Նամակ Երկրէն․ Մեծն Ազնաւուրի Կտակը

When love is no longer served

One must leave the table

Հանրապետական կուսակցութիւնը և անոր ենթակայ ուժերը երկու տարի առաջ մեծ խարդախութիւններով Սերժ Սարգսեանի հագով պատրաստուած Սահմանադրութիւն պարտադրեցին ժողովուրդին։

Հիմա ՀՀԿ-ն և լծակիցները դաւադիր ու դարանակալ միջոցներով օրէնք մշակեցին ու անցուցին՝ իբրև թէ իրենց շա՜տ լաւ մշակած Սահմանադրութիւնը պաշտպանելու։ Իրա՞ւ, երկու տարի առաջ ու՞ր էիք, ինչու՞ այս օրէնքը չէիք ներարած Սահմանադրութեան մէջ։ Սերժը արգիլա՞ծ էր…

Ի դէպ, կ’արժէ յիշել, որ այս նոյն ուժերը դաշնակցած եւ կոալիցիոն կառավարութիւն կազմած էին թէ՛ Ռ. Քոչարեանի ու թէ Սերժ Սարգսեանի օրերուն։ Այդ տարիներուն երկու անգամ Սահմանադրութիւն փոխեցին, բայց ոչ մէկ բան փոխուեցաւ երկրի մէջ տիրող թալանէն, կոռուպցիայէն ու անարդարութիւններէն։ Միակ բանը որ դէպի լաւ փոխուեցաւ՝ իրենց դամատան հաշիւներն ու կենսամակարդակն էր:

Այսօր, նոյն այս ուժերը դարձեալ ձեռք ձեռքի տուած են, երկիրը փրկելու մեծամիտ հաւակնոտութեամբ։

Իսկ այսօր ինչէ՞ն պիտի փրկեն երկիրը։ Գոյութիւն չունեցող թալանէ՞, կոռուպցիայէ՞, մոնոբոլիաներէ՞, ընտրազեղծարարութիւններէ՞…

Իսկ ո՞վ կրնայ հիմա պնդել, որ այսօր պետպիւտճէի թալան կայ Հայաստանի մէջ, ո՞վ կրնայ համոզել, որ ընտրազեղծումներ կան Հայաստանի մէջ, ո՞վ կրնայ փաստել, որ կոռուպցիայի դէմ լուրջ պայքար չկայ Հայաստանի մէջ։

Մինչև հիմա ի՞նչ փրկած էիք, որ այսօր երկիրը փրկելու ելած եք, պարոնայք ՀՀԿականներ և լծակից ուժեր։ Արդէն մանկապարտէզի երեխան ալ գիտէ, որ դուք ընդամէնը կ’ուզէք փրկել ձեր քաղաքական ասպարէզը, կարիերան:

Բայց դուք պէտք է միայն ձեր սեփական վարկանիշը փրկելու մասին մտածէք։ Մտածեցէք ձեր գործած սխալին ու ճիշդին մասին։ Սրբագրեցէ՛ք սխալները, շարունակեցէք ճիշդը։ Այդ ատեն միայն կրնաք ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ և մասնակից ըլլալ ապագայ քաղաքական պրոցեսներուն։

Այլապէս, դաւադիր ու խարդախ, գաղտնի ձևերով օրէնք մշակելն ու անցընելը ոչ միայն երկիրն ու Սահմանադրութիւնը պիտի չփրկէ, այլ ձեզի՛ պիտի չազատէ ժողովուրդի զայրոյթէն ու բարկութենէն։

Իսկ հիմա, այս օրեհրուն, ինչպէ՞ս մոռնալ Շառլ Ազնաւորի կտակը: Իրապէս, ի՜նչ խորհրդանշական է Մեծն Շառլ Ազնաւուրի երգի հետևեալ խօսքերը.

Il faut savoir quitter la table
Lorsque l’amour est desservi

Այլ խօսքով՝

When love is no longer served
One must leave the table

Երբ այլևս սէր չի մատուցուիր
պէտք է հեռանալ սեղանէն…

67 հանճարե՜ղ պատգամաւորներ և իրենց նոյնքան իմաստու՜ն ղեկավարները երևի չեն լսած Ազնաւուրի այս հրաշալի երգը։

Տիկնայք և պարոնայք ՀՀԿականներ և լծակից ուժեր, կոյր մի ձեւանաք, Ինքնախաբէութեամբ մի՛ զբաղուիք: Կը տեսնեք արդէն, որ քաղաքական սեղանին վրայ ժողովուրդը ձեզ ոչ մէկ կաթիլ սէր ունի մատուցելիք։ Մի՛ բռնանաք ժողովուրդի կամքին վրայ։ Կամովին հեռացէք սեղանէն, եթէ չէք ուզէր յաւելեալ ատելութեամբ ու զայրոյթով այլ բան սպասարկուիլ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել