընթացքին իրենց միտքերն ու խոհերը իրար հետ կիսեցին զանազան մտաւորականներ եւ կրթական մշակներ:

Պիտի անցնիմ զուգահեռ պողոտայ, ուր կը գտնուի ներկայ Հալէպի ամենամեծ թիւ ունեցող հայկական Կրթասիրաց-Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանը: Այստեղ կայք հաստատած է նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած Կրթասիրաց մշակութային Միութիւնը իր երաժշտական դպրոցով, երգչախումբով, վերջին տարիներուն սահմանափակ գործունէութեամբ թատերախումբով: Հայկական վիթխարի այս համալիրը հալէպահայերուս համար ուխտատեղի դարձաւ տագնապի անցեալ տարիներուն, չէ՞ որ Վիլլաներուն կողմէ եթէ գաս այս շէնքին մուտքին քեզ պիտի դիմաւորէ համայն հայութեան Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աղօթեցինք եւ մեր կրօնական հայրերը պատարագ մատուցանեցին նոյնիսկ տեղացող ռումբերու տակ: Այո՛, անցնող տարիներուն հո՛ս գտանք մեր հոգեւոր ապաստարանը եւ ուր գիշեր-ցերեկ անոր ապահովութեան հսկեցին մեր նուիրեալ տղաքը: Այս շէնքը կը պարունակէ նաեւ Հալէպահայոց ամենամեծ թատերասրահը, որ կը ծառայէ համայն Հալէպին:

Այո՛, վերոյիշեալ շէնքը կ’ընդգրկէ Հայկական Սփիւռքի պահապան սուրբ երրորդութիւնը՝ եկեղեցին, դպրոցն ու մշակութային միութիւնը:

Վիլլանե՜ր, վիլլանե՛ր, Քու մէջդ կայ հայկական եկեղեցի, դպրոց, ժամանակաւորապէս հոս փոխադրուած «Կիլիկեան» մանկապարտէզ, մշակութային միութիւն, կայ նաեւ մշակութային այլ հսկայ մը, որ «Արամ Մանուկեան» հարուստ կեդրոնն է: Այս կեդրոնը հարուստ է, ո՛չ թէ իր «Սպիտակ» եւ «Անի» ճաշարաններով, այլ միութենական իր գրասենեակներով, «Քրիստափոր» գրադարանով, աւելին՝ Համազգայինի «Կրթական» անունը իրաւմամբ արդարացնող Հայագիտական ուսումնառութեան կեդրոնով, որ տարիներէ ի վեր հայերէն լեզուի ուսուցիչներ կը պատրաստէ Հալէպահայ եւ ո՛չ միայն հալէպահայ դպրոցններուն համար:

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:Պիտի քալեմ վիլլաներէն: Այս թաղամասը որուն առաջին բնակիչները հայեր եղած են, ուր եւս ժամանակաւոր կերպով կը գործէ Հալէպ մնացած միակ հիւպատոսարանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը, այսօր ալ կը մնայ հայկական, ուր յոյն օրթոտոքսներն ալ եկեղեցի մը ունին, Քլտաններն ալ, ուր Արաբ Աւետարանական Եկեղեցին ալ նոր աղօթատեղի մը կառուցեց՝ փոխարինելու Աուճէթ Էլ Քէյյէլի-ի աւերակ դարձածին: Աւելորդ չեմ սեպեր փակագիծ բանալով ըսելու, որ ինծի պէս դուք ալ պիտի կարծէք թէ արաբ աւետարանականներ գոյութիւն. Ո՛չ, ըստ իրենց համայնքապետին տուած բացատրութեան՝ իրենք ասորիներ են, որոնք երբ հիմնած են աւետարանական եկեղեցի՝ տարբերուելու համար հայերէն աղօթող ասորի հաւատացեալներէն, ինքզինքնին կոչած են արաբական, մինչ Լաթաքիոյ իրենց համայնքը կը կոչուի Ազգային Աւետարանական Եկեղեցի:

Վիլլաներէն ելլելով, Թաուհիտ՝Միութիւն, այս պարագային կրօնքի վերագրումով՝ Մէկութիւն-նոյնութիւն մզկիթին մօտէն անցնելով, քայլերս պիտի ուղղեմ Ազիզիէ, որուն կեդրոնը Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) անդամները Կաղանդի հսկայ ծառ մը տեղադրած են, զոր տեսնելու եւ անոր առջեւ նկարուելու համար կու գան բոլոր Հալէպցիները: Ազիզիէի մէջ է նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս Ճիտէյտիէն փոխադրուած են Կիլիկեան Վարժարանի աշակերտները, եւ որոնց մայր վարժարանը վերականգնումի մեր օրերուն նորոգութեան մէջ է եւ պատասխանատուները յոյս կը յայտնեն, թէ շուտով հոն պիտի վերսկսին դասաւանդութիւնները:

Ազիզիէ մէջ կը գտնուին նաեւ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութեան (Հ.Ե.Ը.) կեդրոնները: Եթէ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը յայտնի է իր բարեսիրական եւ Մշակութային գործունէութեամբ, եթէ այսօր Հալէպի մէջ մշակութային ձեռնարկներուն առիւծի բաժինը իրենց պարախումբերու, նուագախումբերու, երգչախումբերու, երաժշտանոցներու, նկարչական դպրոցներու գործունէութեանց շնորհիւ կը պատկանի Հ.Ե.Ը.ին եւ Համազգայինին, ապա Հալէպի մարզական կեանքը աշխոյժ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի շնորհիւ. այս վերջնոյն մինջեւ 16 տարեկան աղջիկները վերջերս տիրացան Սուրիոյ Մարզական Ֆէտէրասիոնի պասքէթպոլի բաժակին, որ համազօր է տարիքով աւելի մեծերու Երկրի նախագահի բաժակին: Այս աղջիկներէն մի քանին մաս կը կազմեն Հայաստանի հաւաքականին: Երկու մարզական կազմակերպութիւններուն տղոց խումբերը քաղաքին լաւագոյն խումբերէն են: Յանուն ճշմարտութեան ըսենք, որ հայկական այս խումբերն ու անոնց համակիրները ամէնէն շատ կ’ոգեւորուին, երբեմն նոյնիսկ աւելորդ անվայել արարքներ կը կատարեն երբ իրար դէմ կը մրցին:

Ազիզիէի հայկական սահմանը կ’աւարտի Ասատուր Ալթունեանի անունը կրող փողոցով, որ կ’անցնի 1850ականներէն ի վեր Հալէպի մէջ կեանք առած Հայ Աւետարանական Մայր այս եկեղեցին ծանրապէս վիրաւորուեցաւ իր տանիքին վրայ ինկած հրասանդէ մը: Երկար ատեն վտանգաւոր էր հոն աղօթելու երթալը, սակայն հիմա եկեղեցւոյ հետեւորդները կրկին կը փորձեն վերադարձնել անոր փառքի երբեմնի օրերը:

Ազիզիէ թաղամասէն պիտի չուղղուիմ Թիլէլ, ուրկէ վերջերս անցած էր Հալէպի մտաւորական մեծ զաւակ Լեւոն Շառոյեանը եւ նկարագրած այս թաղամասը, ուր ժամանակին հնչակեան Աւետիս Էքմէքճեանի տպարանին մէջ տպուած էր դաշնակցական Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը: Այս երկու հայերը ծառայած էին համայն ազգին հայոց, այն տարբերութեամբ որ առաջինին սահմանները գաղութը չէին յատած, իսկ երկրորդը դարձած էր, սփիւռքի ամենայայտնի խմբագիրն ու մեր մեծ գրողներէն մին:

Պիտի անցնիմ Պարոն փողոցով, լքեալ հայկական հիւրանոց, Հալէպի առաջին արեւմտեան դիմագիծով իջեւան հռչակաւոր Պարոն պանդոկի մօտով, պիտի անցնիմ անցեալին հայապատկան գործատեղիներով լեցուն Պուսթան Քուլ Ապ՝ Բոլոր Հայրերուն պարտէզը շրջանէն: Այս շրջանը հռչակաւոր էր նաեւ իր խորովածանոցներով որոնցմէ ամէնէն յայտնին հայ Յակոբի քեպապանոցն էր: Մինչեւ տագնապը այս շրջանը յայտնի էր նաեւ իր գիշերային կեանքով՝ այստեղ կային բազմաթիւ քապարէներ, ուր եկամտաբեր գործ կը գտնէին նաեւ սերելանքացի, ֆիլիպպինցի, ռուս աղջիկներ…

Պիտի հասնիմ իր ժամացոյցով հռչակաւոր Պապ Էլ Ֆարաճ հրապարակ, որուն պանդոկներէն մէկուն մէջ իրենց սպաննութենէն առաջ իջեւանած են Գրիգոր Զոհրապն ու Վարդգէսը: Այս հրապարակին վրայ, տակաւին Ցեղասպանութենէն առաջ, Ս. Ծնունդին ու Զատիկին, իրենց ազգային տարազներով պար բռնած են պանդուխտ սասունցիները: Նոյն՝ լեռնցի սսունցիները այդ տարիներուն հարեւան եկեղեցիներու տարածքային ոտնձգութիւններուն դէմ պաշպանած են 15-րդ դարուն կառուցուած Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցին, որուն դպրանոցին մէջ մեր գրիչները հայկական ձեռագրեր ստեղծագործած են:

Եւ պահն է որ կանգնիմ Մայր եկեղեցւոյ քանդուած պարիսպներուն առջեւ: Քառասուն Մանկանց եկեղեցին երկար ատեն կռիւներու սահմանագիծի վրայ էր, ուստի եւ հիմա վիրաւոր է, սակայն բուն եկեղեցին կանգուն է անոր վէրքերը մակերեսային են, ինչպէս մեր գաղութի զաւակներունը, մենք վիրաւոր ենք, մեր նահատակներուն արիւնը դեռ չէ չորցած, մենք ունինք մեծ թիւով այրիներ ու որբուկներ, մենք ունինք տակաւին քանդուած ազգային կառոյցներ, տուներ, գործատեղիներ. մենք այս ամէնը չենք կրնար մոռնալ, պիտի չմոռնանք, սակայն այս ամէնը մեզ պիտի չտապալեն, մենք ոտքի վրայ ենք, մենք պիտի կանգուն պիտի մնանք, պէտք է մնանք, չէ՞ որ հայկականութեան մեր շունչը պէտք է ամբողջ սփիւռքին… Ու ես, որպէս վկայութիւն մեր յարատեւումին, տուն վերադառնալէս առաջ մտովին պիտի կանգնիմ մեր փողոցին ծայրը, ուրկէ շատ հեռու չեն հայկական գերեզմանատուները, ուր կը հանգչին մեր մեռելները եւ ուր այցի կ’երթան մեր դպրոցականները, ոչ միայն իրենց մեռելներուն այցելելու, ոչ միայն Հալէպէն հեռացածներու ննջեցեալներուն համար խունկ ծխելու այլեւ մոմ վառելու համար իրենց ուսուցիչներու գերեզմանաքարերուն առջեւ, մաքրելու հայ մեծ ուսուցիչին՝ Յակոբ Օշականին տապանաքարը: Իրենց մեռելներուն տէր այս պատանիները վաղը տէր պիտի կանգնին մեր կառոյցներուն, անոնք տօնական այս օրերուն պիտի երգեն ու պարեն իրենց ծնողներուն հետ, անոնք նաեւ վաղը լոյս պիտի վառեն հայերու տուներէն ներս, չէ՞ որ տակաւին մեր ուրախութիւնը կը մնայ մթագնած, որովհետեւ մեր քալած ատեն նկատեցինք, որ հայերու բնակարաններուն մեծ մասը անլոյս է, անոնց տէրերը հոս չեն:

Մի քանի օր առաջ Ամանոր էր, մի քանի օր ետք Հայ Յիսուսը պիտի ծնի:

Ուրախանալու եւ լաւատես ըլլալու պատճառներ ունի՞նք:

Ինչպէս տեսաք.- Այո՛:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 2 Յունուար 2018

Գլխավոր լուսանկարում՝ Հալէպահայ դպրոցականները Յակոբ Օշականի գերեզմանին առջեւ:

Մեկնաբանել