Հալէպ․ Մնալ-Երթա՞լ, թէ՞ Ո՞ւր եւ Ինչպէ՞ս Երթալ

-Հոս մեզի ապագայ չմնաց:

-Այս երկիրը մեզի համար վերջացած է:

«Հոս»ը Հալէպն է, «Այս երկիրը»՝ Սուրիան, վճիռ արձակողները յոռետես հայեր:

-Երանի առաջին օրէն երթայինք…

Հալէպահայութեան պաշտօնական մարմինները կը պնդեն, որ գաղութը պիտի յաջողի վերականգնիլ, կը պնդեն, որ հալէպահայութիւնը պիտի վերագտնէ իր նախկին վիճակը:

Ի՞նչ ըսել է նախկին վիճակը վերագտնել: Այսինքն մեր նախկին թիւը՞ պիտի վերագտնենք, այսինքն մեր թաղերը պիտի վերահայկականանա՞ն, այսինքն ամէն ինչ լա՞ւ պիտի ըլլայ, այսինքն մեր փակուած դպրոցները պիտի վերաբացուի՞ն, մեր թատերասրահները կրկի՞ն հազարաւոր հանդիսատեսներ պիտի ունենան… Այսինքն մեր բաժան-բաժան եղած ընտանիքները պիտի վերամիանա՞ն…

Այսինքն, այսինքն, այսինքն…

Իրականութեան մէջ ոեւէ հալէպահայ չի հաւատար որ մեր գաղութը այստեղ ապագայ ունի:

Այս մասին հարցուցի հարիւր հալէպահայի: Այս հարիւրին մէջ կային զանազան արհեստներու տէր մարդիկ, կային արուեստագէտներ, ուսուցիչներ, ծերեր, երիտասարդներ, տղաներ եւ աղջիկներ:

Միայն ութ հոգի լաւատեսօրէն պատասխանեց ըսելով, թէ Հալէպը պիտի մնայ կենսունակ գաղութ անկախ իր թուաքանակէն. լաւատեսներուն մէջ կար գործատէր մը որ պնդեց, թէ հոս շատ աւելի դիւրին է դրամ շահիլ քան աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ:

Յոռետեսներու մէջ կային նաեւ միութենական ղեկավարներ, որոնք բեմերէն վերամբարձ բառերով վստահօրէն կը յայտարարեն, թէ պիտի վերականգնի մեր գաղութը:

Վերջերս Սուրիոյ առաջին տիկնոջ հիւրն էին հալէպահայ միութիւններու ղեկավարներ՝ գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Առաջնորդ Սրբազան Շահան Արք. Սարգիսեանի: Ջերմ ընդունելութեան պահ մը ներկայ եղած էր նաեւ երկրի վսեմաշուք նախագահը: Երկրի հայասէր նախագահն ու տիկինը մօտիկէն հետաքրքրուած էին հալէպահայութեան վիճակով, խոստացած ամէն կերպ նեցուկ կանգնիլ մեզի, յորդորած էին այնպիսի քայլեր առնել, որ հեռացածները վերադառնան…

Մենք՝ հայերս կը հաւատանք մեր նախագահի խօսքերուն, մենք տագնապի տարիներուն, անոր ամենահաւատարիմ քաղաքացիները եղանք, մեզմէ շատեր մեր գոյութեան գրաւականն ու առհաւատչեան կը գտնեն ներկայ նախագահի պաշտօնին պահպանման մէջ:

Ո՞րն է իրականութիւնը, ի՞նչ կը պատկերացնէ մեր իրական վիճակը:

Հալէպի խաղաղութիւն վերագտնելէն ետք, լաւատեսօրէն կը խորհէինք, թէ շատեր պիտի վերադառնան:

Ուրտեղէ՞ն կու գար այս լաւատեսութիւնը:

Նախ՝ հեռացածներէն շատեր այստեղ ունէին տուն, խանութ, նաեւ այլ կալուածներ: Միւս կողմէն, ճիշդ է որ չէինք ակնկալեր հեռաւոր երկիրներ գաղթողներուն վերադարձը, սակայն կը յուսայինք, թէ Լիբանանէն ու Հայրենիքէն մեծ թիւով վերադարձողներ պիտի ըլլային, չէ՞ որ գիտէինք սուրիացիներուն վիճակը Պէյրութի մէջ լաւ չէր, անոնք կ’ապրէին շատ գէշ պայմաններու մէջ, ընտանեօք կ’աշխատէին եւ ծայրը ծայրին հազիւ կը հասցնէին, Երեւան գացողներուն ալ լուրերը վատ էին… Հալէպի մէջ ապահովութեան հաստատման այս մէկուկէս տարիներուն ընթացքին վերադարձողներուն թիւը քանի մը տասնեակը չանցաւ, Պէյրութէն ու Երեւանէն ոմանք հեռաւոր Գանատաներ կամ եւրոպական երկիրներ չուեցին, մնացածը համակերպեցան նոր բնակավայրի պայմաններուն, մանաւանդ երիտասարդները:

Նոյնիսկ Սուրիական ծովեզերեայ քաղաքներ փոխադրուածներուն մեծ մասը չվերադարձաւ, Թարթուսի մէջ արդէն հայկական կեդրոն մըն ալ հիմնեցինք:

Իրականութեան մէջ խաղաղութեան այս շրջանին, շարունակուեցաւ Հալէպէն գաղթը:

Ինչո՞ւ:

Չէ՞ որ այսօր հայկական կեանքը իրապէս վերակենդանացման նկատելի նշաններ ցոյց կու տայ.- Թատերախումբերը կ’աշխուժանան, պարախումբերը արագ պարբերականութեամբ ելոյթներ կ’ունենան, երգչախումբերը նոյնպէս, մանկապատենական գեղարուեստական բազմաթիւ խումբեր կը հիմնուին…

Բայց այս ամբողջը լաւատեսութեամբ չեն լեցներ մեր հոգիներն ու միտքերը: Որքան ալ մեր պատասխանատուները բեմերէն բացագանչեն, որքան ալ ներկայ պետութիւնը հաստատէ մեր հաւատարմութեան հանդէպ ունեցած իր երախտագիտութիւնը, գովէ, գովաբանէ հայ փոքրամասնութիւնը, մենք հայերս մեզի հետ ալ քրիստոնեայ միւս համայնքներուն մեծամասնութիւնը, հաւատքը կորսնցուցած է այս երկրին ապագային հանդէպ:

«10-15 տարի ետք, հոս հայերը ձեռքի մատներու վրայ պիտի համրուին» ըողները շատ-շատ են:

Թերեւս 10-15 տարի ետք չէ՛, թերեւս մատներու վրայ պիտի չհամրուին մնացողները, սակայն յստակ ու պարզ կը տեսնուի որ մեր ապագան հոս շատ մութ է: Գացողները պիտի գան իրենց ունեցածը ծախելու եւ վերջնականապէս ամէն կապ կտրելու այս երկրին հետ, երիտասարդները պիտի շարունակեն հեռանալ՝ փախուստ տալով անվերջանալի զինուորական վտանգաւոր ծառայութենէն, չէ՞ որ բոլորս ալ կ’ընդունինք, թէ նոյնիսկ եթէ պետական զօրքերու յաղթութեամբ աւարտի այս պատերազմը, տակաւին երկա՜ր ատեն այդ յաղթանակը վերջնական ըլլալէ շատ հեռու պիտի ըլլայ:

Ցաւալի է, որ մենք մեր հաւատքը կորսնցուցած ենք այս երկրի ապագային հանդէպ, այս երկրին մէջ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ապագայ գոյութեան հանդէպ. ցաւալի է, որովհետեւ մենք կը սիրենք այս երկիրը, Հալէպը ամբողջ հայութեան սրտին մօտիկ քաղաք մըն է, թերեւս Հայաստանեան քաղաքներէն ետք ամենաթանկագինը մեզի համար, սակայն…

Սիրելը շատ քիչ է, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մեր սիրածը, մեր պաշտածը, որովհետեւ որքան ալ այսօրուան իշխանութիւնները մեզ հաւատարիմ նկատեն, վաղուան համար չեն կրնար մեզ վստահեցնել, թէ նոյն վերաբերմունքը պիտի պահպանեն մեր նկատմամբ, եւ զարմանալի պիտի չըլլայ եթէ օր մը իշխանութիւնները մոռնան մեր հաւատարմութեան բոլոր երեսները եւ շեշտեն մեր երիտասարդներուն խուսափիլը զինուորական ծառայութենէն:

Իրա՛ւ է, այսօր իշխանութիւնները կը քաջալերեն մեզ՝ Ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն նշելու, անոնց ներկայացուցիչները ներկայ կ’ըլլան մեր բողոքի հաւաքներուն, կը նոյնացնեն այսօրուայ Թուրքիան Օսմանեանին հետ, նոյնիսկ անպաշտօն կերպով կը յայտարարեն, որ կատարուած ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն էր, սակայն կը երկմտին պաշտօնապէս ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հաւանաբար շատ խնդիրներ ունին Թուրքիոյ հետ լուծելու, եւ թերեւս, ինչպէս այլ պետութիւններու համար, հոս ալ խաղաքարտ մը ըլլալէ աւելին չենք:

Մեր հոս մնալ-չմնալը սակայն Ցեղասպանութեան ճանաչումին հետ որեւէ առնչութիւն չունի:

Մեր հոս մնալը նիւթական շահի հետ ալ կապ չունի. Իրաւացի են անոնք, որոնք կը պնդեն որ հոս դրամ շահիլը ուրիշ որեւէ տեղէ աւելի դիւրին է, մանաւանդ քանդուած երկրին գալիք վերակառուցման տարիներուն:

Մեր ապագան կախուած է մեր շրջապատէն. Իրականութիւնը այն է, որ Հալէպի շրջակայքը կը վխտայ ամէն տեղէ հոս եկող ծածկուած կամ չծածկուած ծայրայեղ իսլամներով: Զինեալ ՏԱԷՇ-ի պարտութիւնը երբեք չնշանակեր անոր վերացումը: Մօտիկ ապագային Հալէպ պիտի լեցուի հարեւան Իտլիպ ապաստանած ծայրայեղականներով: Այսօր արդէն մեր թաղերը լեցուած են ՕՏԱՐ արաբներով, որոնք տարբեր են նախկիններէն, նորերէն շատեր չեն ալ գիտեր, թէ ովքեր են հայերը, անոնք զարմացած կը նային մեր երեսներուն առանց հասկնալու թէ ի՞նչ լեզուով կը խօսինք, տարօրինակ լեզու մըն է հայերէնը իրենց համար:

Իրականութեան մէջ օտարացածը մենք ենք, անոնք այս երկրին իրական տէրերն են, եւ ինքնախաբէութիւն էր նաեւ մե՛րը սեպել այս սիրելի չքնաղ երկիրը, այս երազային քաղաքը: Այստե՛ղ պէտք է փնտռել մեր ըլլալ-չըլլալու հարցի պատասխանը:

Եւ եթէ Ցեղասպանութենէն ետք մենք կրցանք ապրիլ քով-քովի, մեր ձեռքերով կառուցած թաղերու մէջ, ապա այլեւս պիտի չկարենանք շարունակել նոյն ձեւով:

Եզրակացութիւն. ընդունինք կամ չընդունինք.- Իրականութիւնը այն է, որ մեր փակուած դպրոցները պիտի չվերաբացուին, մենք հայերէնը աւելի լաւ պիտի չսորվինք, ընդունինք կամ չընդունինք պիտի շատնան օտար ամուսնութիւնները, եթէ այսօր 2-3% չ’անցնիր օտարներու հետ ամուսնացողներուն թիւը ապա առարկայական պատճառներով պիտի աւելնայ անոնց թիւը, չէ՞ որ մեր երիտասարդ տղաքը ամէնէն շատ գաղթողներն են:

Կը մնայ որոշել. Ո՞րն է ճիշդ հարցումը՝ ՄՆԱԼ-ՉՄՆԱ՞Լ-ը,

ԹԷ՞

Ո՞ՒՐ ԵՐԹԱԼ, ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՐԹԱԼ-ը :

Ո՞ւր երթալուն պատասխանը կարծեմ արդէն յստակ պէտք է ըլլայ բոլորիս համար:

Ինչպէ՞ս-ին պատասխանը ո՞վ պիտի տայ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 08 Յունիս 2018

Մեկնաբանել