Հալէպ. Եռուն Ամառնամուտ

Հալէպի մէջ ամառնամուտը միշտ ալ եռուն եղած է:

Այս տարի ալ նոյնն է: ուսումնական տարեշրջանի աւարտը, միեւնոյն ատեն երաժշտական դպրոցներու աւարտը, կը յատկանշուին հանդէսներով, միեւնոյն ժամանակ կը սկսին մանակապարտէզի փոքրիկներուն եւ մինչեւ նախակրթարանի 5-6րդ դասարանցիներու յատուկ ամառնային դպրոցները՝ այս անգամ միութիւններու կազմակերպութեամբ: Այս դպրոցներ յաճախող հարիւրաւոր փոքրիկները չեն ծանրաբեռնուիր տրուած դասերը սորվելու ստիպողականութեամբ, անոնց դպրոցական առօրեայ մի քանի ժամերը յագեցած կ’ըլլան խաղերով եւ պտոյտներով, ինչպէս նաեւ աւարտական հանդէսի պատրաստութեամբ: Այս դպրոցներու տեւողութիւնը կը տարուբերի մէկէն մէկուկէս ամսուայ միջեւ: Ամառնային դպրոցները յատուկ են առաւելաբար հայերուն:

Ամառնամուտը կը յատկանշուի նաեւ միջնակարգի (պրովէ) եւ երկրորդականի (պաքալորիա) պետական քննութիւններով:

Պետական քննութիւնները մեր մօտ կը յառաջացնեն աւելի քան ծայրայեղ իրավիճակ, այս դասարանի աշակերտներու տուներուն մէջ ամբողջ տարին կ’իշխէ լարուածութիւնը:

-Այս տարի ոչ հիւր ընդունած ենք ո՛չ ալ հիւրութեան գացած ենք,- ըսող ծնողներուն թիւը այնքան ալ քիչ չէ:

-Տունը դաս սորվելու մթնոլորտ կը տիրէ, նոյնիսկ հեռատեսիլ չենք դիտեր, ժամերով լուր կը մնանք,- ըսող ծնողներն ալ շատ են, որոնցմէ ոմանք լաւ կ’ըլլալ եթէ գիտնային, որ տիրող լրութեան ընթացքին, իրենց զաւակները, սենեակի մը մէջ առանձնացած, բջիջային հեռախօսի մէջ սուզուած են, թէեւ ասիկա գիտցողներ կան, բայց կը նախընտրեն անտեղեակ ձեւանալ:

Տխուր իրականութիւն մը, զոր չեմ կրնար չարձանագրել.- պետական քննութիւններու պատրաստուող աշակերտները, մանաւանդ պաքալորիայի դասարանցիները չեն բաւարարուիր դպրոցի դասաւանդութեամբ, անոնցմէ շատեր զանազան նիւթերու դասընթացքներու կը հետեւին նաեւ դպրոցէն դուրս, արդիւնքը կ’ըլլայ այն որ ամբողջ օրը մէկ ուսիցիչի մօտէն միւսին մօտ կը վազեն եւ դասերը պատրաստելու ժամանակ չեն ունենար: Դպրոցներու տնօրէնութիւնները ի զուր կը ջանան համոզել իրենց աշակերտները բաւարարուիլ դպրոցով, երբ աշակերտներուն մեծ մասը դպրոցէն դուրս պաքալորիայի դասեր արդէն սկսած է առնել 11-րդ դասարանի երկրորդ կիսամեակի սկիզբէն:

Եւ գիտէ՞ք ինչն է զարմանալին, այն ծնողները որոնք չեն կրնար դպրոցական տարեթոշակները վճարել, հարիւրաւոր հազարներ կը տրամադրեն արտադպրոցական դասերու. մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ բարձրագոյն նիշ հաւաքողները մեծամասնութեամբ դպրոցի դասատուութեամբ գոհացողներն են… չէ՞ որ մեր դպրոցներու ուսուցման մակարդակը շատ աւելի բարձր է քան պետականներունը, չէ՞ որ մեր պատասխանատուները շատ աւելի յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծած են քան պետականները եւ ամենեւին ալ զարմանալի չէր, որ հայկական դպրոցները այս տարի միասնաբար արձանագրեցին 78% երբ յաջողութեան ընդհանուր միջինը Սուրիոյ մէջ՝ գիտական բաժինը 58,73%,
Գրականը՝ 41.64% էր:

Մինչ այդ տեղի ունեցան աւարտական հանդէսները: Դպրոցներու պատասխանատուները ջանացեր էին այս հանդէսները կայացնել քննութիւններու արդիւնքներու հրապարակումէն առաջ, երբ դեռ բոլորը յաջողութեան յոյս ունէին: Միայն Կիլիկեան Ճեմարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուշացումով:

Ընդհանուր առմամբ հայկական դպրոցներէ մասնակցած 161 աշակերտներէն յաջողեցան 125-ը որոնց 40-ը ոչ… հայ… արձանագրենք նաեւ, որ սուրիական տագնապէն առաջ ոչ հայերու թիւը ասկէ շատ աւելի պակաս էր մեր դպրոցներուն մէջ, երբ մեր շրջանաւարտներուն թիւը հինգ հարիւրը կ’անցնէր…

Ասիկա մտորելու առիթ չէ՞, մտահոգուելու առիթ չէ՞, ասիկա պատճառ մը չէ՞, որ Հալէպի ամառնամուտը եռուն ըլլայ: Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ:

Ըսենք, որ Հալէպի մէջ գոյութիւն ունին հայկական հինգ երկրորդական վարժարաններ՝ Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Կրթասիրաց Չէմպէրճեան Վարժարան, Կիլիկեան Ճեմարան եւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարան: Նշենք նաեւ, որ ոչ հայ աշակերտներուն թիւը այս վարժարաններուն մէջ անհամամատելի տարբեր է մէկը միւսէն:

Այս ամառնամուտին Հալէպը պատերազմական վիճակի մէջ չէ, սակայն երբեմն հրթիռներ կը տեղան քաղաքի այլեւայլ շրջաններուն մէջ, որոնց վերջին շրջանի յաճախակի դառնալը կը սկսի մտահոգել մեզ, աւելի եւս տաքցնելով Հալէպի տապը:

Առաջ, ամառնամուտին կը սկսէին Հալէպ գալ հին հալէպցիները, որոնք որպէս պանդուխտներ գացած էին արաբական ծոցի երկիրներ: Անոնք կու գային նորագոյն ինքնաշարժերով, ամուրի երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար յարմար աղջիկ մը կ’ընտրէր, որուն հետ կ’ամուսնանար մինչեւ ամրան վերջը եւ երջանիկ հարսը կ’աւելցնէր հայ պանդուխտներուն թիւը: Այս օրերուն հազուադէպ են նման ամուսնութիւնները, կ’ըսեն թէ հիմա Երեւանը դարձած է նախկին հալէպցիներուն ժամադրավայրը, հիմա, ամրան, սփիւռքահայ բազմաթիւ երիտասարդներ իրար հետ կը պսակուին հայոց մայրաքաղաքին մէջ:

Հալէպի ամրան տաքը շուտ կը սկսի, Հայաստանի մէջ ալ տաք է, կ’ըսեն, բայց յանուն ճշմարտութեան պէտք է ըսել, թէ Հայաստանի տաքերը, այնտեղի ցուրտին նման, չեն հասնիր մեզի, կարծէք մենք ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ ալ մօտէն կը հետաքրքրուինք մեր հայրենիքով. նոյնիսկ գեներալ Մանուէլ Գրիգորեանի ո՞վ ըլլալը չգիտցողներ կան, ուր մնաց անոր քաջագործութիւններէն տեղեակ ըլլան, թէեւ շատ շատ են Հայաստան պտոյտի երթալ ուզուղները, աւելի շատ են նիւթական պատճառներով իրենց ճամբորդութիւնը միշտ յաջորդ տարուան յետաձգողները. Ընդհանուր յայտարար մը կայ հալէպցիներուս համար.-Հայաստանը շատ գեղեցիկ է, Երեւանը սքանչելի, պտոյտի երթալու հոյակապ վայր մը, դուն միայն դրամէն լուր տուր… Բայց եւ այնպէս բոլորս իրաւ հարենասէրներ ենք, մեզմէ շատերուն համար կարեւոր չէ թէ հոն ո՞վ է իշխողը, կարեւորը երկրի անվատանգութիւնն է, մեզմէ ոմանց համար ամենակարեւորը Արամ Մանուկեանի արձանին տեղադրումն է, սակայն անվիճելի է որ բոլորս ալ, անկախ մեր տեղեակութեան չափէն, անկախ մեր դիրքորոշումէն, Հայաստանի լաւը կ’ուզենք, միմիայն լաւը:

Հայաստանը հանգիստ ձգենք եւ մենք մեր իւղով տապկուինք՝ մեր տաքին դիմանանք, հաշուենք թէ այսօր ո՞ր պտղատեսակը որքա՞ն արժէ, ենթադրութիւններ ընենք, թէ հինգ տարի յետոյ քանի՞ հայ մնացած պիտի ըլլայ, Հալէպի մէջ, 10 տարի ե՞տք, ե՞րբ հայերը մատներու վրայ պիտի համրուին մեր երազային քաղաքին մէջ, եւ անմիջապէս ըսենք, որ չկայ մէկ իսկ հալէպահայ որ ուզէ գաղութը վերջնականապէս պարպուած տեսնել, ընդհակառակը բոլորը պիտի ուզէին, որ գաղութը իր նախկին տեսքը ընդունէր, սակայն, աւա՜ղ, ամենալաւատեսներն իսկ 15-20 տարի ետք Հալէպի մէջ նոյնիսկ փոքրաթիւ գաղութի մը գոյութիւնը չեն համարձակիր երեւակայել:

Մինչ այդ, տաք ամառնամուտ է, եռուն եւ մենք լի ենք կենսունակութեամբ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 1 Յուլիս 2018

Մեկնաբանել