Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ Ժագ Մառիլոսեանի եւ տիկին Տելֆին Օի (Delphine O) հետ: Անոնցմէ առաջինը Ֆրանսայի Ազգային ժողովի` Հայաստանի հետբարեկամութեան խումբի նախագահն է, իսկ երկրորդը՝ Իրանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահուհի եւ Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահուհի:

Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ բնակող Ֆրանսացիներու կողմէ ընտրուած Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Ալեքսանտր Հոլրոյտի հետ, քննարկած՝ երկկողմանի հետաքրքրութիւններ կայացնող հարցեր:

Արմէն Սարգսեանի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ան Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցած է շարք մը այլ երեսփոխաններու, ինչպէս՝ Օլիվիէ Տասոյի հետ եւս: Վերջինիս հետ հանդիպման անդրադարձ կատարուած է հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ այդ համածիրին մէջ ընդգծուած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Յունուարին Ֆրանսա կատարած այցելութեան կարեւորութիւնը: Այս առթիւ նշենք, թէ նախքան Արմէն Սարգսեանի տարբեր երկիրներ այցելութիւններու շարքը սկսիլը՝ յայտարարուած էր, որ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ հայկական համայնքներու հետ ալ:

Կրնանք ըսել, որ գոնէ Ֆրանսայի պարագային տեղի չունեցան այդ հանդիպումները, իսկ CCAF-ի հետ նախատեսուած հանդիպումն ալ մեզի անծանօթ պատճառներով ջնջուած էր: Նշեալ այցելութիւններու շարքի օրացոյցին եւ օրակարգին մասին ալ յստակ տեղեկութիւններ կը պակսին:

Աղբյուրը՝ «Նոր Յառաջ» թերթ, Փարիզ

Մեկնաբանել