Թրքահայ Մտաւորականներուն Կոչը

Թրքահայ խումբ մը մտաւորականներ, որոնց շարքին են համալսարանական դասախօսներ, արուեստագէտներ,
գիտական աշխատողներ, երաժիշտներ ու գրողներ, ինչպէս՝ Հայկօ Ճեփքինը, Պարթեւը, Գէորգ Թիւրքէրը, Գրիգոր Տինչքայըքճըն, Մանուէլ Չըթաքը, Մասիս Արամ Կէօզպեկը, «Ոմանք»ի տղաքը, Լեռնա Էքմեքճիօղլուն, Նազան Մաքսուտեանը եւլն., հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեցին Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան շուրջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Իրենց կողմէ ստորագրուած գրութեան մէջ կը նշուի, որ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անողոք հիւանդութեան հետեւանքով պատրիարքական աթոռը թափուր է վերջին տասը տարիներուն ու անկարելի է զայն այլեւս ղեկավարել ընդհանուր փոխանորդով մը։ Պատրիարքական արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու արդիւնքին գահը արժանաւոր աթոռակալով մը օժտելու իրենց կոչը անոնք կ՚ուղեկցեն Թուրքիոյ հայութեան բոլոր խաւերուն ու հաստատութիւններուն ուղղեալ խօսքով՝ պահանջելով, որ անոնք բոլոր հարթակներու վրայ բողոքեն կառավարութեան միջամտութեամբ վերստին ստեղծուած այս անընդունելի վիճակին դէմ։ «Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրականանայ արդարութեան եւ իրաւունքի հարկը՝ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւն է, այլ՝ հալածանք», կ՚եզրափակեն անոնք իրենց խօսքը։ Ստորեւ՝ թրքահայ մտաւորականներու խօսքը.

Հանրային կարծիքի նկատառման,

Անցեալ շաբթուան զարգացումները պատճառ դարձան որպէսզի բազմապատկուին մեր այն մտահոգութիւնները,
որոնք սկսած էին զարգանալ ընտրեալ վերջին պատրիարք Մեսրոպ Բ-ը ան-գործութեան դատապարտած դժբախտ
հիւանդութեան տխուր ու անձկալի շրջանին։ Պատրիար-քի՝ դատաբժշկական մարմիններու կողմէ հաստատուած
մտագարութեան արդիւնքին, անգիտա-կից ու անգործունակ վիճակին միջանկեալ լուծում մը գտնելու յոյսով ու
խառնակութիւններու առաջքն առնելու համար Արամ արք. Աթէշեան 2010-ին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուեցաւ (հակառակ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի նախընթացներուն)։ Դժբախտաբար այս միջոցին որեւէ հրաշք չէ պատահած ու պատրիարքի առողջական վիճակը աւելի քան ինը տարիէ ի վեր կայուն է։ Ուր որ ալ ըլլայ, ո՛չ մէկ աթոռ կարելի է թափուր թողել այսքան երկար ժա-մանակ։ Ո՛չ մէկ տեղ կարելի է փոխանորդութեան նման երկարաձգում մը, երբ բուն աթոռակալը գործունակ չէ։ Ըստ եկեղեցական նախընթացներու, աթոռը թափուր կը հռչակուի՝ եթէ եօթ տարի չէ գործած։ Պատրիարքը թէեւ ի կեանս է, սակայն աւելի քան 9 տարիէ ի վեր անգիտակից անկող-նոյ կը ծառայէ։

Թափուր է պատրիարքական գահը՝ կեանքի անխուսափելի, անժխտելի ու անշրջադարձելի պարագաներու
բերմամբ։ Հակառակը պնդել՝ պիտի նշանակէր յայտարարել, թէ Երկիրը չպտտիր իր առանցքին շուրջ։

Կ՚ակնկալենք ու կը պահանջենք, որ վերջ տրուի պատրիարքական աթոռի փոխանորդի մը կողմէ կառավարման, եւ
թափուր գահը հանրային քուէարկութեան արդիւնքին օժտուի հեղինա-կաւոր ու արժանաւոր գահակալով մը՝ ըստ մեր
աւանդութիւններուն եւ ըստ մեր քաղաքացիական իրաւունքի։

Կոչ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ հայութեան բոլոր անդամներուն ու հաստատութիւններուն՝ որպէս-զի բոլոր
հարթակներու վրայ, ամէն միջոց օգտագործելով բողոքեն ու մերժեն այս իրողութիւնը։

Ի դէմս Կրօնական ժողովի, հոգեւորականներուն կը յիշեցնենք իրենց ունեցած պատասխա-նատուութիւնը
հանրութեան առջեւ։ Կը հրաւիրենք զիրենք յարգելու իրենց խոստումը։

Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն, որպէսզի թօթափեն իրենց ընտրեալ
ներկայացուցիչներ ըլլալու հանգամանքին հակասող կրաւորականութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելով ըլլան նախաձեռնող։ Վստահ ենք, որ քաղաքացիական հա-կազդեցութիւններն ու պահանջքները նկատի պիտի առնուին քաղաքացիներու հանդէպ զգայուն պետական պաշտօնեաներուն կողմէ։

Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրա-կանանայ արդարութեան
եւ իրաւունքի հարկը՝ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ
խաղաղութիւն է, այլ՝ հալածանք։

Սեւան Աթաօղլու – լրագրող
Սարգիս Ատամ – յօդուածագիր
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս – լրագրող
Սեզար Աւետիքեան – երաժիշտ
Նուրան Աքքայա – լուսանկարիչ
Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան – դաշնակահար
Գէորգ Գրիգորեան – արձակագիր
Պարոյր Գույումճեան – լրագրող
Թայիս Եըլտըզճը – երաժիշտ
Պօղոս Եղիազարեան – երաժիշտ
Բագրատ Էսդուգեան – արձակագիր
Արաս Էրկիւնեշ – իմաստասէր
Ճան Էրզրումլուօղլու – ուսուցիչ
Նարօտ Էրքոլ – դասախօս
Լեռնա Էքմեքճիօղլու – պատմաբան
Նորա Թաթարեան – արուեստաբան
Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան – ընկերաբան
Էրլին Թոմաօղլու – երաժիշտ
Եդուարդ Թովմասեան – հրատարակիչ
Միհրան Թովմասեան – արուեստագէտ
Թագուհի Թովմասեան – արձակագիր
Գէորգ Թիւրքէր – դերասան
Արլեթ Ինճիտիւզեն – թարգմանչուհի

Պարթեւ Կարեան- երաժիշտ
Յակոբ Կիւլեչ – պարուսոյց
Մասիս Արամ Կէօզպէկ – երաժիշտ
Արի Հերկել – երաժիշտ
Հայկօ Ճեփքին – երաժիշտ
Նազան Մաքսուտեան – մարդաբան
Յակոբ Մամիկոնեան – երաժիշտ
Սեւան Մատաթեան – դերասան
Ռուբէն Մելքիսեդօղլու – երաժիշտ
Զաքարիա Միլտանօղլու – ճարտարապետ
Արարատ Մոր – դերասան
Արիս Նալճը – լրագրող
Լարա Նարին – երաժիշտ
Յովհաննէս Շաշքալ – երգիծանկարիչ

Արարատ Շեքերեան – գրականագէտ
Սարեմ Շէշէթեան – պարուհի
Սարօ Ուսթա – երաժիշտ
Սայաթ Ուշաքլըկիլ – գեղանկարիչ
Գայուշ Չալըքման – խեցեգործ
Պօղոս Չալկըճեան – դերասան
Մարալ Չափան-Աթաման – երաժիշտ
Ժաքլին Չելիք – արձակագիր

Մանուէլ Չըթաք – լուսանկարիչ
Հերա Պ. Թաշճեան – արուեստագէտ
Թալին Պ. Քիւրքճեան – պարուհի
Պարգեւ Պալըմեան – բժիշկ
Լեւոն Պաղըշ – յօդուածագիր
Լեռնա Պաղտասարօղլու – յօդուածագիր
Լուիզ Պաքար – թարգմանչուհի
Պուրաք Պետիկեան – երաժիշտ
Ժպիտ Պէրպէրեան – գեղանկարիչ
Պերճուհի Պէրպէրեան – դերասանուհի
Մելիսա Պիլալ – ազգագրագէտ
Գրիգոր Սահակօղլու – արուեստագէտ
Եաշար Սարաճօղլու – լուսանկարիչ
Լորա Սարը – խմբագիր
Անի Սեթեան – խեցեգործ
Թալին Սուճիեան – պատմաբան
Ռաֆֆի Սիւզմէ – դասախօս
Նուրհան Տավութեան – դասախօս
Սեւան Տէյիրմենճեան – բանասէր
Գրիգոր Տինչքայըքճը – դերասան
Սօսի Տոլանօղլու – թարգմանչուհի
Սարգիս Փաչաճը – երգիծանկարիչ
Առէն Փերտեճի – բեմադրիչ
Արամիս Քալայ – լուսանկարիչ
Արամ Քերովբեան – երաժշտագէտ
Յովհաննէս Քըլըչտաղը – ընկերաբան
Արման Քէօսէ – լուսանկարիչ
Մինաս Օֆլազ – թատերական գործիչ

AGOS

Մեկնաբանել