Երեւանը Կը Վազէ Յանուն Բարեգործութեան

Արդէն աւանդոյթ դարձած Երեւանի կէս-մարաթոնը, այս տարի 21 Հոկտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ մարաթոն։ Նախկին 21.1 քմ-ի փոխարէն այս անգամ վազեցին 42.2 քմ։ «Արմ Մարաթոն» Հիմնադրամը տարիներ շարունակ (2015-էն սկսած) Հայաստանի մէջ կը կազմակերպէ վազքի միջոցառումներ։ ՍիվիլՆեթի՝ Ռիթա Մանճիկեանին, մարաթոնին մասին պատմեց «Արմ Մարաթոն» Հիմնադրամի Խորհուրդի Նախագահ՝ Անահիտ Ադամյանը։

Հիմնադրամը վազքի միջոցառումներով կ՚աջակցի բարեգործութեան, Հայաստանի մէջ առողջ ապրելակերպի խրախուսման։ Նպատակներէն է նաեւ նպաստել Հայաստանի մարզական զբօսաշրջութեան զարգացումին։

Մեկնաբանել