«C2C» Կինո-Շուկայ Հայաստանի Մէջ

Յուլիսի 9-էն 13 «Ոսկե ծիրան» կինոփառատoնի ընթացքին, տեղի կ’ունենայ «GAIFF Pro»ի մասնագիտական եւ խիտ ծրագիր, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սրահներէն ներս, որ ծրագրի գործընկերներէն մէկն է:

«GIAFF Pro»ն կինոարտադրութեան ոլորտի զարգացման նորարական հարթակ է, ամբողջ տարուայ ընթացքին կինո-ոլորտի երիտասարդ կամ սկսնակ ներկայացուցիչներուն, նաեւ մասնագէտներուն համար կ’իրականացնէ կինոյի զարգացման ուղղութեամբ դասընթացքներ, կլոր սեղան քննարկումներ, կինո-ժառանգութեան պահպաման ուղղուած ծրագիրներ:

Մեկնաբանել