Հալէպ – Ուսուցչաց Տօն

Սուրիոյ մէջ Մարտ ամսուայ երրորդ Հինգշաբթին Ուսուցչաց Տօնն է: Այդ օր ուսումնական հաստատութիւններն ու առնչակից հիմնարկները փակ կը պահեն իրենց դռները: Տօնին նախորդ օրը մեր դպրոցներու քանի մը աշակերտներու ծնողներ զանազան քաղցրաւենիքներով կը շնորհաւորեն իրենց զաւակներու ուսուցիչներուն տօնը, բոլոր դպրոցներուն պատասխանատու մարմինները նիւթական նուէրներով կը գնահատեն ուսուցիչները եւ ճաշկերոյթներով կը պատուեն կը զանոնք: Շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր կը փոխանակուին: Բուռն ծափողջոյններու տարափի տակ երախտագիտական արտայատութիւններ կը հնչեն Առաջին ուսուցչի՝ երկրի նախագահին հասցէին ուղղուած: Յատկապէս կը գնահատուին Հայերէնաւանդ ուսուցիչները, որոնք հայապահպանութեան ջահակիրներն են, որոնք հայօրէն կը դաստիարակեն մեր մանուկները, հայոց պատմութիւնը (թէեւ արտօնուած չէ) կը սորվեցնեն անոնց, կը պատմեն թէ ինչպէս հայ մայրը Տէր Զօրի աւազներուն վրայ հայերէն գիրերը կը սորվեցնէր իր զաւակներուն…

Կիլիկեան Վարժարանի ուսուցչուհիները՝ Ուսուցչաց Տօնին:

Տագնապի անցնող 6-7 տարիներուն Հալէպի մէջ ամէն տարի տօնուեցաւ այս տօնը, այս տարի աւելի ուրախ ըլլալ կը թուէին բոլորը, չէ՞ որ Հալէպ քաղաքին մէջ 14 ամիսէ ի վեր խաղաղութիւն կը տիրէ… մեզի ի՛նչ թէ մեր քիթին տակ գնուող քրտական Աֆրինը կը գրաւուի թուրքերուն կողմէ, մեզի ի՛նչ թէ Հալէպին շուրջ տակաւին կը վխտան ամէն տեսակ ծայրայեղ զինեալ խմբաւորումներ… կարեւորը քաղաքը ապահով է, հոգ չէ թէ նիւթական անյաղթահարելի վիճակ մը կը տիրէ, հոգ չէ թէ դէպի Աֆրին թրքական արշաւանքի սկսելուն հետ անգործութիւն կը տիրէ քաղաքին մէջ:

Բոլորը ուրախ են, սակայն հայերէնաւանդ ուսուցիչին միտքն ու հոգին կը տանջուին, ան ունի մտահոգութիւններ, զորս կը կիսեն հայկական դպրոցներու պատասխանատուները.

-Իրաւունք ունին, որովհետեւ հայերէնի ուսուցման մակարդակը գոհացուցիչ չէ Հալէպի մէջ. չէ՞ որ մեր դպրոցները բացուած են նախ եւ առաջ հայ աշակերտին հայերէն սորվեցնելու նպատակաւ:

Պէտք է նշել որ ընդհանրապէս ուսման վիճակը լաւ չէ Սուրիոյ մէջ, նաեւ Հալէպի մէջ: տագնապի այս տարիներուն հարիւրաւոր (հազարաւո՞ր) դպրոցներու քանդուիլը, հարիւր հազարաւոր մանուկներու անուսում մնալը, պետութեան ստիպեց ընդունիլ UNISEF-ի ծրագիրը՝ երկու տարուան ուսումնական ծրագիրը անցնիլ մէկ տարուան մէջ, որեւէ դպրոցէ ներս ոեւէ աշակերտ ընդունիլ նոյնիսկ երբ տարեվերջի քննութիւններն են արդէն… հայկական դպրոցներու վիճակը աւելի լաւ էր, մեր դպրոցները միայն ռումբերու անընդհատ տեղատարափի տակ կը փակէին իրենց դռները, սակայն անոնք ալ ազդուեցան պետութեան ներողամիտ վերաբերմունքէն, վարուեցան Կրթական նախարարութեան բերանացի ցուցմունքներուն համաձայն, դիւրացուցին յաջողութիւնը, մեղք սեպեցին աշակերտին նոյն դասարան նստիլ կրկնելը, ձախողածներն ալ իբր թէ հետեւեցան Կրթական նախարարութեան խտացեալ դասընթացքներուն եւ քննութիւն տալէ ետք, անշո՛ւշտ, յաջողեցան:

Տարիներու պարտադիր փակ մնալէն ետք՝ Քարէն Եփփէ Ազգային Վարժարանի վերաբացուած շէնքը:

Հայերէնաւանդ ուսուցիչները իրաւացիօրէն յաճախ կը բողոքեն, որ հայ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը անտարբեր է հայերէնի հանդէպ. իրականութիւնը այն է որ նոյն մեծամասնութիւնը անտարբեր է նաեւ բոլոր դասանիւթերուն հանդէպ: Շատ քիչերն են որ կը ձգտին ուսման մէջ յառաջադէմ ըլլալ, միւսերէն մաս մը որոշ նիւթերու կարեւորութիւն կու տայ, սակայն կան նաեւ գիրք չբացող աշակերտներ. այնքա՜ն դիւրին են յաջողութեան պայմանները, կը բաւէ որ աշակերտին ընդհանուր միջինը 50% ըլլայ, մնացած նիւթերուն նիշերն ալ՝ միջնակարգի պարագային 40%, իսկ երկրորդականի պարագային կը պահանջուի ընդհանուր գումարի կէսին հետ արաբերէնին 40%, իսկ միւս նիւթերու իւրաքանչիւրէն 20%, ուրեմն զարմանալի չէ որ աշակերտները դաս սորվիլը փոխարինեն այլ՝ հաճելի, տքնիլ չպահանջող ժամանցով, անոնք միայն պետական քննութիւններու ՝ 9-րդ եւ 12-րդ դասարաններուն կը սկսին սորվիլ՝ ով որքան որ կարենայ: Վերջին տարիներուն սակայն հոս եւս լրջութեան որոշ պակաս մը կը նկատուի, որովհետեւ սուրիական տագնապի պատճառով քնութիւններուն հսկող ուսուցիչները կը խղճան աշակերտներուն եւ յաճախ աչք կը գոցեն եւ կ’արտօնեն որ անոնք իրար օգնեն, իրարմէ ընդօրինակեն…

Հոս անպայմանօրէն փակագիծ մը պէտք է բանալ նշելու համար, որ սորվողներէն շատեր ալ միայն նիշի համար կը սորվին՝ բարձր նիշ ստանալու համար, ուսողութեան կամ բնագիտութեան (Mathematics, Physics) խնդիրներն իսկ գոց սորվողներ կան, ասոր մէջ յանցաւոր են նաեւ ծնողները որոնք դպրոց կու գան բողոքելու, որ ուսուցիչը գիծ թի քաշել տար կարեւոր տողերուն տակէն, աշակերտներէն կը պահանջէ ամբողջ դասը սորվիլ…

Իսկ հայերէն լեզո՞ւն: Հայերէնը մեզի թոյլատրուած է սորվիլ որպէս կրօնի ուսուցման լեզու, եւ գրեթէ որեւէ ձեւով չի կրնար ազդել աշակերտին յաջողութեան կամ ձախողութեան վրայ. Հայերէնի նիշը կը գումարուի Կրօնի նիշին վրայ, որ որքան ալ ցած ըլլայ միջին աշակերտին վրայ ազդեցութիւն մը չունենար, որովհետեւ աշակերտը պետականօրէն ունի իրաւունք ունի 50 նիշի օգնութիւն մը… յետ ուսանողական տարիներուն ալ հայերէնը մեզի պէտք չէ, ոչ մէկ տեղ մեզմէ կը պահանջուի հայերէնի իմացութիւնը, ահա թէ ինչու էական չէ այն երեւոյթը, որ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ աշակերտներուն որոշ մաս մը հայերէն էջ մը իսկ հեզասահ չի կրնար կարդալ, անոր գրած քանի մը տողին մէջ կը վխտան ուղղագրական սխալներ, երբեմն հինգ-վեց գիրէ բաղկացած բառի մը մէջ կարելի է երեք սխալի հանդիպիլ, «սփիւռք»ը՝« սփիւրգ» գրող շրջանաւարտի իսկ կարելի է հանդիպիլ, շատեր չեն գիտեր հոլովում եւ խոնարհում բառերուն իմաստներն իսկ…

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ.Ն.-Գ.Կ. Վարժարանի աշակերտները որպէս Հ.Ե.Ը.ի սկաուտներ կը նշեն «Մայրերու Օր»ըՈւսուցչաց տօնը առիթ կը հանդիսանայ ամէն օր հոսող, չդադրող արիւնը խոշորացոյցով ցոյց տալու, հիւծող Մայրենիին վրայ չմեռած լալու, դժգոհելու որ հմուտ եւ նուիրեալ ուսուցիչներէն ոմանք բնութեան օրէնքին հնազանդելով կեանքէն հեռացեր են արդէն, ուրիշներ պատերազմի պատճառաւ պարտադրաբար գաղթած են տառապեալ այս երկրէն: Անշուշտ շատ ցաւալի կէտ է հայերէնաւանդ ուսուցիչներու նուազումը, բարեբախտաբար Հալէպի մէջ աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր կը գործէ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, որուն շրջանաւարտները յաջողութեամբ կը դասաւանդեն ոչ միայն Հալէպի մէջ: Այս հիմնարկի պատասխանատուները միշտ ալ հաւաստիացուցած են որ ի գին ամէն զոհողութեան պիտի պահպանեն անոր գոյութիւնը:

Այս ամէնուն անդրադարձանք ըսելու որ ուսուցիչը չէ յանցաւորը, ան որքան ալ հմուտ եւ նուիրեալ ըլլայ, ներկայ տիրող պայմաններուն, առարկայնօրէն մեծ դեր չի կրնար խաղալ մայրենիի ուսուցման մէջ եթէ բաւարարուի դասապահերով. պէտք է դպրոցին մէջ բազմանան գեղարուեստական միջոցառումները, ասմունքն ու թատերական ելոյթները, կազմուին աշակերտական երգչախումբեր ուղղագրութեան եւ շարադրութեան մրցումները, Հայոց պատմութեան մասին ընդհանուր զարգացման մրցումները, պէտք է աշխուժացնել դպրոցական գրադարաններու գործունէութիւնը եւայլն, եւայլն… եւ այս ամէնուն մէջ անպայման ընդգրկել տկար աշակերտները… Այսպիսով միայն անոնք կը կապուին իրենց սիրած, բայց անոր հանդէպ անտարբեր Մայրենի լեզուին:

Առաջ այս ամէնը կային, հիմա արտադասարանային այս ձեռնարկները միութիւնները յանձն առած են, ուրեմն պէտք է ամրապնդել, սերտացնել, դպրոց-միութիւն կապը. համակարգել աշխատանքները: Միութենական թատերախումբերու, երգչախումբերու, պարախումբերու անդամներուն մեծ մասը ուսանողներ են, չէ՞ որ թատրոնն ալ, երգչախումբն ալ մէկական դպրոցներ են:

Եզրակացնե՞նք:

Եզրակացնենք ըսելով, որ մեր աշակերտներուն ուսումնական մակարդակը մտահոգիչ է, հայերէնի մակարդակը առաւել եւս, սակայն յուսահատական չէ՛, որովհետեւ ամէնէն շատ բողոքողները իրենք են՝ նուիրեալ եւ հմուտ ուսուցիչները:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 18 Մարտ 2018

Մեկնաբանել