Հալէպի Բերդը՝  Աժան Ժամանցի Վայր

Այս օրերուն Հալէպահայ տիկինները զբաղած են Միջինքով. երբ Մեծ պահքի յիսուն օրերը կը կիսուին եւ իգական սեռի մեր բոլոր ներկայացուցիչները մէկ օրով մէկդի կը ձգեն պահքը եւ ներկայ կը գտնուին այս կամ այն միութեան կազմակերպած խրախճանքներուն, ուր աչքի կը զարնեն հարսնցուներն ու նորահարսերը իրենց ազգականներուն եւ նշանածին կամ ամուսնոյն ազգականներուն հետ

Չկարծէք թէ աժան կ’ազատին մեր տղամարդիկը, անոնցմէ մեծ մասը իր ամբողջ գրպանը կը պարպէ: Նկատի առէք նաեւ որ վերջին տարիներուն կը սկսի Հալէպի մէջ տեղ գտնել նաեւ Կանանց Միջազգային Օրուան նշումը… Ուսուցչաց տօնը…

Դեռ կայ նաեւ Մայրերու օրը… այս ամէնը իրար վրայ գումարուելով շուտով պիտի դիմաւորեն նաեւ Ծաղկազարդն ու Յարութեան Ս. Տօնը՝ Զատիկը…

Ո՜ւֆ, ո՜ւֆ.. այս ամէնը դրամի կը կարօտին եւ եթէ ոմանք բոլոր միջոցառոմներուն ներկայ կրնան գտնուիլ, ապա շատեր զրկուած կը մնան բոլորէն: Առաջ գործերը լաւ էին, ամէն մէկը իր վերմակէն համեմատ կ’երկարէր ոտքը… չէ՜ ամէն մէկը իր ոտքը վերմակէն դուրս կը հանէր եւ բոլոր առնչուած-չառնչուածները գոհ կը ձգէր:

Հիմա ո՛չ ոտք մնաց, ո՛չ ալ վերմակ, ուստի եւ մեծամասնութիւնը դժգոհ է եղած ծախսերէն:

Պատերազմէն առաջ, մանաւանդ գարնան եւ ամրան, հալէպցիները շաբաթավերջերուն քաղաքի բերդին շուրջի սրճարանները կ’երթային եւ ընկերներով կամ ընտանեօք նարկիլէ ծխելով քանի մը հաճելի ժամեր կ’անցնէին: Ի՜նչ երանելի օրեր էին: Հալէպէն դուրս ալ, դէպի արեւմուտք՝ դէպի քրտական շրջաններ կ’երթային եւ համով-հոտով կիրակի մը կ’անցընէին:

Տագնապէն առաջ, տագնապի ընթացքին, տագնապէն ետք մեր տիկինները միշտ ալ նշած են եւ կը շարունակեն նշել աւանդութիւն դարձած մեր առիթները: Ասիկա տեսակ մը, ապրելու, մահը արհամարհելու, մահուան մարտահրաւէր կարդալու միջոց մը եղած է, այսօր ալ մեր գոյատեւման փաստն է: Հալէպահայերը եթէ շատը չեն ըրած, քիչը ըրած են: Հալէպահայը չէ վախցած դրամ ծախսելէ, երբեմն նաեւ անհաշիւ ծախսելէ. արաբին գնած միսը կամ պտուղը շատ աւելի սուղ գինով գնած են.. Յաճախ լսած եմ Սուլէյմանիէի վաճառողներու գիներէն զարմացած արաբ բարեկամներէ.

– Դուք հարուստ էք, ինչ գին որ ըսեն, կը վճարէք:

Իրականութեան մէջ մենք հայերս հարուստ չէինք, մենք լաւ աշխատող, լաւ դրամ շահող եւ լաւ դրամ ծախսող մարդիկ էինք, մեր մէջ բարեկեցիկները շատ էին, հարուստները՝ քիչ, իրաւ հարուստները արաբներն էին(են), որոնք մշտապէս իրենց շահածէն քիչ կը ծախսեն եւ աւելցածը կը գումարեն դարերէ ի վեր՝ սերունդէ սերունդ կուտակուող դրամներուն:

Ինչո՞ւ կը յիշեմ այս ամէնը:

Այս ամէնը յիշելուս դրդապատճառը, քանի մը օր առաջ Հալէպի բերդի դրան մօտ բացուած տօնավաճառն է:

Պէտք է ըսել որ Հալէպի նահանգապետութիւնը կ’ուզէ աժխուժացնել կեանքը քաղաքին մէջ եւ այս աշխուժացումը կը սկսի Հալէպի կարեւորագոյն խորհրդանիշէն՝ Բերդէն: Հալէպցիներու սիրելի այս վայրին մէջ արդէն քանի մը մեծ համերգներ կազմակերպուեցան, Կարծէք թէ բերդը դարձաւ ուխտատեղի. Հալէպի արեւելեան թաղերու ընդիմադիրներէն դատարկուելէն ետք, ամէն մարդ պարտք սեպեց այցելել Բերդը, պետութիւնը նոյնիսկ անվճար փոխադրամիջոցներ տրամադրեց, ամէն մէկս լուսանկարուեցանք բերդին դիմաց զետեղուած՝ «I believe In Aleppo»՝ «Կը հաւատամ Հալէպին» առջեւ: Մինչեւ հիմա ալ մեր աշակերտները՝ նոյնիսկ մանկապարտէզի, բերդ պտոյտի կը տանինք…

Ես տօնավաճառ քալելով կ’երթամ: Կ’անցնիմ երբեմնի հայկական Թիլէլ պողոտայէն,որ դեռ տագնապէն տասնեակ տարիներ առաջ դադրած էր հայկական վաճառաշահ կեդրոն ըլլալէ: Կ’անցնիմ հայկական հոգետան առջեւէն որ դարեր շարունակ երուսաղէմ գացող ուխտաւորներուն հանգստավայրը եղած է: Հիմա ալ «Հոգետուն»ը կը պատկանի Երուսաղէմի հայկական Պատրիարքարանին, բայց հայկականութեան ոչ մէկ հետք մնացած է հոն, հայերէն արձանագրութիւնները ջնջուած են կամ մնացած որմերու տակ, փերեզականոցի վերածուած է ան, փոքրիկ խանութներով կամ սեղանիկներով: Կ’անցնիմ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան երբեմնի ամէնէն եռուն կեդրոնին առջեւէն, որ վնասներ կրած է իր վրայ արձակուած հրասանդներէն: Այստեղէն 20-30 մեթր անդին կը սկսի Խանտաք՝ Խրամատ փողոցը: Ժամանակին այստեղ երկար խրամատ գոյութիւն ունեցած է, որմէ անդին բերդն ու հին քաղաքը շրջապատող պարիսպին հետքերը երկու տասնեակ տարի առաջ ի յայտ եկան: Պարիսպը ունեցած է 11 դռներ որոնցմէ մէկը Պապ Ալ Ֆարաճն է, ուր կը հասնիմ եւ որ ընդարձակ հրապարակ մըն է հիմա, ուր բազմաթիւ հայեր եղած են ժամանակին՝ թերթավաճառներ, լումայափոխներ, ապուխտեղէն վաճառողներ, ժամագործներ… այս հրապարակին վրայ կան բազմաթիւ աժան պանդոկներ, ուր անցեալ դարի իննսունականներուն իջեւանած են նաեւ Հայաստանէն եկող երկրորդ, երրորդ դասակարգի թուրիսթները, դասակարգ բառը կը գործածեմ թուրիսթներուն համար, հաւաստիացնելով որ այս զբօսաշրջիկներուն մէջ յաճախ կը գտնուէին հիանալի մարդիկ: Կը յիշեմ անոնցմէ ոմանց սարսափած դէմքերը, ի տես առտու կանուխ հրապարակի ժամացոյցին առջեւ կախաղան բարձրացած մահապարտներու:

Ի դէպ այս հրապարակի պանդոկներէն մէկուն մէջ աքսորի իրենց ճամբուն վրայ իջեւանած են նաեւ Գրիգոր Զոհրապն ու Վարդգէսը…

Աշտարակի վրայ գտնուող Պապ Ալ Ֆարաճի ժամացոյցը մեր քաղաքի կարեւոր խորհրդանիշերէն մէկն է. այն գոյութիւն ունի 1898-էն ի վեր: Տագնապի աւարտէն ետք, քաղաքի իշխանութիւնները փութացին նորոգել այս Ժամացոյցը, որպէս Հալէպի կենդանութեան խորհրդանիշ: Մաքուր, սպիտակ գոյն ունի հիմա ժամացոյցին աշտարակը, ճերմակցուած են նաեւ անոր ետեւը գտնուող Հալէպի Ազգային Գրադարանի պատերը, թէեւ հեռուէն կ’երեւին քանդուած շէնքեր, որոնք հաւանաբար դեռ երկար պիտի մնան իրենց աւերակ վիճակին մէջ:

Պապ Ալ Ֆարաճէն կողմնակի ճամբաներէ անցնելով կ’ուղղուիմ դէպի բերդ, կ’անցնիմ աւերակներու կոյտերու կողքով: Մեծ մզկիթն ալ գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած է, թէեւ կը զարմանամ որ վերջին տասնամեակներուն հնագիտական վայրի վերածուած հրէական սինակոկը ինչպէ՞ս կանգուն մնացած է, երբեմն ընդիմադիրներուն իշխանութեան տակ գտնուելով եւ երբեմն ալ ռազմաճակատի առաջին գիծի վրայ ըլլալով հանդերձ:

Կը հասնիմ բերդ: Բերդին շուրջ տօն է: Հարիւրաւոր մարդիկ կան հոն հիմա, բոլորը տօնավաճառի այցելութեան եկած են: Մարդիկ կը մտնեն աւելի քան հարիւր մեթր երկարող լուասւոր վրան, կը քալեն զանազան ապրանքներ ցուցադրող կրպակներու առջեւէն, գին կը հարցնեն, իրար հետ կը քննարկեն գիները, ցուցադրուող մեծ մասամբ ձեռագործ ապրանքներու տեսականին ու որակը, ծանօթ վաճառողներու կը բարեւեն: Մեծ թիւով հայ գործարար կանայք ալ կան հոս, որոնց կը հարցուփորձեն ծանօթ անծանօթ այցելուները, կը հետաքրքրուին վաճառքի չափով եւ յաջողութիւն մաղթելով կ’երթան ուրիշի մը հետ շարունակելու հոս կիսատ մնացած հարցազրոյցը: Մէկ խօսքով մի քանի ժամ ներսը անցընելէ ետք դուրս կ’ելլեն: Դուրսը բազմաթիւ ծանօթներ կը հանդիպին իրարու, իրար հետ կը դիտեն բերդի դարպասին առջեւ կանգնած զինուորները, երկրի նախագահին վիթխարի նկարը, կը զրուցեն. բոլորը լաւատես են, աւելին՝ մոռցած են իրենց քաղաքի վատթար վիճակը: Հոսկէ հոնկէ կը լսուին բարձրաձայն խնդուքի, քրքջոցի ձայներ: Բոլորը մոռցած են դառն իրականութիւնը. հո՛ս, հիմա՛, ա՛յս վայրկեանին բոլորը կը հաւատան որ Հալէպը նախկինէն լաւ պիտի ըլլայ: Ինքնախաբէութի՞ւն…

Դիմացի սրճարաններն ալ բաց են, օդը լեցուն է նարկիլէի թմրեցուցիչ-բերկրալի հոտով… սակայն հոս հաւաքուածներէն շատ քիչեր տեղ կը գրաւեն բացօդեայ այս սրճարաններու աթոռներուն վրայ.. մեծ մասը դրամ ծախսելու չէ եկած, ընդհակառակը շատեր դրամ չունենալնուն պատճառաւ ձրի ժամանակ անցընելու եկած է հոս:

Այո՛, բերդին շուրջ աշխուժութիւն կը տիրէ: Բերդը դարձած է Հալէպի տրոփող սիրտը:

Ինչո՞ւ յաճախ կը շեշտեմ, ձրի, առանց դրամի բառերը, թերեւս որովհետեւ ամառը կը մօտենայ, հայկական բացօդեայ ճաշարանները պիտի բանան իրենց դռները: Աշակերտները 4 ամիս արձակուրդ ունին: Բոլոր ընտանիքները չէ՛ որ հնարաւորութիւն պիտի ունենան մեր ճաշարաններուն մէջ հաճելի երեկոներ վայելելու, մեզի ձրի կամ շատ մատչելի գիներով ժամանցի տեղեր պէտք են, պզտիկներու խաղավայրեր՝ Հալէպի բերդին շրջակայքին նման, ուր եթէ կայ շատ Պապ Ալ Ահմար՝ կարմիր Դուռ շատ սուղ ռեստորանը, իրեն կից շատ սուղ բաղնիքով,, կայ նաեւ արեւի ուժանիւթով լուսաւորուած բերդին շրջակայքը ժամերով ճեմելու հնարաւորութիւն:

Մենք հայերս ալ իրաւունք ունինք, նաեւ հնարաւորութիւն, ստեղծելու ժամանցի անվճար վայրեր հայկական մեր ամառնային հաճելի բայց ոչ աժան ռեստորաններու կողքին:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 14 Մարտ 2018

Մեկնաբանել