Քաղաքացին Գերագոյն Արժէք է, Լսող Կա՞յ

Նամակ երկրէն

Մենք ծայրայեղութիւններ սիրող ժողովուրդ ենք։ Դիւանագիտական խաղերն ու քաղաքական ինթրիկները խորթ են մեզի համար։ Մեր մօտ ամէն ինչ յստակ սահմանագծուած է։ Սահմանին կամ այս կողմն ենք, կամ՝ այն կողմ։ Կա՛մ դէմ ենք, կամ կողմ։ Կա՛մ սեւ ենք, կամ ճերմակ։ Կա՛մ թշնամի ենք, կամ հարազատ։ Կա՛մ սիրող ենք, կամ ատող։ Կա՛մ ստրուկ ենք, կամ ճորտատէր։ Կա՛մ ճիշդ ենք, կամ սխալ։ Մէկ ծայրայեղութենէն միւսին անցնիլը շատ աւելի դիւրին է մեզի համար, քան կանաչ լույսի տակ հանգիստ փողոցին մէկ կողմէն միւս կողմը անցնիլը։ Մէջտեղը տեղ մը մեզի համար շատ դժուար է հանդիպիլը։ Ոսկեայ միջին հասկացողութիւնը մեզի համար ստեղծուած չէ, մեր բառարանին մէջ գոյութիւն չունի։

Հիմա օրինակ, Հայաստանի ու նաեւ Սփիւռքի մէջ, նոյն հոգեբանութեամբ կը շարժինք՝ թէ՛ իբրեւ անհատ ու թէ իբրեւ կազմակերպուած հաւաքականութիւն։ Շատերու համար՝ կա՛մ Նիկոլ Փաշինեանին հետ ենք, կամ Փաշինեանի դէմ։ Կա՛մ յեղափոխական ենք, կամ՝ հակայեղափոխական։ Նիկոլին կա՛մ կը քննադատենք, կամ կը փառափանենք։ Ուրիշներու համար՝ կամ դաշնակցական ենք, կամ հակադաշնակցական, ՀՀԿի կա՛մ դէմ ենք կամ ՀՀկի հետ: Կա՛մ իրենց հետ ենք, կամ իրենց դէմ։ Եթէ կառավարութեան քննադատեցիր՝ ուրեմն հակայեղափոխական ես, եթէ Նիկոլ Փաշինեանի ինչ որ կարծիքին համաձայն չես՝ ուրեմն Փաշինեանի դէմ ես։ Այլ պարագաներու՝ եթէ Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը ձախող համարեցիր՝ ուրեմն հակադաշնակցական ես, եթէ կուսակցութեան երիտասարդականացման կամ արդիականացման մասին խօսեցար՝ ուրեմն գենետիկապէս հակակուսակցական ես…

Ես ինքս Նիկոլի ղեկավարած ժողովրդային շարժումին ոչ միայն կողմ եմ, այլեւ՝ մասնակից, հազարաւոր այլ քաղաքացիներու նման։ Պայքարած եմ հին ռեժիմին դէմ եւ կը հաւատամ, որ ո՛չ հին ռեժիմը, ոչ ալ անոր մեղքերը թաքցնող՝ ՀՀԿի լծակից քաղաքական խմբաւորումները արդարանալու տեղ ունէին այլեւս։ Հին ռեժիմի ձախողութեան եւ ազգավնաս գործունէութեան վկան նոյնինքն ժողովրդային պոռթկումն է, որուն անխուսափելիութեան մասին բազմիցս ազդարարած էինք տարբեր բեմերէ ու այլազան հանդիպումներու ընթացքին։ Յեղափոխութիւնը դուրսէն պատուիրուած ըլլալու յիմարաբանութիւններուն կարեւորութիւն տուող չկայ այլեւս։ Ձեզի՛ պահեցէք։ Յեղափոխութիւնը անխուսափելի էր եւ ես՝ էի ու կը մնամ աջակից շարժումը առաջնորդած Նիկոլ Փաշինեանին, իր ղեկավարած երեկի ազգային համաձայնական կամ այսօրուայ կառավարութեան։ Աջակից եմ ու պիտի պայքարիմ մինչեւ վերջ՝ յեղափոխութեան նպատակներու իրագործման համար։ Ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, պետութիւնը թալանած եւ անմեղ քաղաքացիներու արիւնը թափած հին ու նոր բոլոր յանցագործերու բացայայտում եւ պատժում, արդարադատական իսկապէս անկախ համակարգ, կոռուպցիայի ամբողջական վերացում, ազատ քաղաքացիի օրէնքի ուժով պաշտպանուածութիւն եւ իրաւունքներու ամբողջական յարգում. ահաւասիկ յեղափոխութեան նպատակները, որոնց իրագործման համար պէտք չէ խնայել ճիգ ու քրտինք։ Յեղափոխութիւնը յաջողութեամբ

իրագործուած կ՚ըլլայ միայն այն ատեն, երբ ամբողջութեամբ իրագործուին վերոնշեալ նպատակները։
Ըսի, որ ամբողջութեամբ կողմ եմ յեղափոխութեան ու աջակից՝ ներկայ իշխանութիւններուն: Բայց կողմ ըլլալ չի նշանակեր անձնական կարծիք չունենալ, վրիպումներու մասին չբարձրաձայնել, այս կամ այն թերի գործը, սխալ որոշումը քննարկման սեղանի վրայ չդնել կամ չքննադատել։ Քննադատաբար անդրադարձած եմ, օրինակ, որոշ նախարարներու յայտարարութիւններուն կամ առած քայլերուն, վարչապետի որոշ նշանակումներուն, եւայլն։ Գնահատականով արտայայտուած եմ իմ դատողութեամբ դրական քայլերու, քաղաքական նախաձեռնութիւններու թէ այլ որոշումներու մասին։ Ընդունելով հանդերձ նախկինները կառավարման համակարգէն դուրս չքշելու քաղաքականութիւնը, չեմ կրնար ընդունիլ, օրինակ, վատահամբաւ նախկին ոստիկանապետի մը մարզպետ նշանակումը։ Քննադատած եմ թէ՛ բացայայտ եւ թէ անհատական հանդիպումներու ընթացքին եւ բարեբախտաբար՝ թշնամիի պատմուճան չեն հագցուցած ինծի։

Կառավարութեան մը, շարժումի մը կամ կուսակցութեան մը կողմնակից ըլլալ չի նշանակեր փակել աչքերը, բերանները եւ ականջները եւ ընդունիլ ամէն տեսակի յիմար որոշում կամ սխալ քաղաքականութիւն։ Կառավարութիւններն ալ, կուսակցութիւններն ալ՝ 127 տարեկան, 27 տարեկան կամ 7 տարեկան ըլլան անոնք, մարդոցմէ կազմուած հաւաքականութիւններ են եւ ուրեմն մարդոց նման սխալական են եւ կրնան սայթաքիլ իրենց գործունէութեան ընթացքին։

Սխալը մատնանշելը եւ ճիշդը գնահատելը իւրաքանչիւր համակիրի, դիտորդի կամ թէկուզ սովորական քաղաքացիի քաղաքացիակա՛ն պարտականութիւնն է ամէն բանէ առաջ։ Ի վերջոյ, թէ՛ կառավարութիւնները, թէ կուսակցութիւնները նախ եւ առաջ քաղաքացիին շահերը պաշտպանելու համար ստեղծուած են։ Հայրենիքը հայրենիք է իր գիտակից քաղաքացիով, պետութիւնը ուժեղ է իր ստեղծագործ եւ արարող քաղաքացիով, բանակը հզօր է իր անձնուրաց քաղաքացիով։ Կառավարութիւններն ալ, կուսակցութիւններն ալ, հաշուետու են նախ եւ առաջ ու միա՛յն իրենց քաղաքացիներուն, ուրիշ ոչ ոքի։

Եթէ որեւէ կառավարութիւն, կամ հին թէ նոր կուսակցութիւն՝ ականջալուր չըլլար իր քաղաքացիներու պահանջներուն, չի բաւարարեր անոնց ակնկալութիւնները, չի լսեր անոնց քննադատութիւններն ու գնահատականները, ապա ինքզինք կը մեկուսացնէ հասարակութենէն եւ կը շպրտուի լուսանցքի վրայ։ Ի վերջոյ, պետութեան մը գերագոյն արժեքը իր քաղաքացին է, ոչ թէ հարեւան երկրի ղեկավարը կամ արտասահման ապրող ու միեւնոյն կրօնքը կամ լեզուն ունեցող անհատը։

Ժամանակն է, որ հայկական իրականութեան մէջ գործող քաղաքական ուժերը հասկնան, որ քննադատաբար արտայատուող քաղաքացիները «հակա» չեն, թշնամի չեն, «մեզմէ չէ ուրեմն մեր դէմն է» չեն։ Նոյն այդ քաղաքացիները այս երկրի սահմանները պահող զինուորներն են, անոնց ծնողները, քոյրերն ու եղայրներն են։ Այս պետութիւնը պահողնե՛րն են քաղաքացիները, որոնք ամէն իրաւունք ունին պահանջատէր ըլլալու այս հողին վրայ գործող քաղաքական բոլո՛ր ուժերէն անխտիր։

Ժամանակն է հասկնալու, որ առանց հայ քաղաքացիին հետ բաց եւ անկեղծ երկխօսութեան, առանց այդ հայ քաղաքացիի բազկերակի իւրաքանչիւր զարկը լսելուն ու հասկնալուն, հայ քաղաքական որեւէ ուժ չի կրնար արմատ նետել հայաստանեան իրականութեան մէջ։ Ժամանակն է հասկնալու, բայց հասկցող կա՞յ։

Յուսանք որ այո՛։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
[email protected]

Մեկնաբանել