Հալէպ-Երեւան․ Գեղեցիկ, Մշուշոտ Հեքիաթ

-Պիտի երթա՞ս, այս տարի ես պիտի չկրնամ երթալ…

-Մենք ընտանեօք պիտի երթանք: Մէկ–երկու ամիս տեւող այս եւ նման խսակցութիւններէն ետք ամառը կու գայ եւ գացողները կարգով կ’երթան չգացողներն ալ գացողներուն աչքերով կը տեսնեն Հայաստանը, ամբողջ ամառը կ’ապրին հայրենիքին, աւելի ճիշդ՝ հայրենիք գացածներուն հետ:

Ճամբորդութիւնը կը սկսի «Շուտով պիտի գամ», «Գալ շաբաթ կը տեսնուինք» եւայլնով: Յետոյ՝ Զուարթնոց օդակայան եւ …

– «… Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ…»

-Ողջո՛յն Հայաստան…

-Ողջոյն արեւահա՛մ Հայաստանէն…

-Սէ՜րս, վերջապէս հասայ քեզի….

Այս եւ նման նախադասութիւնները կ’աւետեն մեր բարեկամներուն Հայաստան հասնիլը: Կարօտցած են անոնք իրենց հայրենիքը. հայու անյագ կարօտի խօսքեր՝ հոգիէն եկած այլեւայլ անկեղծ արտայայտութիւններ կը գրուին դիմատետրի էջերուն վրայ:

Դուրսէն ադձագանգները կ’ըլլան միանման.

-Երանի ձեզի…

-Երանի ձեր աչքերուն…

Ճշմարտութիւնը այն է, որ սփիւռքահայը մշտական կարօտի զգացում ունի հանդէպ Հայաստանը, անկախ անկէ թէ քանի՞ անգամ գացած է Հայաստան կամ որքա՞ն ժամանակով:

Այս իրականութիւնը ընդունելի է եւ յարգանքի արժանի:

Երկրորդ օրէն սկսեալ սփիւռքահայերը կը սկսին դիմատետրի վրայ արձանագրել:

-Արարատը մեր պատշգամէն…

-Ես հրապարակին մէջ (անշուշտ առանց նշելու հրապարակին անունը)…

Գառնի… Գեղարդ… Սեւանայ Լիճ… Աղուերան… եւայլն, եւայլն….

Ու բազմաթիւ նկարներ այս գեղատեսիլ վայրերէն: Անշուշտ հազուադէպօրէն նկարուած կ’ըլլան օրինակ՝ մատենադարանին առջեւ…

Սակայն ամենաշատ նկարները սրճարաններն ու ճաշարանները ցոլացնողները կ’ըլլան, իսկ կարօտ բուրող գրութիւններն ու մեկնաբանութիւնները զարգացում կ’ապրին.

-UNION

-REUNION

-Վերջապէս վեց տարի ետք ընկերներով…

-Հին դասընկերները՝ հինգ տարի ետք…

-Հաճելի ժամանց հարազատներով (այսինչ կամ այնինչ) ճաշարանին մէջ…

-Ես եւ այսինչը, այնինչը եւ այնինչները….

Դուրսէն արձագանգները չեն ուշանար.

-Բարի վայելում…

-Անուշ ըլլայ…

Եւ այսպէս՝ տասնեակ մեկնաբանութիւններ եւ հարիւրաւոր LIKE-եր կամ սրտիկներ:

Երկու, երեք, չորս, հինգ կամ աւելի շաբաթներ կ’անցնին ու գագողները կը սկսին վերադառնալ ու դարձեալ նկարներ ճաշարաններէն, սրճարաններէն, հրապարակներէն..

-Երեւանեան վերջին գիշեր…

-Գալ տարի դարձեալ կը տեսնուինք…

Այս ամէն ինչին հետ նաեւ անպայման օրական մի քանի կենդանի նկարահանումներ՝ Live video-ներ՝ պարային տեսարաններ:

Ուրա՜խ՝ ուրա՛խ ժամանց…

Կը վերադառնան:

Կը վերադառնան սքանչելի տպաւորութիւններով:

-Ինչպէ՞ս է Հայաստանը,- կը հարցնեն վերադարձողներուն հոս մնացողները:

-Շատ գեղեցիկ, աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ երկիրն է մեր Հայաստանը, դուն միայն դրամէն լուր տուր,- անկեղծօրէն կը պատասխանեն վերադարձողները:

-Ի՞նչ կայ, չկայ, պատմէ՛ գիտնանք, թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ Հայաստանի մէջ:

-Շատ ուրախ ժամանակ անցուցինք, հօրեղբօրս տղաքը արդէն լաւ դրամ կը շահին… ամէն Հալէպը հոն էր՝ Գանատայէն քեռիիս աղջիկն ալ եկած էր, Ամերիկայէն… Հոլանտայէն… Շուէտէն…. ամէն Հալէպը հոն էր…

Այս ամէնը թէեւ ընդհանրապէս Հայաստան այցելող սփիւռքահայերուն կը վերաբերին, սակայն մասնաւորապէս Հալէպահայերունն են: Հալէպահայերն են որ հարազատներ ունին Հայաստանի մէջ, Հալէպահայերն են որ ցրուած են աշխարհով մէկ եւ ահա ամառները կու գան հայրենիք՝ իրար հանդիպելու ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ՝:

Նախկին եւ ներկայի Հալէպահայերը Երեւանի մէջ իրար կը հանդիպին Հալէպի մէջ հանդիպած ըլլալու պէս:

Քիչ մը տարբեր են Հայաստան այցելող մտաւորականներուն նկարներն ու գրառումները. Այս խաւը կը նկարուի գրողներու հետ, խումբ մը սփիւռքահայ այլ մտաւորականներու ընկերակցութեամբ՝ նախարարներու հետ: Այս խաւին իւրայատուկ է սքանչացումը իրենց հետ շփում ունեցած պատասխանատուներուն հանդէպ, այս խաւին գրառումներուն մէջ յատկանշական են նաեւ հայրենասիրութիւն արտայայտող ջերմ, շա՜տ ջերմ խօսքերը.

-Իմ չքնաղ երկիր Նայիրի, -Իմ միակ հայրենիք, Սեւանս-Վանս, Երեւան-Անիս…

Ծննդավայրս՝ Հալէպ, հայրենիքս՝ Հայաստան…

Հալէպահայերը կը սիրեն Հայաստանը, Հալէպահայերը միշտ կ’երազեն Հայաստանը, կ’ուզեն Հայաստանի մէջ ապրիլ: Դրամ կը հաւաքեն, երկու ժամ օդանաւային ճամբորդութեան համար 10-12 ժամ ինքնաշարժով տաժանակիր ճամբայ կը կտրեն, երբեմն օդանաւի ժամին յարմարելու համար մէկ օր առաջ ճամբայ կ’ելլեն, Երեւան գտնուելու ընթացքին իսկ կը կարօտնան Հայաստանը, մէկ ամիս ետք կը վերադառնան ու … տարօրինակն այն է որ ինչ ալ հարցնես Հայաստանի մասին, չեն կրնար պատասխանել, կարծէք թէ Հայաստան գացած չըլլան, կարծէք թէ հին Հալէպի ամառնային օրերէն շրջան մը ապրած ըլլան, երբ աշխարհի չորս կողմերէն Հալէպ կու գային նախկին Հալէպահայերը, օրերը կ’անցնէին սրճարաններու մէջ, հարսանիքներ ու հարսանեկան ճոխ խրախճանքներ տեղի կ’ունենային…

Իսկ Հիմա, հիմա.

-Երեւանի մէջ երեք հարսնիք ունինք այս ամառ:

Գէ՞շ է: Բնական չէ՞ այն որ մարդիկ այնքան դրամ ծախսելէն ետք ուրախանալ ուզեն, պտտիլ ուզեն, ուտել-խմել ուզեն:

Գէշ չէ, անշո՛ւշտ գէշ չէ, լաւ է, շա՛տ լաւ, բայց Հայաստանն ալ միայն ճաշարան չէ, միայն պտտելու վայր չէ, նաեւ հայրենիք է…

Զարմանալի չէ՞, հայ չե՞նք, եթէ Հայաստան գացած ենք, չե՞նք կրնար քիչ մըն ալ տեղացիին հետ շփուիլ, Հայաստանի մէջ Հայաստանցի չկա՞յ, բոլորը Հալէպահայե՞ր են՝ Հայաստան հաստատուած եւ աշխարհի չորս կողմէն իրար տեսնելու, իրարմէ կարօտնին առնելու Հայաստան այցելող Հալէպահայե՞ր:

Տարօրինակ է շատ տարօրինակ. ընդգծուած, աչք ծակող ընդգծուածութեամբ կը նշմարուի սփիւռքահայուն (իմա Հալէպահայուն) հեռու մնալը Հայաստանցիէն: Սփիւռքահայը իր մականունը լատինատառ կը գրէ եան-ian-ով, իսկ Հայաստանցին (նախկինն ալ) յան-yan-ով…. Ու ես Երեւան այցելած Հալէպահայերու, դիմատետրի էջերուն վրայ տեղադրած նկարներուն մէջ գտնուողներուն անուններուն մէջ յուսահատօրէն yan մը կը փնտռեմ ու չեմ գտներ:

Տարօրինակ կը գտնեմ նաեւ, այն որ Հայաստան հաստատուած Հալէպահայերն ալ բացարձակ մեծամասնութեամբ հեռու կը մնան Հայաստանցիէն, Հայաստանի մէջ ապրելով, անոնց յարաբերութիւնները կը սահմանափակուին գործի բնոյթի կապերով, նոյնիսկ դրացիներուն հետ կարելի եղածին չափ քիչ կը յարաբերին, կը նախընտրեն քիլոմեթրեր հեռու բնակութիւն հաստատած նախկին Հալէպահայու մը այցելութիւն տալ քան նոյն շէնքի, նոյն յարկի դրացիին…

Թերեւս կը չափազանցե՞մ:

Թերեւս: Երանի:

Տարօրինակ է, անընդունելի:

Այսպէս եղած է տասնամեակներ. Խորհրդային տարիներուն սփիւռքահայ ուսանողներն շատ քիչեր սերտ յարաբերութիւններ մշակած են տեղացի դասընկերներու հետ, թէեւ նշելի է որ տղոցմէ ոմանք ամուսնացաած են Հայաստանցի աղջիկներու հետ:

Այսպէս եղած է տասնամեակներ, երբ հայրենադարձները օտար եւ օտարուած մնացած են, տեղացիի աղջիկ չեն տուած, շատ քիչ տեղացի աղջիկներ հարս բերած են իրենց տուն:

Հիմա անընդունելի է այս անբնական վիճակը: Ո՞վ պիտի քանդէ այս արհեստական հոգեւոր պատը:

Անշո՛ւշտ մենք բոլորս:

Ինչպէ՞ս: Պարզապէս իրար հետ հաղորդակցուելով, իրար միջեւ մարդկային սովորական կապեր հաստատելով, զիրար աւելի լաւ ճանչնալով, չէ՞ որ երկու «կողմերն» ալ իրար մասին աւելի շատ լա՛ւ կարծիք ունեն քան թէ գէշ, չէ՞ որ կողմեր չենք այլ մէ՛կ հաւաքականութիւն:

Համաձայն չէ՞ք: Վստահ եմ՝ համաձայն էք:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 10 Օգոստոս 2018

Մեկնաբանել