Խօսքը կը դադրի ըլլալէ Րաֆֆի Տուտագլեանի մասին․ Վահան Զանոյեան

Շաբաթ մը առաջ, անծանօթներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող Թիւֆէնքեան հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը։ Րաֆֆին համոզուած է որ իր վրայ յարձակողներուն դրդապատժառը զինք «պատժել» էր իր գրութիւններուն համար։ Այդ եզրակացութիւնը ինծի ալ համոզիչ կը թուի, հիմնուելով այն իրողութեան վրայ որ կողոպուտ չէր եղած, և իրեն ընկերակցողը յարձակման ուղակի թիրախ չէր եղած։ Բացի այդ՝ արդէն շատոնց յստակ էր շատերուս որ Րաֆֆիի կարգ մը յօդուածները լաւ չէին ընդունուած տարբեր հեղինակութիւններու կողմէ։

Պահ մը մոռնանք որ Րաֆֆին խղճամիտ, նուիրուած և անխոնջ ծառայող է մեր Հայրենիքին և ազգին։ Ես վկայ եմ իր անշահախնդիր և անաչառ աշխատելակերպին։ Մոռնանք նաև որ իր գրութիւնները հրապարակի վրայ երևցած ամենէն անկեղծ, իմաստալից և հետևողական յօդուածներու շարքին կը պատկանին։ Ես միշտ զմայլած եմ իր սուր տեսողութեան, պարզ ոճին և դիպուկ ու խօսուն արձագանգներուն վրայ, և հաւատացած որ իր գրութիւններուն միակ նպատակը եղած է Հայ իրականութեան բարելաւումը։

Այդ բոլորէն անդին անցնելով՝ զիս շատ աւելի յուզող երևոյթը այն է որ տակաւին մեր մէջ կան ուժեր որոնք անձի մը գաղափարներուն համար կը յանդգնին իր դէմ բռնութեան դիմել։ Ա՞յս է մեր իրականութիւնը այսօր։ Այսքա՞ն ետ գացած (կամ ետ մնացած) ենք մեր մտածելակերպին մէջ։ Այսպէ՞ս է որ պիտի յաղթահարենք հայ ժողովուրդին սպառնացող բազմաթիւ և յաճախ մահացու մարտահրաւէրները։ Անկեղծ ձայները լռեցնելո՞վ է որ պիտի յուսանք առաջ քշել մեր ազգային զարգացման և հզորացման օրակարգը։ Քսանմէկերորդ դարու երկրորդ տասնամեակին, պիտի վերադառնանք Չեքիստներու միջոցներու՞ն։

Շեշտեմ որ հոս խօսքը կը դադրի ըլլալէ Րաֆֆի Տուտագլեանի մասին։ Խօսքը կը վերաբերի մեր քաղաքական մշակոյթին և մօտեցումին։ Ես, միամտօրէն, կը հաւատայի որ մենք շատոնց թօթափած ենք այդ խուլիգանական վարուելակերպը։ Կը հաւատայի, ռոմանտիկ միամտութեամբ, որ բռնութիւնը, որպէս հարցեր լուծելու միջոց, վերապահուած է միայն ու միայն Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն, և բնա՛ւ չընդունիր որպէս թիրախ անկեղծ ու նուիրուած հայորդիներ, իրենց տեսակէտներուն ու գաղափարներուն հիման վրայ։ Կարծես առօրիայ Հայաստանի լուրերէն ցայթքող հիասթափութիւնները չէին բաւեր, հիմա այս ալ կը ներկայանայ որպէս մէկ նոր հիասթափութիւն։

Այս մշակոյթը տեղ չունի մեր կեանքին մէջ։ Այս մօտեցումը կրնայ միայն աւելի աղետալի արդիւնքներու առաջնորդել։ Չի՛ բաւեր որ մեր պետական և կուսակցական հեղինակութիւնները դատապարտեն այս ողբալի արարքը։ Աւելի՛ն պէտք է։ Յանձագործները պէտք է որ յայտնաբերուին և պատժուին։ Տակաւին ոչ մէկ խօսք քոնէ ես չեմ լսած ոճրագործները գտնելու և պատժելու մասին։ Ինչու՞։ Ովքե՞ր են զիրենք պաշտպանողները։

Այս վէրքը չի բուժուիր մինչև որ մենք, ազգովին, դէմ հանդիման գանք այս արարքին հիմ հանդիսացող ախտին հետ։ Ժամանա՛կն է։

Վահան Զանոյեան

Կարդացեք նաեւ՝

Ծեծի են ենթարկել հրապարակախոս Րաֆֆի Տուտագլեանին

Ռաֆֆիին քիթը եւ մենք

Մեկնաբանել