Ռաֆֆիին քիթը եւ մենք

Հիմա երբ կը գրեմ այս տողերը զիս չի հետաքրքրեր թէ ո՞վ Է Ռաֆֆի Տուտագլեանը. զիս կը հետաքրքրէ այն, որ Ռաֆֆին իր գրածներուն պատճառաւ ծեծուած է:

Ո՞վ ծեծած է Ռաֆֆին, ինչո՞ւ ծեծած են Ռաֆֆին:

– Հաւանաբար գրութիւններուս պատճառաւ,- ըսած է ինք՝ ծեծուող Ռաֆֆին՝ հրապարակագիր Ռաֆֆին, որուն գրութիւնները ոմանց հաճելի չեն թուացած:

Բնական է որ ամէն գրողի ամէն գրածը ամէնուն հաճելի չի կրնար ըլլալ, ուրեմն պէտք է ծեծուի՞, քիթին ոսկորը կոտրուի՞, աչքը վնասուի՞….

Ինչո՞ւ կը գրէ գրողը:

Անհատ մարդը իր կարծիքը կ’ունենայ եւ բնականանաբար կ’ուզէ այս կամ այն հարցին շուրջ իր մտածածն ու դատածը գրելով փոխանցել այլոց, առանց միտքէն անցնելու որ իր մտածելակերպը ուրիշներն ալ պարտադրաբար պէտք է կիսեն:

Անշո՛ւշտ ոմանք կրնան համակարծիք ըլլալ իրեն, ոմանք կրնան դէմ ըլլալ, կրնայ պատահիլ որ բացարձակ մեծամասնութիւն մը դէմ ըլլալ ասոր կամ անոր արտայայտած կարծիքին եւ… ուրեմն պիտի ծեծէ՞ք…

– Հրամմեցէ՛ք, խնդրեմ, ձեր կարծիքը արտայայտեցէք, վիճեցէ՛ք,… ըսէք որ կը սխալի ան կամ պարզապէս արհամարհեցէ՛ք զինք ու իր գրութիւնները:

Բայց … եթէ իրաւ է որ Ռաֆֆի Տուտագլեանը ծեծած են իր գրութիւններուն համար, ուրեմն մենք տակաւին հաւատաքննութեան դարին մէջ կ’ապրինք կամ դէպի այդ դար մեծ ետքայլ մը՝ ոստում մը կը կատարենք:

Երանի սխալած ըլլաք յարգելի Ռաֆֆի Տուտագլեան եւ Ձեզ այլ պատճառաւ մը ծեծած ըլլան, որեւէ պատճառաւ բացի Ձեր գրութիւններէն:

– Ինչո՞ւ ծեծած ն Ռաֆֆին: Իր ենթադրեալ եզրակացութիւնը. «Պատժելու նպատակ էր կարծես»…

Ե՞րբ կը պատժեն մէկը.- Երբ ան սխալած ըլլայ…

Ո՞վ կը պատժէ սխալողը. – Համապատասխան կառոյց մը, համապատասխան լիազօրուած կառոյցի մը առած որոշման մը վրայ հիմնուելով: Օրինակ պետութեան մը դատարանի որոշումը ոստիկանութիւնը կը գործադրէ:

Ինքնուորոյն մտածող գրող մը յանցագո՞րծ մըն է: Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ:

Ռաֆֆին պատժողները դատաւորնե՞ր են: Ո՞վ իրաւունք ունի բռնանալու մարդու մը մտածելակերպին վրայ, ո՞վ իրաւունք ունի պատժելու անձ մը որ կ’ուզէ ազատօրէն իր կարծիքը արտայայտել՝ գրելով արտայայտել: Իսկ եթէ այդ պատիժը ծեծ է…

– Ծեծը շատ ազդու միջոց մըն է պատժուողին լաւ դաս մը տալու, ծեծը շատ ազդու միջոց մըն է պատժուողին եւ ուրիշներուն սպառնալու, հրապարակաւ հասկցնելու, որ.- Տես հա՛, դո՛ւք՝ իր նմաններն ալ տեսէ՛ք, մենք կրնանք ծեծել, ձեզ ալ կրնանք ծեծել, կրնա՛նք, այս անգամ ալ կրնայինք, ծեծէն շատ աւելին ընել: Խելօք կեցէ՛ք:

Խելօք կենալ, այսինքն հնազանդիլ, այսինքն չի հակաճառել, այսինքն դադրիլ ինքնուրոյն մտածելէ, այսինքն գլուխ ծռել՝ աւելի ճիշդ.- Գլուխ չունենալ, այլապէս ենթարկուիլ լինչի դատաստանի:

Ուրեմն ինչո՞ւ գրել: Ինչո՞ւ գրել եթէ քու ուզածդ պիտի չգրես, ինչո՞ւ գրել եթէ ուրիշներուն թելադրածը պիտի շարադրես պարզապէս: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ պիտի գրես եթէ ո՛չ թէ գրող այլ գրչակ մը պիտի ըլլաս: Այսքանը չե՞ն կրնար հասկնալ Ռաֆֆիին պատժողները, որոնք վստահաբար ունին գրչակներ: Եղբայր, ծեծելու փոխարէն հրամայէ գրչակներուդ պատասխանել Ռաֆֆիին. աւելի ճիշդ չ’ըլլա՞ր, փորձէ քու գրողներուդ միջոցով համոզել որ Ռաֆֆին սխալ է, որ դուն ես ճիշդը… բայց հաւանաբար ծեծով պատժելը աւելի դիւրին է…

… Ո՞վ պատժեց Ռաֆֆին: Չեմ գիտեր:

Ո՞վ գործադրեց Ռաֆֆիին պատիժը: Վարձկաննե՞ր: իսկ եթէ պատիժը գործադրողները վարձկաններ չէին, այլ գաղափարի մը հաւատացողներ, որոնք ծեծեցին համոզուած ըլլալով որ իրենց սուրբ գաղափարին կը ծառայեն, հանգիստ խղճով վերադարձան եւ հպարտութեամբ զեկուցեցին իրենց վստահուած առաքելութեան ի կատար ածուիլը..

Գրող մը ծեծով պատժելուն չափ ողբալի է պատիժը գործադրողին՝ ծեծողին հայրենիքին եւ ազգին մեծ ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու համոզմունքը:

Ո՛չ, ո՛չ, աւելի լաւ է որ ծեծողները վարձկաններ եղած ըլլան քան թէ հլու, հնազանդ գործիքներու վերածուած մարդիկ, որոնք այլ պարագաներու կրնային ազգօգուտ առաքելութիւն մը կատարել:

Թերեւս կը սխալիմ, թերեւս հիւանդագին կը մօտենամ հարցին, չեմ գիտեր, բայց անկախ ինձմէ կը յիշեմ, մտքիս մէջ գամուելու կու գայ Շարլի Էպտոն, մտքիս մէջ տեղ կը գրաւէ «Բոլորս Շարլի ենք»ը, որ հիմա կը վերածուի իմաստէ դատարկուած կարգախօսի, եւ կը զսպեմ ինքզինքս, ինքզինքիս կ’արգիլեմ «Բոլորս Ռաֆֆի ենք» ըսելէ ու մտքիս մէջ այլ անիմաստ նախադասութիւն մը կը տեղաւորուի.

-Բոլորս Ռաֆֆին ծեծողներն ենք:

Ինչո՞ւ:
Թերեւս պատասխանը փնտռենք Ռաֆֆի Տուտագլեանի յօդուածներէն մէկուն վերնագրին մէջ. «Պոլշեւիզմը Մեռած է, Կեցցէ՛ Նէօպոլշեւիզմը»…

Սթալինեան ժամանակները կրնա՞ն վերադառնալ, կարելի՞ է մարդը պատժել ինչպէս որ ուզեն, ծեծեն ինչպէս որ ըրին Ռաֆֆիի պարագային, կամ, կամ… ամէն ինչ կարելի է սպասել… նոյնիսկ միտքէ չանցած մեղադրանքներու կատարուիլը, ամենազազրելի յանցանքներու վերագրուիլը ու..

Ո՛չ, աւելի լաւ է Ռաֆֆին ծեծողներ չըլլանք բոլորս, աւելի լաւ է գիտակցինք ,որ Ռաֆֆիին կոտրուած քիթը մե՛ր քիթն է, անոր վնասուած աչքը մե՛ր աչքը: Կը խնդրեմ որ համաձայնիք հետս:

Այս խօսքիս սսկիզբը ըսի, որ զիս չի հետաքրքրեր թէ ո՞վ է Ռաֆֆին, իրականութեան մէջ զիս շատ կը հետաքրքրէ Ռաֆֆիին ով ըլլալը, որովհետեւ կը յարգեմ իր կարծիքը, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ծեծը արգելք պիտի չի դառնայ շարունակելու ազատօրէն արտայայտելու իր միտքերը:

Կը մնայ ընդունիլ որ ազգովին ե՛ւ Ռաֆֆին ենք ե՛ւ Ռաֆֆին ծեծողը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 4 Մարտ 2018

Մեկնաբանել