Հալէպ․ Ուրախութեան Տխուր Մտորումները

Սուրիական դպրոցներու մէջ հայկականները միշտ ալ առաջնակարգ դիրքեր գրաւած են, մանաւանդ երբ պետական դպրոցներու հետ համեմատենք: Տարիներ շարունակ մեր տղաքն ու աղջիկները պետական քննութիւններու մէջ արձանագրած են փայլուն արդիւնքներ:

Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը հրապարակեց 2017-2018 ուսումնական տարուայ Պրովէի՝ Միջնակարգի 9-րդ աւարտական դասարանի պետական քննութիւններուն արդիւնքները:263704 մասնակիցներուն յաջողութեան տոկոսը 66.43% էր: Հայկական եօթ դպրոցներէն մասնակից 190-էն յաջողեցան 183 աշակերտներ՝ արձանագրելով 96.32% պատուաբեր յաջողութեան տոկոս:

Ուրախալի, հպարտութիւն առթող արդիւնք:

Ճշգրտութեան համար պէտք է ըսել որ աշակերտները շատ անհաւասար բաժնուած են մեր վարժարաններուն մէջ, եթէ դպրոց մը ունեցած է 67 իններորդ դասարանցիներ, այլ մը 43, ուրիշ մը 26, ապա միւս չորսէն իւրաքանչիւրը 15-էն աւելի չեն ունեցած:

Դպրոցներուն կէսէն աւելին արձանագրած է 100% յաջողութիւն:

Աւելի քան ուրախալի արդիւնք:

Սակայն… սակայն քիչ է ըսել, որ մեր ուրախութիւնը տխուր երես ալ ունի:

Յաջողած աշակերտներուն աւելի քան վաթսունը հայեր չեն… այսինքն միջնակարգ աւարտած մեր աշակերտներուն մէկ երրորդը օտարներ են: Նոյն համեմատութիւնը հաւանաբար կրնանք նկատի ունենալ միւս դասարաններու պարագային:

Ճշգրտութեան համար պէտք է ըսել նաեւ, որ օտար աշակերտներու թիւի համեմատութիւնն ալ հաւասարապէս չէ բաժնուած դպրոցներու միջեւ՝ տեղ մը 67-էն միայն մէկը կամ երկուքը օտար են, այլ դպրոցներ՝26-էն չորսը, 12-էն՝ մէկը միայն, բայց նաեւ 43-էն՝ քսանհինգը, 14-էն՝ տասներկուքը, 13-էն՝ տասը, 15-էն՝ ութը…

Թերեւս ասոնց մէջ կան հին հայեր, հայրը կամ մայրը հայ եղողներ, բայց ասոնց թիւը 10 տոկոս իսկ չէ:

Հալէպի մէջ հայկական դպրոցները երեք տեսակ են.

-Ազգային, որոնք կը պաատկանին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ:

-Համայնքային, որոնք կը պատկանին հայ կաթողիկէ կամ հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, ասոնց շարքին կարելի է դասել նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան համանուն վարժարանը:

Կուսակցական պատկանելիութիւն ունեցող՝ (Կիլիկեան):

-Միութենական վարժարաններ՝ Կրթասիրացն ու Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնականը

Սուրիական տագնապի ընթացքին Հալէպէն հեռացածներուն պատճառաւ աւելի քան երկու երրորդով նուազեցաւ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն թիւը, մեծապէս նուազեցաւ նաեւ կրթաթոշակ վճարելու ատակ ծնողներու թիւը, մեր դպրոցները ստիպուեցան տարեշրջան մը կրթաթոշակ չգանձել բոլոր աշակերտներէն անխտիր, վերջին տարեշրջանին ամբողջ սակը վճարող հայ աշակերտներուն թիւը շատ քիչ էր: Վերջին տարիներուն կարգ մը դպրոցներ կը ստիպուին մեծ գումարներ վճարող օտար աշակերտներ ընդունիլ որպէսզի մասամբ մը կարենան ծածկել դպրոցին ծախսերը, որոնք երկրին մէջ տիրող սղաճին պատճառաւ տարուէ տարի աներեւակայելի չափերու կը հասնին, մինչ տագնապէն առաջ մեծ թիւով աշակերտներ ունեցող դպրոցները կը փակէին իրենց ծախսերը, վերջին տարիներուն նոյնիսկ նիւթական շահ ապահովող դպրոցներ ալ կային. Ճիշդ է այդ ատեն ալ մեծ թիւով անվճար ուսանող աշակերտներ կային, բայց գաղութին մէջ կային նաեւ անոնց փոխարէն վճարող մեծ թիւով հարուստ բարերարներ: Չմոռնանք որ դպրոցներուն նիւթապէս կ’օգնէին (այսօր ալ կ’օգնեն) արտասահման բնակութիւն հաստատած իրենց շրջանաւարտները: Հայկական զանազան հաստատութիւններ:Երանելի ժամանակներ:

Նիւթականը թէեւ գլխաւոր, սակայն միակ պատճառը չէ օտար աշակերտներու հայկական դպրոց ընդունուելուն. Բազմաթիւ պետական պաշտօնեաներ եւ բարձրատիճան զինուորականներ կը նախընտրեն, որ իրենց զաւակները պետական դպրոցներու փոխարէն կրթութիւն ստանան մասնաւոր դպրոցներու մէջ, ուր աւելի որակաւոր ուսում կը ստանան եւ ուր կրթութիւնը աւելի յառաջացած է: Դեռ կան նաեւ մեր դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուուցիչներուն զաւակները. պէտք է ըսել, որ դժուար է նման ծնողներու զաւակները դպրոց չընդունիլ:

Կայ աշակերտներներու թիւը որոշ թուաքանակի մը հասցնելու խնդիրը, մանաւանդ այն դպրոցներուն համար, որոնց շէնքերը քանդուեցան վտանգաւոր վայրերու մէջ գտնուելու պատճառաւ (Կիլիկեան), կամ ալ թէեւ դպրոցին շէնքը կանգուն մնաց, սակայն շրջակայքը դատարկուեցաւ հայ բնակչութենէ ինչպիսին է պարագան Մխիթարեան վարժարանին, կը յիշեմ, վերջինիս տնօրէնին անցեալ տարի ըսածը, թէ ինք մէկ աշակերտ աւելի ունենալու համար, նուիրատու մը գտած է, որ ամբողջ տարին աշակերտուհիի մը թաքսիով դպրոց գալ-երթալու ճանապարհածախսը վճարած է.. թէեւ յանուն ճշմարտութեան պէտք է ըսել, որ Մխիթարեանները տակաւին տագնապէն առաջ յարկ եղած հոգատարութիւնը չէին ցուցաբերեր իրենց վարժարանին, հաւանաբար կը ծրագրէին փակել դպրոցը: Չէ՞ք յիշեր պատասխանատու վարդապետի մը ստորագրած յօդուածը, որուն մէջ կ’ըսէր, թէ Մխիթարեան հայրերը դարեր շարունակ ուսում ջամբած են հայ աշակերտներուն, հիմա բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ այդ դերը իրենց վրայ վերցուցած են եւ ժամանակն է, որ Միաբանութիւնը ուշադրութիւնը մշակոյթի այլ բնագաւառի վրայ կեդրոնացնէ: Յանուն ճշմարտութեան պէտք է ըսել նաեւ, որ Մխիթարեանի ներկայի տնօրէնութիւնը որոշած է ամէն ճիգ գործադրել դպրոցը պահպանելու եւ միմիայն հայ աշակերտներ ընդունելով վերականգնելու անոր հայկական դիմագիծը:

Իսկ հայկական դիմագիծը կորսնցնելու վտանգը շատ մեծ է օտար աշակերտներու մեր դպրոցներուն մէջ ներկայութեան պարագային. Չէ՞ որ անոնց մեծամասնութիւնը հայերէնի դասերու չի հետեւիր, երկար ժամանակի ընթացքին հայերէնը կիսով չափ կը սորվի դասընկերներէն, մինչ այդ հայտղաքն ու աղջիկները անոնց հետ կը հաղորդակցին արաբերէն լեզուով եւ դասարանի լեզուն հայերէնէ կը վերածուի արաբերէնի, արդէն համարեա բոլոր պահերուն պաշտօնական լեզուն եղող արաբերէնը կամաց կամաց կը սկսի տիրապետել աշակերտներու մտքին ալ:

Դժուար չէ նաեւ երեւակայել, թէ աշակերտներուն ընկերային կեանքը ինչպիսի զարգացումներ կրնայ ունենալ, կրնանք անցանկալի սիրահարելու եւ սիրելու պարագաներու ալ ականատես ըլլալ: Անցանկալի, որովհետեւ հայ աղջկայ մը օտար տղայ մը սիրելուն վկայ ըլլալը այնքան ալ հաճելի իրողութիւն մը չէ: Ո՞վ է յանցաւորը, պատանին, երիտասարդը ի՞նչ յանցանք ունին եթէ իրենց ընկերութիւնը սիրոյ վերածուի, իսկ մենք պարտաւոր ենք ատե՞լ սէրը… շա՞տ հեռու գացինք…

Ո՛չ, ամենեւին:

Մեր թաղերը արդէն սկսած են կորսնցնել իրենց հայկական դիմագիծը, մենք արդէն ամէն օր բարեկամական եւ ընտանեկան շփումներ կ’ունենանք ոչ հայերու հետ:

Մեր դիմագիծը պահպանելու ամենակարեւոր ազդակներէն են մեր դպրոցները:

Այսօր մենք, մեզի պէտք եղածէն աւելի դպրոցներ ունինք, զորս պահպանելու համար շատ տկար ենք:

Ի՞նչ ընենք:

Ընկերոջս հետ այս մասին կը զրուցէինք. ըսի, քանի մը դպրոցներ պէտք է փակուին որպէսզի ստիպուած չըլլանք սակաւաթիւ աշակերտներով մեծ ծախս ունեցող դպրոցներու ծախսերը օտար աշակերտներ ընդունելով ծածկել:

Ընկերս ըսաւ.- Փակել մի՛ ըսեր, միացնել ըսէ՛: Չէ՞ որ սփիւռքի մէջ դպրոց փակելը համազօր է ոճիրի, համազօր է Հայաստանի մէջ զօրանոց մը փակելու:

Ընկերս ճիշդ կ’ըսէր: Սակայն Հալէպի մէջ հայերը ընդամէնը քանի մը քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մէջ կը բնակին, անոնք հայկական դպրոցէ չեն զրկուիր եթէ քիչ թիւով դպրոցներ յաճախեն: Քիչ թիւով աշակերտներ ունեցող կամ մեծ թիւով օտար աշակերտներ ունեցող հայկական դպրոցներու միացումէն միայն կը շահի գաղութը: Մեր աչքերուն առջեւ է Ազգային Միացեալ Նախակրթարանի օրինակը, որ յառաջացաւ չորս դպրոցներու միացումով:

Այս պարագային հայկական դպրոցն է որ չի գոցեց իր դռները, այլ անոր շէնքերուն թիւն է որ նուազեցաւ:

Միացեալ վարժարանին պարագան յաղթահարելի էր, որովհետեւ դպրոցները միեւնոյն ենթակայութիւնը ունէին: Միւսերը ինչպէ՞ս պիտի միանան իրար, ո՞ր համայնապատկան դպրոցը պիտի միանայ այլ համայնքի մը պատկանող ուսումնական հաստատութեան. ո՞ր միութիւնը կամ ո՞ր կուսակցութիւնը պիտի զիջի իր գերակայութիւնը միւսին…

Ուրիշ միջո՞ց կայ… կը տարակուսիմ:

Վիրահատութիւնը ուրախացուցիչ պարագայ մը չէ, սակայն անհրաժեշտ վիրահատութիւնը յետաձգելը լի է անկանխատեսելի վտանգներով:

Ճշմարտութիւնը որքան ալ կսկծալի ըլլայ, զայն ընդունիլն է լուծման առաջնորդող ճամբան:Այսքանը:

Ո՛չ, այսքանը չէ՛, բան մը մոռցանք:

Եկէ՛ք, շնորհաւորենք պրովէի պետական քննութիւններուն մէջ յաջողած մեր բոլոր աշակերտները, անոնց ծնողները ու նախ եւ առաջ մեր դպրոցները:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 17 Յունիս 2018

Մեկնաբանել