Նամակ ընկերոջը՝ Րաֆֆիին

Հրապարակախոս, Թուֆենկյան հիմնադրամի տնօրեն Րաֆֆի Տուտագլեանի նկատմամբ կիրառված բռնութանն է անդրադարձել ամերիկահայ գործիչ, հրապարակախոս Տիգրան Պապիկեանը։

«Պէտք է խօստովանիմ որ երկար ատենէ ի վեր կարդացած չէի «Նամակ Երկրէն» գրութիւններդ՝ որոնք կը կարդայի Ասպարէզ եւ կամ Ազդակ օրաթերթերուն մէջ: «Facebook» չունենալուս, եւ ինչ-ինչ պատճառներով յօդուածներդ այդ օրաթերթերուն մէջ վերջերս լոյս չտեսնելուն պատճառներով, զուրկ մնացած էի գրութիւններէդ: Երբեմն ցաւ պատճառող, երբեմն ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացում տուող, ժամանակակից եւ խիստ կարեւոր իրողութիւններու կ’անդրադառնայիր: Կը հիյանայի յանդուգն, անկեղծ եւ նոյն ժամանակ պարզ ու հասկանալի գրելու ոճիդ: Կը գնահատէի ընտրած նիւթերուդ հայրենասէր ու ազգասէր բնոյթը. Միշտ ուզած եմ արձագանգել քու «գրեցէ’ք ինծի» կոչիդ, գնահատելու եւ քաջալերելու քեզ, բայց միշտ թերացած:

Սակայն այսօր երբ ապշահար, ընդվզումով եւ զայրոյթով կը լսեմ քու հանդէպ կատարուած գարշելի, զզուելի եւ ամօթալի արարքը՝ չեմ կրնար անտարբեր մնալ եւ չ’արտայայտել բողոքս ու պոռթկումս. Չեմ կրնար լուռ մնալ այդ անմարդկային եւ անքաղաքավարի պատահարին. Կ’ուզեմ ձայնս միացնել բոլոր անոնց, որոնք կը դատապարտեն տեղի ունեցած վայրագ արարքը, գուցէ կրկնութեան ի գին բոլոր ըսուածներուն: Քեզի պատահեցաւ այն` որուն մասին մտահոգ ու անհանգիստ էիր, սակայն խիզախօրէն կ’արտայայտուէիր ամէն առիթի: Յաճախ կը մատնանշէիր քաղաքակրթութեան եւ մարդկային արժէքներու գիտակցութեան պակասը. Կը բողոքէիր ժողովուրդին հանդէպ պատահած անարդարութեան եւ անիրաւութեան համար: Կը խօսէիր անո՛նց լեզուով որոնք միջոցը, կարողութիւնը, եւ ինչու չէ քաջութիւնը չունէին արտայայտելու իրենց ընդվզումը, դժգոհութիւնն ու ցաւերը: Իսկ դուն, խօսքի սահմաններէն անդին անցնելով գործով եւ աշխատանքով կ’իրագործէիր այն ինչ որու մասին կ’անդրադառնայիր: Ներկայ էիր հոն ուր ժողովուրդը օգնութեան կարիք ունէր: Անշահախնդիր կը ծառայէիր Հայաստանի եւ Արցախի բարելաւման: Եւ ահա առ ի գնահատանք՝ ենթարկուեցար բարբարոս արարքի մը: Արարք մը որ խոր ցաւ պատճառեց քեզի, ընտանիքիդ, շրջապատիդ եւ բոլոր անոնց որոնք մտահոգ են հայրենիքի բարգավաճման, ազգի յառաջդիմութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար:

Նոյնանման վայրենի արարքները պէտք չէ տեղ ունենան մեր այսօրուայ իրականութեան մէջ ինչ որ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները: Այլ պէտք է խստօրէն դատպարտել եւ կասեցման առաջքներ առնել որ չկրկնուին:

Սիրելի Րաֆֆի, վստահ եմ որ նամակներդ ընթերցողներուն թիւը պիտի բազմանայ եւ աւելի զգուշութեամբ ու լրջութեամբ է որ պիտի հետեւին գրութիւններուդ:

Շատերու կարքին, ես ալ շուտափոյթ եւ ամբողջական ապագինում կը մաղթեմ քեզի»:

Լուսանկարում՝ Րաֆֆի Տուտագլեանը

Կարդացեք նաև՝

Ծեծի են ենթարկել հրապարակախոս Րաֆֆի Տուտագլեանին

Թուֆենկյան հիմնադրամն ակնկալում է Րաֆֆի Տուտագլեանի ծեծի հետաքննություն և մեղավորների բացահայտում

Բացահայտել Րաֆֆի Տուտագլեանի դեմ հանցանքի պատճառներն ու իրագործողներին․ Արսինե Խանջյանը՝ ՀՅԴ-ին

Մեկնաբանել