Հալէպ․ Անկախութեան Տօն

Մինչեւ Հայաստանի անկախութիւնը Հալէպի մէջ որպէս ազգային տօն ոմանք Նոյեմբերի 29-ն կը նշէին, ոմանք ալ Մայիսի 28-ը, թէեւ այս տարի բոլորն ալ առանձին-առանձին եւ միասնաբար նշեցին հայկական Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակը:

Հիմա Նոյեմբերի 29-ն մոռցուած է:

Այս 27 տարիներու ընթացքին, Հայաստանի հանրապետութեան Անկախութեան տօնը այնքան ալ փառաշուք կերպով չէ նշուած Հալէպի մէջ. դպրոցներու մէջ հայերէնի դասապահի ընթացքին միայն, այն ալ ոչ միշտ, ուսուցիչը թեթեւ ակնարկով մը անդրադարձած է Սեպտեմբեր 21-ին:

Այս տարի քիչ մը տարբեր էր: Կարգ մը դպրոցներ տօնեցին Անկախութեան տօնը, նոյնիսկ մանկապարտէզներու մէջ մեր մանուկները ձեռքերնին կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն գոյնի դրօշակներ, իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութամբ, հայկական ազգային երգերու հնչիւններու տակ շուրջպար բռնեցին, եւ, անշո՛ւշտ, տեսաերիզները ֆէյսպուքի միջոցով տարածեցին:

Կարգ մը կազմակերպութիւններ նշելով Սեպտեմբեր 21-ի տօնակատարութիւնը քանիցս ընդգծեցին, թէ այն վերանկախացման տօնն է: Չեմ կարծեր որ նորագոյն մեր Անկախութեան իմաստն ու արժէքը որեւէ ձեւով կը նսեմանան վերանկախացում յորջորջումով:

Բարեբախտաբար Հալէպի մէջ կայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը, որ սկսած է գործել անկախութենէն անմիջապէս ետք, նախ Վիլլաներ հայկական թաղամասի հայու մը կողմէ տրամադրուած բնակարանի մը մէջ, ապա Հայ Աւետարանական համայնքի տրամադրած ընդարձակ տարածքի մը վրայ գտնուող հսկայ շնքի մը մէջ:

Իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին հիւպատոսարանը արժանաւորապէս նշած է մեր անկախութեան տօնը հրաւիրելով Հալէպի մէջ գործող բազմաթիւ հիւպատոսներ, պետական գործիչներ եւ բնականաբար մեծ թիւով հայ եկեղեցականներ, միութենականներ եւ անհատներ: Ամէնամեայ տօնախմբութիւնները տեղի ունեցած են հիւպատոսարանի ընդարձակ բակին մէջ. ներկաները հիւրասիրուած են ալքոհոլային եւ ոչ ալքոհոլային, հայկական եւ ոչ հայկական խմիչքներով: Երկու ժամ տեւող հրաւէրի ընթացքին հազուադէպ եղած են խօսք առնողները: ներկաները ուտելով եւ խմելով շատ լաւ ժամանակ անցուցած են, երբեմն նոյնիսկ մոռնալով թէ ինչո՞ւ հաւաքուած են:

Տագնապէն առաջ, եթէ չհաղուենքՎարդանանքն ու Ապրիլ 24-ը, Հայաստանի հիւպատոսարանը այն միակ վայրը եղած է, ուր միաժամանակ ներկայ գտնուած են հալէպահայ բոլոր հոսանքները: Թերեւս տագնապէն ետքն ալ նոյնը պիտի ըլլայ:

Սփյուռքի նախարարը հայկական Նոր Գիւղի մէջ Հայաստանի անկախութեան տօնը նշուած է նաեւ տագնապի այս տարիներուն, ի բացակայութիւն օտար հիւպատոսներու, որովհետեւ մեր երկրի հիւատոսարանը միակն էր որ չուզեց լքել Հալէպը անցնող այս եօթը տարիներու ընթացքին եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները բառի ամենալայն իմաստով կիսեցին հալէպահայոց բոլոր դժուարութիւններն ու ցաւերը:

Այս տարի տարբեր էր, ըսի. Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոսարանը փառաշուք կերպով նշեց Անկախութեան տօնը, որուն յատուկ փայլ տուաւ ներկայութիւնը հայրենի երկրի Սփիւռքի նախարարին:

Թէ՛ պարոն նախարարը, թէ՛ պարոն գլխաւոր հիւպատոսը շեշտեցին Հայաստանի անկախութիւնը, Հայաստանի քաղաքացիներուն արդար հպարտութիւնը, երկուքն ալ շեշտեցին նաեւ Սուրիոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը՝ Ցեղասպանութենէն ետք այս երկրին, մեր ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած մարդասիրական դիրքորոշումին հանդէպ, բարեբախտաբար անոնք շեշտեցին նաեւ այն, որ հայկական գաղութը իր կարգին շատ բան տուած է ասպնջական այս երկրին:

Ես հաւատացի պարոն նախարարին հետեւեալ խօսքին. «Սիրելի՛ սուրիահայեր, դո՛ւք էք խորհրդանիշը երկկողմանի եղբայրական մեր յարաբերութիւններուն»:

Այսինքն եթէ Հայաստանը Սուրիոյ հետ բարեկամ երկիր է, ապա նաեւ այն պատճառաւ որ մեր այստեղ գոյութեամբ մտահոգ է, միւս կողմէ նշեմ որ քանիցս Սուրիոյ ամենաբարձր պաշտօնատար անձիք Հայաստանի նախկին նախագահներուն ուղղած իրենց խօսքերուն մէջ շեշտած են այն, որ Հայաստանի հետ իրենց բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ մեծ դեր ունին սուրիահայերու այս երկրին հանդէպ հաւատարմութիւնն ու անոնց աշխատասարիութիւնը: Հաւատացի նաեւ պարոն գլխաւոր հիւպաոսի խօսքին՝ «Հայ ժողովուրդին ամենամեծ սրբավայրը Տէր Զօրն է:», եւ թէ Հայաստանի հանրապետութիւնը չփակեց իր դիւանագիտական գրասենեակներու դռները, ապա ոչ միայն որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն այլ նաեւ սուրիահայ գաղութի ապահովութեան մտահոգութեամբ: Բոլորս գիտենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետը մեր անվտանգութեան համար ամէն ինչ ընելու պատրաստակամութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն, այս մասին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Փուչիկներով եռագոյն Ուրեմն մեր գաղութի ապահովութիւնը Հայաստանի համար գերխնդիր է, այնպէս ինչպէս հայաստանցիինը կամ արցախահայինը:

Կարծէք թէ մեր գոյութիւնը ոչ միայն որպէս հայ անհատներ էական նշանակութիւն ունի մեր հայրենի պետականութեան համար այլ նաեւ որպէս հաւաքական ներկայութիւն, այսինքն որպէս գաղութ նաեւ կարեւոր դեր ունի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան համար, չէ՞ որ մենք ենք «խորհրդանիշը երկկողմանի եղբայրական մեր յարաբերութիւններուն»:

Նշեշինք որ Անկախութեան տօնի ամէնէն ուշագրաւ իրրադարձութիւնը Սփիւռքի նախարարին ներկայութիւնն էր, որն Նոր Գիւղ իր այցելութեամբ, իր անմիջական խօսքով, Հիւպատոսանի մէջ ներկաներուն հետ բարեկամական զրոյցներով, մաքուր հայերէնով եւ իր հետ մօտիկէն շփուողներու վկայութեամբ՝ խելացիութեամբ շահեցաւ համակրութիւնը ոչ միայն տօնակատարութեան 400 հրաւիրեալներուն (իրականութեան մէջ 500 ներկաներ կային) այլ ամբողջ հալէպահայութեան:

Այս տարի անկախութեան տօնը յատուկ էր նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար. Առաջնորդ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ «կարգ Հանրապետական», դպրաց դասի կողմէ արարողութեան ընթացքին երգուեցաւ Հայաստանի օրհներգը. փաստօրէն մեր քայլերգն ու մեր հանրապետութիւնը սրբութիւններ են մեր եկեղեցւոյն համար…

Եզրակացութիւն.- Գաղութը պէտք է մնայ, գաղութին ապահովութիւնը կ’երաշխաւորէ մեր պետութիւնը՝ հայրենի պետականութիւնը: Միւս կողմէ մեր աչքերը սեւեռած պէտք է մնան Հայաստանին, օր մը հոն հաստատուելու բաղձանքով… մինչեպ ե՞րբ:

Ո՞վ պիտի որոշէ գաղութին ճակատագիրը, թէ՞ ամէն ինչ պիտի շարունակուի նախկինին

նման, առանց հաւաքական որեւէ որոշումի, առանց հաւաքականութեան մասին որեւէ որոշումի, ամէն մարդ իր գլխուն ճարին պիտի նայի: Մինչ իրականութիւնը այն է որ մեր հոս գոյութիւնը անցանկալի դարձած է նոյնիսկ հոս մնացողներուս համար, մինչ Հայաստան երթալ ուզելով հանդերձ, օտար երկիրներ գացողներուն թիւը աւելի շատ է:

Մեծ է թիւը ըսողներուն.

-Օր մը Հալէպը կրնայ լաւ ըլլալ, բայց ոչ հայերուն համար:

-Հալէպը մեզի համար վերջացած է…

Այսպէս կը մտածեն նոյնիսկ բարձրաձայն «Պէտք է մնանք» ըսող ղեկավարներէն շատ շատեր:

Քիչ չէ թիւը նաեւ ըսողներուն.

-Եթէ միայն Հայաստանը քիչ մը լաւ ըլլար…

-Եթէ Հայաստանի մէջ տուն մը ունենայինք…

-Եթէ Հայաստանի մէջ լաւ գործ ունենայինք…

Ու այսպէս ժամանակը կ’անցնի ու գաղութը աւելի ու աւելի կը նօսրանայ.

-Դուք բոլորդ հերոսներ էք,- ըսաւ մեզի հայենիքէն մեզի այցի եկող նախարարը:

Իրականութեան մէջ մենք հերոսներ չենք, մենք հոս մնացինք անկախ մեր կամքէն, հնարաւորութիւն չունենալով որեւէ երկիր գաղթել, եւ դիմացանք դարձեալ անկախ մեզմէ, ստիպողաբար:

Ստիպողաբար գործողները հերոսնե՞ր են:

Այսօր այսքանը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ 28 Սեպտեմբեր 2018

Մեկնաբանել