Հանրապետականը պիտի թաղէ՞ ազատ եւ արդար Հայաստանի մեր երազը․ Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ Երկրէն

Անցնող քանի մը օրերուն, Հայաաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, իմա՝ հայկական օլիգարխիայի ներկայացուցիչները Մոսկուա մեկնեցան եւ փորձեցին Ռուսաստանը ներքաշել Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներուն մէջ: Բնական է, որ Հայաստանի օլիգարխիային միացաւ նաեւ աւելի հեղինակաւոր ռուսահայ օլիգախիան, որուն միշտ ալ տրուած է Քրեմլինի պատուէրը Հայաստանի վրայ իջեցնելու պարտականութիւնը: Ռուսաստանը անգամ մը եւս Հայաստանի ներքին գործերուն մէջ ներքաշելու հանրապետականներու այս ճիգը չի տարբերիր 1918-1920 թուականներու բոլշեւիկներու գործունութենէն: Պարապ տեղ չէ, որ այսօրուան հանրապետականներուն եւ անոնց սպասարկուներուն յաճախ կուտան նէո-բոլշեւիկ անուանումը:

Կասկած չունինք, որ այսօր Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը է ու կը մնայ Ռուսաստանը, հակառակ այս վերջինի բեմադրած կեղտոտ սիրախաղերուն՝ Ադբեջանի եւ Թուրքիոյ հետ: Այսուհանդերձ, որքան ալ Հայաստանը պաշտպանական, քաղաքական եւ տնտեսական խորացուած կապեր ունի իր դաշնակիցին՝ Ռոււսաստանի հետ, դեռեւս հայկական որեւէ ուժի իրաւունք չի՛ տրուիր, պէտք չէ՛ տրուի, արտաքին միջամտութիւններով կանխորոշելու Հայաստանի ժողովուրդին ներքին բարդ խնդիրներու հանգուցալուծումը: Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն տեղի չունեցաւ, որպէսզի հանրապետական օլիգարխիան Մոսկուայ փութայ եւ Քրեմլինի դուռներուն առջեւ ծնկաչոք, արեւմուտքէն եկած վտանգ ահազանգելով՝ երկրի մէջ իշխանափոխութեան ժողովրդային պահանջը արգելակէ, կամ խափանէ ազատ եւ արդար, անկաշա՛ռ ընտրութիւններու կայացումը եւ այդ ճամբով՝ իսկակա՛ն ժողովրդավարական Հայաստան ունենալու համահայկական երազանքի իրագործումը:

Նորութիւն չէ, վաղուց արդէն բոլորին յայտնի է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը, կուսակցութիւն ըլլալէ աւելի դրամատէրերու, նոր-աւատապետերու, սակաւաթիւ օլիգարխներու, իշխանութիւններու մէջ դիրքեր գրաւած մարդոց եւ ասոնց հետ դաշնակցած, այս խաւի սեղանի պատառներէն օգտուող քաղաքական փոքրաթիւ ուժերու խմբաւորում մըն է, որ ո՛չ մէկ կապ ունի Նժդեհի ազգայնական գաղափարախօսութեան եւ այդ հզօ՛ր անձնաւորութեան մարդկային կերպարին հետ: Իրականութեան մէջ, հանրապետականը, որ հազար ու մէկ թելերով կապուած է ռուսահայ եւ ռուս օլիգարխիային, քրէական տարրին ու համաշխարհային դրամատիրութեան հոսանքներուն հետ, Նժդեհի երեսին շպրտուած ամօթանք մըն է, Նժդեհի թողած ազգայնականութեան աւանդին funeral home-ը, սգոյ տունը:

Հանրապետականը եւ անոր սպասարկող խմբաւորումները, որոնք տարիներ շարունակ կեղեքած եւ ստրկացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը, որոնք անհագ ագահութեամբ շարունակ սեփականացուցած են հայրենիքի հարստութիւնը, չե՛ն հետաքրքրուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան հաստատումով: Իրականութեան մէջ, Հանրապետականը կը վերջանայ այնտեղ, որտեղ կը սկսի ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը: Նոյն ձեւով՝ ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը կը վերջանան այնտեղ, որտեղ կը սկսի Հանրապետական կուսակցութիւն կոչուած խմբաւորումի շահը:

Եւ պատահական չէ, որ վերջին տարիներուն, իւրաքանչիւր ընտրութենէ ետք, հանրապետականը իր իշխանութեան օրինականութեան վաւերականութիւնը (legitimacy) մուրացած է Մոսկուայէն, Ուաշինկթընէն եւ Պրիւքսէլէն, ու ոչ թէ տասնեակ հազարներով իր դէմ ցոյցի ելած հայ ժողլովուրդի զաւակներէն: Հանրապետականը իշխանութեան վրայ մնացած է ոչ թէ հայ ժողովուրդի ցսանկութեամբ, այլեւ արեւմուտքի եւ արեւելքի մեծ պետութիւններուն կողմէ իրեն տրուած աջակցութեամբ:

Հայրենի Հայութիւնը վաղուց ուզած է ձերբազատուիլ Նժդեհի պատիւը անարգող, անոր աւանդը չարաշահող եւ ազգային ձգտումներու հետ ոչ մէկ կապ ունեցող այս ուժէն եւ անոր ծառայող խմբակներէն, բայց միշտ ալ տեղի տուած է ասոնց ունեցած հսկայ դրամական հնարաւորութիւններուն, ասոնց շահերը պաշտպանող եւ շահերէն օգտուող ուժային կառոյցներուն եւ միջազգային քաղաքական կեդրոններու ճնշումներուն պատճառով:

Հայկական խաղաղ այս յեղափոխութեան պատեհ առիթ տրուած է մաքրագործելու հայկական դաշտը այս քաղաքական վաշխառուներէն: Հայկական ժողովրդային պոռթկումին առջեւ չոքեցան թէ՛ օլիգարխներու տեղական ռեսուրսները, եւ թէ ուժային կառոյցները: Բայց դարձեալ պատահական չէ, որ հանրապետականն ու իր սպասարկուները դիմեցին իրենց վերջին յոյսին՝ արտաքին ուժերուն, յանձինն ռուսահայ օլիգարխիային եւ այս վերջիններու հովանաւոր, ցարդ կողքէն դիտող, բայց խորապէս անհանգստացած Քրեմլինի իշխանաւորներուն:

Այս բոլորէն ետք, կը մնայ յուսալ, որ հայ ժողովուրդի խաղաղ յեղափոխութիւնը ոտնակոխ պիտի չերթայ հանրապետականի մեղսակցութեամբ հիւսուող մեծապետական նոր դաւերուն, որոնց առաջին զոհը պիտի ըլլայ ազատ, անկախ, ժողովդավար եւ արդար Հայաստան ունենալու հայ ժողովուրդի երազը:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել