Հալէպ – Իրողութիւններ

-Կը բաւէ՛ այլեւս, պիտի երթամ…

-Կինս դարձեալ գլուխս ուտելու սկսաւ.-երթանք, հա՛, երթանք…

-Մի՛շտ ըսած եւ պիտի ըսեմ. Այս երկիրը այլեւս պիտի չի՛ շտկուի…

Այս եւ նման տասնեակ նախադասութիւններ կը յաջորդեն իրար, երբ ամէն անգամ վերջնական թուացեալ անդորրը խանգարելով ռումբի տեսակ մը կ’արձակուի հայկական թաղի մը վրայ, ինչպէս օրինակ երկու շաբաթ առաջուան Սուլէյմանիէ հասած երկու հրթիռները, որոնցմէ մէկը չպայթեցաւ իսկ երկրորդը միայն նիւթական վնասներ պատճառեց: Երէկ առաւօտ ալ եօթ հրթիռներ հասան Մուհաֆազա թաղի Սուք Էլ Ինթաճ շրջանը, որոնք սակայն…

Կան քանի մը իրողութիւններ, զորս լաւ գիտենք բայց կը փորձենք անգիտանալ. այդ —իրողութիւններն են.

-Հալէպի «ազատագրում»էն մինչեւ հիմա Հալէպ քաղաքը չէ դադրած սահմանային գօտի ըլլալէ եւ կարգ մը թաղերու վրայ չէ դադրած զանազան տեսակի ռումբերու արձակուիլը, սակայն մենք հայերս անտարբեր եղած ենք անոնց հանդէպ, չէ՞ որ վիրաւորուածներուն կամ զոհերուն մէջ հայեր չեն եղած…

-Սուրիան, նաեւ Հալէպի գտնուած վայր հիւսիսային Սուրիան երբեք չէ հանդարտած, սակայն մեզի համար Սուրիա կարծէք թէ միայն Հալէպի մեր թաղերն են ու մեզ արտաքին աշխարհին կապող ճանապարհները…

-Տակաւին հայկական թաղ կը կոչենք Նոր Գիւղն ու Սուլէյմանիէն, սակայն ո՛ր ժամուն ալ քալենք այս փողոցներէն, պիտի տեսնենք որ այլազգիներու գոյութիւնը կը գերակշռէ մերը՝ խումբերով քալող երիտասարդներուն եւ կիներուն, առաւել եւս փոքր տարիքի տղոց մեծ մասը հայեր չեն: Փողոցը քալողները կրնան ուրի՞շ թաղերէ եկած ըլլալ, շատ լաւ. սակայն ճիշդ չէ՞ որ մենք մեր խանութները կը ծախենք, ովքե՞ր են գնողները, նոյնիսկ եթէ նկատի չունենանք տագնապի անցնող վեց տարիները, թուացեալ խաղաղութեան տիրումէն ետք, այսինքն վերջին մէկ տարին ոեւէ հայ որեւէ խանութ գնե՞ց. որեւէ տո՞ւն: Մեր շէնքերը որոնց բացարձակ մեծամասնութեան բնակիչները հայեր էին, այսօր ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն. գրեթէ բոլոր շէնքերուն մէջ հիմա կան այլակրօն կամ այլազգի բնակիչներ՝ տանտէրեր կամ վարձուորներ:

-Սղութի՞ւնը, անտանելի սղութի՞ւնը: Մեզմէ քանի՞ն կրնայ մարդավարի ապրիլ, քանի՞ն կրնայ երկրէն դուրս ճամբորդել, եթէ իր օդանաւի տոմսը իր հարազատները չհոգան: Թերեւս արհեստաւորները լաւ կը շահին, սակայն հայ արհեստաւորներէն շատեր վերածուեցան այլոց մօտ գործաւորներու, անոնցմէ ոմանք ստիպուեցան փոխել իրենց արհեստը, եւ դարձան սիկարէթ ծախողներ, սուրճ եփողներ, պահակներ… : Հապա՞ պաշտօնեաները. Շատ քիչ թիով պաշտօնեաներ կը ստանան 200 ամերիկեան տոլարի շուրջ ամական աշխատավարձ, կան 300-400 ալ ստացողներ, որոնք կ’աշխատին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, պետական կամ ոչ պետական հիմնարկներու պաշտօնեաները մեծ մասամբ կը ստանան 65-100 տոլար. այս վերջիններու շարքին են հայկական դպրոցներու պաշտօնեաները, որոնց 65-100 ամսականանին տարեկան կը գումարուի 40% ժամանակաւոր «պարգեւատրում» մը՝ ամսական աշխատավարձը դարձնելով 8-140 ամերիկեան տոլար, մինչ ընտանիք մը ամենաքիչը պէտք ունի 200 տոլարի քիչ մը մարդավարի ապրելու համար: Դպրոցներու պատասխանատուները յանցաւոր չեն, անոնք չեն կրնար աշխատավարձը աւելցնել. Մեր դպրոցները ինքնաբաւ չէին տակաւին տագնապէն ալ առաջ, անոնք իրենց նիւթական բացը կը գոցէին հայկական համասփիւռքեան բարեսիրական կազմակերպութիւններու օգնութեամբ, սակայն կային նաեւ հալէպահայ մեծահարուստ բարերարներ, որոնք մեծ նուիրատուութիւններ կը կատարէին մեր դպրոցներուն: Այսօր մեր դպրոցներուն վիճակը ծանր է, մանաւանդ որ անվճար ուսանողներուն թիւը շատ աւելի է քան վճարովի ուսում առնողներունը: Մեր դպրոցներէն մի քանին դրամ ապահովելու համար կ’ընդունին նաեւ ոչ հայ աշակերտներ: Վայ եկեր է մեր դպրոցներու գլխին, եթէ օր մը դուրսէն եկող օգնութիւնները դադրին:

-Դպրոցներու վերաբերեալ կայ նաեւ այլ պարագայ մը, պետական Կրթական Տնօրէնութիւնը միշտ ալ կրնայ մեր դպրոցներուն ստիպել ոչ հայ աշակերտներ ընդունիլ, չէ՞ որ բազմաթիւ պետական դպրոցներ քարուքանդ են, չէ՞ որ գաղթի պատճառաւ մեր դպրոցներէն շատերուն մէջ բազմաթիւ դասարաններ կիսադատարկ են, բազմաթիւ գրասեղաններու առջեւ աշակերտներ չկան…

-Լուրջ հարց է ընտանիքներու քայքայման պարագան. Գրեթէ ընտանիք մը չկայ որուն մէկ մասը հոս չէ, մէկուն հայրը հոս չէ, մէկուն զաւակները ցիրուցան եղած են. չորս-հինգ հոգինոց ընտանիքները այսօր երեք չորս երկիրներու մէջ տարտղնուած են… ասկէ աւելի մեծ ողբերգութիւն կարելի՞ է պատկերացնել.. Ասոնցմէ ո՞վ, որո՞ւն, ե՞րբ պիտի միանայ. աւելցնեմ որ հոս մնացածներէն կարեւոր մաս մը ծերեր են, որոնք (Աստուած երկար կեանք տայ), հաւանաբար (մեղա՜յ, մեղա՜յ) այլեւս պիտի չարժանան իրենց հարազատներու տեսութեան…

Անդիմանալի խնդիր մըն է զինուորութեան պարագան, երիտասարդ տղաքը չեն ուզեր ծառայել բանակի մը մէջ որ պատերազմի մէջ է, թշնամիներուն կարեւոր մէկ մասը համաերկրացի է, եւ ուշ կամ կանուխ կայանալիք հաշտութենէն ետք այսօրուան իրար սպաննող սուրիացիները պիտի գրկախառնուին եւ միեւնոյն բանակին մէջ պիտի ծառայեն, ուրեմն անհեթեթութիւն չէ՞ այսօրուան իրավիճակը: Սակայն կան հայ տղաք, որոնք վեց-եօթ տարիներէ ի վեր կը ծառայեն, անոնց մէջ զոհուածներ ալ կան: Որպէս պահեստի զինուորներ բանակ կը կանչուին նաեւ մինչեւ 40 (թէ՞ 44) տարեկան տղամարդիկ… Բանակէն խոյս տալու միջոց է համալսարանական կրթութեան կարելի եղածին չափ երկարաձգումը՝ դասարանը կրկնելով կամ բարձրագոյն ուսումը շարունակելով մագիստրոսական աստիճանի մէջ … սակայն աւելի լաւ միջոց մըն է երկրէն հեռանալը, այստեղէն ալ կը ծագի նոր իրավիճակ մը, զոր արհամարհելը, որուն հանդէպ ջայլամութիւն ընելը բան պիտի չփոխէ ցաւալի իրականութենէն. Այս իրականութիւնը երիտասարդ տարիքի տղոց թիւի համեմատութիւնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ նոյն տարիքի աղջիկներուն թիւին համեմատ… ուրե՞մն… ուրեմն… եզրակացութիւններու թող ընթերցողները յանգին:

-Այլ իրողութւն մըն է մեր հաւաքական կեանքի եւ անձնական կեանքի հսկայական տարբերութիւնը. Մեր հաւաքական կեանքը գերազանց վիճակ մը ունի, միութիւնները կը գործեն, մշակութային ձեռնարկները իրար կը խաչաձեւեն երբ տեղական մշակութային ձեռնարկներ համարեա չկան, տեղական խումբերու համեմատ մարզական լաւ իրավիճակ ունին մեր լողորդներն ու պասքէթպոլիսթները, ունինք մի քանի պարախումբեր, թատերախումբեր, նուագախումբ, երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ՝ հարիւրաւոր աշակերտներով, ունինք եռուն սկաուտական եւ արենուշական շարքեր… Գաղութի բազկերակը կենդանի է՝ ողջ: Մինչ մեր անձնական կեանքերուն մէջ շատ են ողբերգական վիճակները, կին-ամուսին բաժնուելու աստիճանի հասնող կռիւները, զաւակներու անհնազանդութիւնը, ո՞ւր կրնան տանիլ մեզ այս կռուըտուքները, որոնք արդիւնք են դժգոհութեան, իրականութենէն դժգոհութեան, ապագայի անորոշութենէն դժգոհութեան… մեր վիճակը անորոշ է, այնքան որքան եւ անորոշ է երկրին վիճակը…

Կարեւոր իրողութիւն մըն է այն որ մեր սպասումները մինչեւ հիմա չիրականացան. Կը սպասէինք որ խաղաղութեան հետ շատեր պիտի վերադառնան Հալէպ… մեր յոյսերը չիրականացան, նոյնիսկ Սուրիոյ ծովեզերեայ համեմատաբար խաղաղ քաղաքներ գացողները չվերդարձան եկողներն ալ մեծ մասամբ տուն-տեղ ծախու եկած էին, մատներու վրայ կարելի է հաշուել իբր վերջնական վերադարձողներուն թիւը, միւս կողմէ տակաւին ամէն օր գացողներ կան…

Կարեւոր կէտ մըն ալ հետեւեալն է.

Չխաբենք մենք մեզ, Հայաստան գացածներուն մէջ չհարմարուողներու, դժուարութիւնները չյաղթահարողներու թիւը շատ մեծ է սակայն..

Հայաստանէն վերադարձածներուն երբ հարցնելու ըլլաս.

-Ինչպէ՞ս ես:

-Հոս լաւ չեմ, հայրենիքին մէջ լաւ էի, ետ պիտի վերադառնամ…

Մխիթարական չէ՞:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 18 Փետրուար 2018

Մեկնաբանել