Անկախութեան Կանչը․ Տիգրան Պապիկեան

Տիգրան Պապիկեան

Պատմական եւ ճակատագրական այս օրերուն, մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքն ու հոգին ողողուած են փոթորկալի մտածումներով: Իւրաքանչիւր հայ, իր հայեացքը սեւեռած դէպի հայրենիք՝ ուշի ուշով կը հետեւի տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ աճող պայքարին: Պայքար մը, որ ամէն օր երկիրը անկայուն եւ վտանգաւոր մթնոլորտի մատնելու կողքին՝ յոյսի անզուգական նշոյլներ կ՛արձակէ մեր հոգիներէն ներս: Թէեւ Ապրիլ 24ի նախօրեակին տեղի ունեցած զարգացումները որոշ չափով հանգստացուցին մեզ, սակայն այդ հանգստութիւնը կը մնայ անկայուն եւ երկիրը կը շարունակէ ապրիլ իր տագնապալի օրերը: Փառք ու պատիւ մեր գիտակից ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան, որ ամենայն ծանրախոհութեամբ, «բաց ձեռքերով» եւ խաղաղութիւնը պահելու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր արդար պահանջատիրական երթը: Ինչպէս նաեւ փառք բոլո՛ր անոնց, որոնք շրջահայեաց մօտեցումով, ականջալուր կ՛ըլլան ժողովուրդի պահանջներուն եւ առաջքը կը փորձեն առնել որեւէ անթոյլատրելի եւ աղիտալի պատահարներու:

Մեզմէ իւրաքանչիւրին ծանօթ են մեր երկրի իրավիճակը եւ այդ իրավիճակի պատասխանատուներն ու դերակատարները: Կասկածէ վեր է, որ այդ դերակատարները՝ ըլլան անոնք իշխանութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ անհատներ, լաւատեղեակ են իրենց ունեցած դերին՝ երկիրն ու ժողովուրդը այս ճգնաժամային կացութեան մատնելու: Անվիճելի իրականութիւն է, որ վերջին երկու տասնամեակներուն, հայրենի իշխանութիւնները ձախողեցան ժողովուրդին համար համեստ եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու կենսունակ պայմաններ ապահովել: Տարիներ շարունակ, իշխանութիւններն ու անոր լծակները անտեսեցին եւ արհամարհեցին մեր ժողովուրդին ազատ եւ արժանապատուութեամբ ապրելու իրաւունքը: Այս ճշմարտութիւնը փաստելը անհեթեթ է այս պահին: Իրողութիւնը այն է, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք այնպիսի՛ թնճուկի մը առջեւ, որուն լուծումը բաւական բարդ է եւ կնճռոտ:

Պայքարը լուրջ եւ անկիւնադարձային է: Պայքար մը, որուն հիմնական շարժառիթը քաղակաքան ըլլալէ անդին՝ ունի բարոյական, ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային բնոյթ: Երիտասարդութիւնը, արհամարհելով սպառնալիքներն ու բռնակալութիւնները՝ կը շարունակէ իր երթը՝ բարձրաձայն գոչելով.

– Վե՛րջ անարդարութեան

– Վե՛րջ կողոպուտին

– Վե՛րջ կաշառակերութեան

– Վե՛րջ աղքատութեան

– Վե՛րջ արտագաղթին

– Եւ՝ վե՛րջ անյոյս ապրելակերպին:

Այս պայքարը Նիկոլի պայքարը չէ՛: Այս պայքարը ճնշուած ժողովուրդի մը անհանդուրժելի իրավիճակին հրամայակա՛նն է: Յոյս ներշնչելու պայքար է։ Իշխանութեան հանդէպ հաւատք եւ վստահութիւն վերականգնելու պայքար է: Եւ վերջապէս, հայրենիքին ու գալիք սերունդներուն լուսաւոր եւ բարգաւաճ ապագայ մը ապահովելու պայքար է:

Սերժի եւ Սերժերու հրաժարականով չէ՛ որ այս պայքարը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Այդ մէկը կենսական քայլ մը ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ՛, եւ պէտք չէ որ ըլլայ: Այս երթի ամբողջական յաղթանակը միայն ու միայն կարելի է ապահովել հիմնական ու արմատական փոփոխութիւններով՝ ընկերային, կենցաղավարական եւ քաղաքական մշակոյթի ոլորտներէն ներս: Իշխանութեան մէջ ըլլալիք փոփոխութիւնները անխուսափելի են, հրամայական եւ անայապա՛ղ: Սակայն, անոր հետ միատեղ, ժողովուրդը կենսական փոփոխութիւններ ունի ընելիք: Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ ստրկութեան հոգեբանութենէն: Պէտք է յանձնառու ըլլալ օրէնքի պահպանման եւ գործադրման: Կաշառքներ ստանալով՝ ընկերային անկախութիւն չի՛ կերտուիր: Երկրի օրէնքները խախտելով եւ երկիրը կողոպտելով՝ կենցաղային անկախութիւն չի՛ պահպանուիր: Այսօր, խոհեմութիւնը, հանդուրժողութիւնը եւ հաւասարակշռուած դատողութիւնը աւելի անհրաժեշտ են քան երբեք: Ատելութեան, ոխի ու վրէժխնդրութեան զգացումները տեղ չեն կրնար ունենալ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ։ Պէտք է զգոյշ ըլլալ արտաքին երկիրներու միջամտութիւններէն եւ զերծ անձնական շահեր հետապնդելէն: Ապա թէ ոչ՝ թատերախաղը կը մնայ նո՛յնը, եւ միայն դերասաններն են որ կը փոխուին: Սերժին տեղ կու գան նոր Սերժեր, Նիկոլին տեղ՝ նոր Նիկոլներ, եւ ապականած իշխանութեանց տեղ՝ նոյնանմա՛ն իշխանութիւններ։

Ապրիլ 23ի յաղթանակը լոկ խորհրդանշական յաղթանակի սահմաններուն մէջ կը մնայ, եթէ անոր չյաջորդեն շօշափելի դրական յառաջընթաց եւ արմատական փոփոխութիւններ: Սոյն յաղթանակը իբրեւ հիմք պէտք է ծառայէ՝ վերջ դնելու անարդարութեան, կողոպուտին, կաշառակերութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթին: Ապրիլ 24ի նախօրեակին ձեռք բերուած յաղթանակը թող ծառայէ իբրեւ յոյսի աղբիւր եւ իբրեւ փարոս՝ գալիք պանծալի ապագային: Թող ան ըլլայ երիտասարդութեան կողմէ աղաղակուած «անկախութեան եւ արդարութեան» կանչը՝ ո՛ղջ հայութեան: Կոչ մը, որ լօզունգի սահմաններէն դուրս գալով՝ պէտք է վերածուի գործնական իրականութեան՝ ի փառս մեր հայրենիքի։

25 Ապրիլ 2018

Մեկնաբանել